Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որ խորագրուած է «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ-իսլամներու ստացուածքը՝ ուշ Օսմանեան կայսրութեան եւ վաղ Հանրապետական ժամանակաշրջանին»։
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տասնչորս տարի առաջ` 9-11-ի ատեն ընկերային ցանցերու աշխարհ չկար: Օրին աշխարհը ահաւոր ոճիրէ մը ցնցուեցաւ, եւ կարեկցական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն տեղ, ամէն մարդ կը դատապարտէր այդ հակամարդկային բռնարարքը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այլեւս Պելժիոյ Թագի շքանշանի ասպետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Ազնաւուր կոչման արժանացած է Նոյեմբերի 16-ին, Պրիւքսէլի Egmont Palace-ի մէջ:
Աշխարհի կարեւորագոյն աճուրդի ընկերութիւններէն «Տորոթէում»ի Փրակի մասնաճիւղը վաճառքի դրած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» կտաւը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, հաւանական է, որ Այվազովսքիի այս գործին աճուրդը տեղի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 28-ին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պահեցողութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ինքզինք ազատ կացուցանել այն բոլոր աշխատանքներէն, գործերէն եւ սովորութիւններէն՝ որոնք իրենց բնութեամբ իսկ արգելք կը հանդիսանան մարմնաւոր եւ հոգեկան սրբացման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երէկ պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկեց նորընտիր երեսփոխաններու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Երէկ գումարուած խորհրդարանը մեծ ներուժ մը ունի՝ մօտաւոր ապագային երկրի կայունութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները Քազանէն (Ռուսաստան) մեկնեցան Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ):
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայութեան համար պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հակառակ ծանր աւերածութեան կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն:
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի մրցանակը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ աշխարհահռչակ մասնագէտի մը՝ Եւկենի Քասփերսքիին, որ հեղինակութիւն մը կը նկատուի սիպէր անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդին անդրանիկ նիստը:
Ռիչըրտ Միլսի խօսքերով, գործարարութեան բնագաւառէն ներս հաւասար պէտք է ըլլան բոլոր երկիրներուն ընկերութիւնները:
Ֆրանսուա Օլանտ մինչեւ ամսավերջ պիտի տեսակցի Պարաք Օպամայի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով Փարիզ կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան զօրակցութիւնը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ շարժման կ՚անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով:
Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պիտի կատարուին միասնական գործողութիւններ:
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի աշխատաքը պաշտօնապէս սկսաւ՝ երեսփոխաններու երէկուան երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Խորհրդարանի ամպիոնին մօտ իրենց երդումը կատարեցին նաեւ թրքահայ երեք պատգամաւորները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն ատամնաբոյժ Ռուտի Պօյաճեան կարեւոր յաջողութիւն արձանագրած է իր մասնագիտական աշխատանքին մէջ։ Այսպէս, համապատասխան քննութիւններուն շրջագծով ան նուաճած է Թուրքիոյ առաջնութիւնը։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպում:
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց սպառազինութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։
G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնին մէջ Չինաստան կը փոխարինէ Թուրքիան։
Անթալիոյ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականաց տագնապին եւ անոր երկարաժամկէտ յաղթահարման ուղղեալ համակարգման։
Էրտողանի, Օպամայի եւ Փութինի պատգամները արձակման հանգրուանին եղան զգայացունց բոլորին համար։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենան Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձին եւ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն համայնքային շրջանակները։ Տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ, այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երեք պատասխանատուներ՝ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու եւ խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շատ մը լիբանանցիներու համակրանքը վայելող եւ անոնց միտքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, Պըրժ Պարաժնէի պայթումին վերաբերող գրառում մը ըրած էր վերջերս ընկերային համացանցի իր էջին վրայ՝ ըսելով, թէ ի՞նչ էր ակնկալուածը այդ պայթումէն՝ բացի նահատակներ խլելէ: Վա՞խ: Փախո՞ւստ: Զէնքերէ հրաժարո՞ւմ:





