Արխիւ
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած վերջին համերգներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս խումբը գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ իրերայաջորդ չորս իրիկնաշող համերգներով, օգտագործելով ամենաարդիական փորձագիտութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անիրաւութիւննե՜ր, անարդարութիւննե՜ր, անհաւասարութիւննե՜ր շատ անգամ կը վերագրուին դրամին, բայց ի՜նչ կրնայ ընել դրամը ինքնին, կրնա՞յ բարի ըլլալ երբ զինք գործածողը չա՛ր է, եւ մոլորած…։
Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին սկսան Ամանորի պատրաստութիւնները։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 124-րդ, Զուարթնոց երգչախումբի կազմաւորման 79-րդ եւ Հարիւր Մանկանց երգչախումբի ստեղծման 59-րդ երրեակ տարեդարձները։
Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 149-րդ տարեդարձը երէկ համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ համախմբեց Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման հանդիսութեան առթիւ ապրեցաւ պատմական շաբաթավերջ մը:
Պաշտօնական հիւրերն ու համայնքային բարերարները երախտագիտական զգացումներով մեծարուեցան՝ կրթօճախի անկիւնադարձային այս հանգրուանին:
Ազգային մեծ ժողովը երէկ ընտրեց իր նոր նախագահը։ Այսպէս, խորհրդարանէ ներս տեղի ունեցած քուէարկութեան երրորդ փուլի արդիւնքին ԱՔ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած Իսմայիլ Քահրաման ընտրուեցաւ նախագահ՝ ապահովելով 316 քուէ։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուած խորհրդաժողովը համախմբեց հեղինակաւոր մասնագէտներ եւ ազդու գործիչներ:
Փրոֆ. Էլչին Մաճառ զեկուցում մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցեալի մէջ առգրաւուած կալուածներուն կապակցութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեպաշտութեան ընդհանուր եւ հասարակաց կանոն մը կը պարտաւորէ հաւատացեալները ձեռնթափ ըլլալ միտքի եւ կամ մարմնոյ այն բոլոր զբաղումներէն՝ որոնք կեանքի նիւթական ըմբռնումին կը վերաբերին։ Ասիկա շատ աւելի զգալի է մանաւանդ ապաշխարութեան օրերուն մէջ։
«Թաֆթս» համալսարանի «Ֆլեթչըր»ի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի տեսուչ Տքթ. Ճէյմս Սթավրիտիս եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Մալիի Պամաքօ քաղաքին մէջ երէկ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Տեղւոյն «Ռատիսըն» պանդոկին մէջ «Էլ Քաիտէ» ահաբեկչականկազմակերպութեան յարակից «Էլ Մուրապիթուն» խումբին կողմէ գերեվարուեցաւ 170 հոգի։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն Աւետիսեաններու ընտանիքի սպաննութեան քրէական գործը իր մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկած է թղթածրարը վերահսկող դատախազին։ Հանրապետութեան աւագ դատախազութեան աղբիւրները պաշտօնապէս հաստատեցին այս տեղեկութիւնը։
Զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս վերելք ապահովելու նպատակին ուղղեալ բազմակողմանի ծրագիր մը: ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Սմիթսոնեան կաճառին համատեղ նախաձեռնութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող Յունուարին «Շարլի Էպտօ» պարբերականի գրասենեակներուն դէմ եղած ահաբեկչութենէն ետք Փարիզդարձեալ դարձաւ միջազգային լրահոսի գլխաւոր առանցք: Արմատներով Մարոքէն եւրոպահպատակ Ապտիւլ Համիտ Ապա Ուտն ու իր ընկերները շատ արագ կատարուած գործողութիւնով մը պատճառ դարձան հարիւրաւոր անմեղ մարդոց սպանութեան:
«Մեխակաւան» զօրավարժարանէն ներս գնդային մարտավարական զօրավարժութիւն: Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան հետեւեցան բանակի մարտական հրաձգութիւններուն:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թէ ինչ կրնան ընել թրքահայ երեք երեսփոխանները՝ Մարգար Էսաեան (ԱՔ կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (ՃՀՓ) եւ Կարօ Փայլան (ՀՏՓ) յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէն ներս։ Բնականաբար, անոնց գործունէութեան հասարակաց յայտարարը պիտի չըլլայ իրենց ենթաինքնութիւնը, մանաւանդ որ երեքն ալ տարբեր կուսակցութիւններու կը պատկանին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արդարին քիչ քանը ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է» կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն (ՍԱՂՄ. ԼԷ 16)։ Արդարեւ «բաւականանալ» առաքինութիւն մըն է՝ որ կ՚ազնուացնէ մարդս։ Աստուածպաշտութեան կողմէ շահ կ՚ապահովէ բաւականութեան զգացումը. Իսկ մեծ վնասներու առիթ կ՚ընծայէ անյագութիւնը, եւ մանաւանդ՝ ագահութիւնը։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրա եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը վերջերս մասնակցեցաւ «Լիոնս» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ապրիլ խաղաղութեամբ» խորագրեալ նկարչութեան մրցոյթի մը։
Էսաեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։