Արխիւ
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» համաժողովը եզրափակուեցաւ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Լեզուի հարցը մեր ազգի գերխնդիրն է այսօր, եթէ լեզուն տկար վիճակի մէջ է, ապա մենք ենք յանցաւորը, հայերէնը մեր լեզուն է ու մենք պէտք է ըլլանք անոր պահապանը»:
Տնտեսական աշխարհէ ներս մասնագիտական մակարդակի վրայ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի աստղը փայլիլ կը շարունակէ։ Տնտեսութեան ոլորտէ ներս հրապարակած հետազօտութիւններով ծանօթ «RePec» հարթակը պատրաստեց ցուցակ մը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի ամենակարեւոր տնտեսագէտները։
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբը վաղը պիտի ուղեւորուի Երեւան։ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ Իսթանպուլի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 140 հոգիէ։
Անուանի երաժշտագէտ Աւետ Տէրտէրեանի յիշատակին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած է փառատօն մը՝ «Տէրտէրեանի ժամանակը» անուան տակ։ Գեղարքունիքի մարզի Հայավանք գիւղին մէջ կը գտնուի անոր ստեղծագործական տունը, որ միշտ իր երաժշտութեան համակիրներուն եւ մասնագէտներուն տեսակէտէ ունեցած է առանձնայատուկ նշանակութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ անկեղծ մօտեցումը եւ սիրոյ յայտնութիւնը, լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են։ Արդարեւ առանց անկե՛ղծ սիրոյ՝ մարդկային ո՛չ մէկ յարաբերութիւն արժէք կը ներկայացնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ուզեմ այսօր ձեզի ներկայացնել Աւետարանէն հատուած մը, եւ առանց որեւէ բացատրութեան հարցնել, թէ՝ շուրջ երկու հազար տարի առաջ Յիսուսի պարզած տեսարանը ո՜րքան կը պատշաճի մեր օրերուն՝ իբր թէ ա՛յսօր խօսուած ըլլային անոնք։ Սովորական երեւոյթներ, ամէնօրեայ տեսարաններ, յաճախ տեսնելու եւ ապրելու հարկադրուած իրողութիւններ՝ որոնք ամէն շրջանի, ամէն լրջախոհ անձերու ցաւ է պատճառած եւ մտահոգութեան առարկայ է դարձած։ Ուրեմն կարդանք հատուածը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Սահակեան-Լեւոն-Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը եւ իններորդ դասարանի աշակերտուհիներէն Ծովակ Քէօշկէրեանը։ Հարկ է նշել, որ այս աշակերտուհին վերջերս նուաճած էր Արարատի գագաթը։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ ահաբեկչութեան օրակարգով։ Միօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ ՃՀՓ-ական երեսփոխան Շաֆաք Փաւէյի նախագահութեամբ եւ անցաւ բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի կողմէ։ Այս առթիւ Լորան Ֆապիուս Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրը՝ Փարիզ այցելելու համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Փեքին կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի Նախագահ Շի Ճինփինկի կողմէ։ Էրտողան բարձր արարողակարգով դիմաւորուեցաւ եւ ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր քննարկումներու առարկայ են հայոց լեզուին ուղղագրութիւնը եւ երկու ճիւղերու խնդիրները:
«Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցերը» խորագրեալ համաժողովին շրջագծով ծաւալուն աշխատանք Երեւանի մէջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ոչ-իսլամ համայնքները համատեղ դիմում մը պիտի կատարեն պետական աւագանիին մօտ՝ առկախեալ ընտրութիւններու հարցին լուծման համար: Ատնան Էրթէմ արդէն պատրաստած է երեք նոր նախագիծ - Ընտրական կանոնադրութիւնը թէեւ պարզ փաստաթուղթ մըն է, սակայն կը ներկայացնէ կշիռ մը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը, մասնակցած է փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարներու սոյն խորհրդակցութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս Կիրակի Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պիտի բացուին Համահայկական 6-րդ խաղերը, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոսի 13-ը:
Պատմական խորհրդանշաններու համադրութեան եւ մերօրեայ երիտասարդութեան եռանդի եզակի խաչմերուկին վրայ…
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հինգ տարուան ընդմիջումէ մը վերջ նախընթաց երեկոյեան վերստին բեմադրուեցաւ «Ժիզել» պալէն, որ ֆրանսացի արուեստագէտ Ատոլֆ Ատանի հանրայայտ ստեղծագործութիւնն է։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Վիլեն Գալստեանի ջանքերով վերականգնուած է այս ներկայացումը։
Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այցելեցին Քազպէքի սահմանային անցակէտ:
Հայաստան-Վրաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ բեռնափոխադրումներու դիւրացման կարգադրութիւններ:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին իրենց լայնածաւալ գործողութիւնները «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Բանակը օրերէ ի վեր ծանր հարուածներ կը հասցնէ անոնց, ինչ որ անմիջականօրէն կը բնորոշէ նաեւ երկրին օրակարգը։
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ երկօրեայ համաժողով Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը առանցքային այս նիւթը քննարկելու նպատակով կը համախմբէ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնակիցներ: Առաջին անգամ կը փորձուի հայոց լեզուի երկու ճիւղերը իրարու մօտեցնել՝ ներկայ փոխադարձ ազդեցութիւններու պայմաններուն ներքեւ:
Աւելի քան երկու շաբաթ ժամանակ անցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած միւռոնօրհնութենէն ի վեր։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ արդէն վերադարձած է քաղաքս։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու։