Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան իր գլխաւորութեամբ ձեւաւորման կապակցութեամբ։
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամը եւ Ազգային երկրագործութեան համալսարանը կազմակերպեցին երկրի երիտասարդութեան ուղղեալ հաւաքոյթ մը։
Պատրիարքական Աթոռը կը շարունակէ իրերայաջորդ գիրքեր հրատարակել իր «Արմաշ» մատենաշարէն։ Այս ամբողջին մէջ, որպէս տասներորդ հատոր լոյս տեսաւ մեծանուն արմաշականի մը՝ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Սրբուհի Սանդուխտ Կոյսին թռչնիկները» ընդարձակ պատմուածքը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Համազգային հանգանակութեան շարժում:
Այս տարի «Մեր տունը» կարգախօսով կազմակերպուած թելեթոնին հասոյթը պիտի յատկացուի բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանի կարիքը դիմագրաւելու նպատակին: Եւրոպայի աւանդական ֆոնեթոնի արդիւնքով ապահովուած միջոցներն ալ պիտի ուղղուին նոյն նպատակին:
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան «Սիւրէյեա» օփերային մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Լուի ԺԴ. Իսթանպուլի մէջ» խորագրեալ պարոք համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրիոյ ճգնաժամը այնպիսի ընթացքով մը կը խորանայ, որ համայն աշխարհի տեսանկիւնէն կը վերածուի լուրջ սպառնալիքի մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըսինք որ դրամը մոգական զօրութիւն մը ունի, ո՛ւժ մըն է ան՝ որուն առջեւ յաճախ կը լուծուին, կը տկարանան օրէնք՝ սկզբունք՝ համոզում՝ հաւատք՝ պարկեշտութիւն՝ առաքինութիւն, եւ ազնուութիւն՝ բոլորը։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական յոբելենական արարողութիւն մը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այս առաւօտ պաշտօնական արարողութիւնով մը դիմաւորեց Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Տարեմուտին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները դաժանօրէն սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի գործին թղթածրարը ուղարկուեցաւ դատարան։
Սուրիոյ տագնապը օրէ օր կը ճիւղաւորուի՝ տարածքաշրջանէն ներս յառաջացնելով նոր լարուածութիւններ, որոնք չեն նպաստեր ահաբեկչութեան յաղթահարման:
Թուրքիա-Ռուսաստան փոխյարաբերութիւններուն մէջ երէկ ապրուած ահազանգային իրադարձութիւններով յանկարծ փոխուեցաւ միջազգային կլիման:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ռուսական ռազմաօդանաւի ռմբահարումէն վերջ ստեղծուեցաւ աննախընթաց կացութիւն մը. Սէրկէյ Լաւրովի այցը ջնջուած:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ վաւերացուց 64-րդ նախարարաց խորհուրդին կազմը:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ գլխաւորուած դահլիճը կը բաղկանայ քսանեօթը հոգիէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց շարք մը պաշտօնական հիւրեր։ Այսպէս Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ երէկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Աշակերտներն ու դպրոցի ուսուցչական կազմը այս առթիւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ նշեցին սոյն խորհրդանշական օրը։
ՆՇԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ(*)
Նոյեմբեր 30-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 11, Փարիզի մօտակայ Լը Պուրժէի (93 Le Bourget) մէջ տեղի պիտի ունենայ կլիմայական փոփոխութիւններու յատկացուած 21-րդ ժողովը՝ COP-21, որ կը վայելէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը:
«Էրասմուս+» նախագիծը, որ եւրոպական զանազան երկիրներէ վարժարաններու մասնակցութեամբ ի գործ կը դրուի Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ, հերթական ձեռնարկը իրականացուց Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ։
Հայազգի արհեստավարժ կռփամարտ, գերմիջին ծանրութեան դասաւորման մէջ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ շաբաթավերջին յաջողեցաւ պահպանել իր տիտղոսը։
Երեւանի «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան շաբաթավերջին նշեց իր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց Յակոբ Աւետիքեանին։
Սոֆիայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2015» միջազգային մրցոյթը, որու ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Միքայէլ Վարոսեան, որ իր ներկայացուցած «Love» անուն երգով նուաճեց երկրորդ տեղը։
