Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ:
«Հոգեւորականի առաջին բարենիշը անոր նկարագիրն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Պել­ժիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Ան­րի Ֆան Թիէ­կը­մը։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ող­ջու­նեց պել­ժիա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը եւ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

Անգ­լիոյ ռազ­մա­կան նուա­գա­խում­բը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ շարք մը հա­մերգ­նե­րով հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս շրջագ­ծով ա­ռա­ջին հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին, Կաս­կա­տի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

Աշ­նան շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ կը կազ­մա­կեր­պուին շարք մը հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ո­րոնք գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Այս­պէս, Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռի եր­դի­քին տակ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ բա­ցուե­ցաւ «Ար­դիա­կա­նէն-գե­րար­դիա­կան» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչն է «Բարձր ա­րուեստ» կեր­պա­րուես­տի կեդ­րո­նը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հի­ւանդ­նե­րը բու­ժե­ցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, ինչ որ ե­կե­ղե­ցին ըն­դու­նած է որ­պէս յանձ­նա­ռու­թիւն Տի­րոջ­մէ եւ կը ջա­նայ ի­րա­գոր­ծել զայն թէ՛ այն խնամք­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ո­րոնք կը մա­տա­կա­րա­րէ հի­ւանդ­նե­րուն, թէ՛ ա­նոնց ըն­կե­րակ­ցող բա­րե­խօ­սու­թեան ա­ղօթ­քով։ Ան կը հա­ւա­տայ կեն­սա­գործ ներ­կա­յու­թեան Քրսի­տո­սի՝ բժիշկ հո­գի­նե­րու եւ մար­մին­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել տմար­դի բռնա­րարք­ներ, ո­րոնք բո­վան­դակ երկ­րին մէջ կը յա­ռա­ջաց­նեն ցա­սում։ Մինչ ժո­ղո­վուր­դը միա­հա­մուռ ձե­ւով կը պա­խա­րա­կէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, ե­րէկ, դժբախ­տա­բար դար­ձեալ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րեր հա­սան Հաք­քեա­րիէն եւ Մար­տի­նէն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հե­տաքրք­րա­կան գի­տա­ժո­ղո­վի մը։ Այս­պէս, ՀԲԸՄ-Եւ­րո­պան Փա­րի­զի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց ե­ռօ­րեայ աշ­խա­տանք մը՝ հրեայ եւ ռո­ման հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Լա­ւա­գոյն մար­զա­կան ըն­տա­նիք-2015» մրցոյ­թին։ Ծաղ­կա­ձո­րի ո­ղիմ­պիա­կան գլխա­ւոր մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս ան հե­տե­ւե­ցաւ մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մրցում­նե­րուն եւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Թուր­քիա, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­զա­խիս­տան եւ Խրղը­զիս­տան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են միաս­նա­կան հե­ռուս­տաա­լիք մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս չորս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է թրքե­րէն միաս­նա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին հա­մա­տեղ դրա­մա­տուն մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը ար­դէն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են այս նիւ­թին շուրջ։ Նոր ստեղ­ծուե­լիք դրա­մա­տան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը պի­տի գտնուին Պա­քուի եւ Թեհ­րա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դի ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդի­րը։ Այս առ­թիւ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ շփման գծին եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան պե­տա­կան սահ­մա­նին եր­կայն­քով վեր­ջին շրջա­նին ի­րա­վի­ճա­կի սրման։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 69-րդ նս­տաշր­ջա­նի 103-րդ լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օր» խո­րագ­րեալ բա­նա­ձե­ւը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Պա­քու։ Եր­կօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ժամանեց Տուշանպէ, այսօր կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին:
Հայաստանի լրատուամիջոցները միշտ կը քննարկեն այս դաշինքին վստահելիութիւնը՝ երկրի ենթարկուած յարձակումներուն լոյսին տակ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Շիշլիի քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ՝ աջակցելու մեր համայնքային կառոյցներուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն եւ Վազգէն Պարընը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ ե­րէկ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Տա­րուան այս վեր­ջին մե­ռե­լո­ցին օ­րով տե­ղի ու­նե­ցած հո­գե­հանգս­տեան կար­գին հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եզակի ու մեծահանդէս արարողութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Վարագայ Խաչի տօնի օրուան:
Սուրբ Իւղին աւանդական ուժը հաւատացեալներուն պարգեւած մխիթարութիւնով կը բիւրեղանայ ու կ՚առթէ կենսունակութիւն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի բա­րե­կամ­նե՜ր, բնաւ խոր­հա՞ծ էք, մար­դուս հա­մար կա­րե­լի՞ է ա­մէն պա­րա­գա­յի, ա­մէն նե­ղու­թեան մէջ զուարթ ըլ­լալ, գո­նէ վատ տրա­մադ­րու­թեան չմատ­նուիլ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի­ներ, բայց կար­ծեմ կա­րե­լի չէ՛ չազ­դուիլ, չտպա­ւո­րուիլ մի­ջա­վայ­րէն, մա­նա­ւանդ ուղ­ղա­ղի ի­րենց դէմ­կա­տա­րուած հո­գե­կան, բա­րո­յա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րէն՝ ո­րոնք կը խան­գա­րեն, տակ­նուվ­րայ կ՚ը­նեն մար­դուս ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը, տրա­մադ­րու­թիւ­նը…։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Ստո­րեւ՝ լե­զուա­բան, ման­կա­վարժ, դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի զե­կոյ­ցը, որ ըն­թեր­ցուած է «Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» նիւ­թով գի­տա­ժո­ղո­վին:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ու­սում, կրթու­թիւն եւ կամ գի­տու­թիւն ստա­նա­լը է՛ եւ կը մնայ մեր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Ուս­տի, ի՛նչ ալ ըլ­լան իբ­րեւ գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ մեր կեան­քը հու­նա­ւո­րող միւս ար­ժէք­նե­րը, որ­քան որ ա­նոնք բար­դա­նան, ար­դիա­կա­նա­նան եւ այժ­մէա­կա­նա­նան. վե­րեւ նշուած­նե­րը էա­կան են եւ կը մնան մեր բո­լո­րի կեան­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տե­րը:

Էջեր