Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս աւարտական դասարանի աշակերտուհի մըն եմ: Ամիսներ անց պէտք է հրաժեշտ տամ դպրոցական նստարանին: Անհոգ ու կենսուրախ կեանքէն ոստում մը պիտի կատերեմ դէպի մեծիկներու կեանք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ նահատակութիւնը մենք պատերազմի դաշտին վրայ արիւն թափող զինուորին կը վերապահենք, մոռնալով որ նահատակութիւնը ունի այլ կողմ մը՝ որ հեռու է պատերազմական դաշտէն:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապաշխարութեան մասին աստուածաբանական մօտեցումները թերի կը մնան, ըլլալով հանդերձ տեսականօրէն ճիշդ, իմաստասիրական մտորումները եւս կը մնան ակադեմական։ Հաւատացեալը անոնց կարիքը չունի եւ կամ չի հասկնար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Արաբերէնէ թարգմ.՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պահեցողութեան շրջանը սկսելով, յիշէ՛ սիրելի ընթերցող, թէ Յիսուս ի՞նչ ուզեց քեզմէ, երբ ըսաւ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք… երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18)։
Մեծանուն բանաստեղծի ծննդեան 125-ամեակը զանազան ձեռնարկներով կը նշուի Երեւանի մէջ:
Եղիշէ Չարենցի յոբելեանի արժեւորման նպատակով դրոշմաթուղթ մըն ալ թողարկուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ:
Պրիւքսելի մէջ վաղը նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ պիտի մէկտեղուին Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր եւ անվտանգութեան հարցերու գծով խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւս հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ, որ այցելեց Անգարա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Քալըն-Նուլանտ հանդիպումը, որու կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները ամփոփ գիծերու մէջ հաղորդում մը կատարեցին։
Էրտողանի եւ Պայտընի միջեւ գոյացած համաձայնութեան զուգահեռ սկսաւ գործել նոր ձեւաչափ մը:
Անգարայէն եւ Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ կ՚անդրադառնան քաղաքական օրակարգի հարցերուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քեզի ի՛նչ...:
Երկու բառ: Կոպիտ խօսք եւ նոյնքան ալ խիստ ու կոշտ: Պոռթկում, որ վէճի ու վիճաբանութեան դուռ ալ կրնայ բանալ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Այս ծրագրի պատասխանատուն է Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։
ԱՆՊԱ ՌԱՖԱՅԷԼ
Արաբերէնէ թարգմ.՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1) Սիրտին զղջումը.
Մեծ պահքը զղջումի եւ ուխտերը նորոգելու շրջան է։ Յիսուսին գիրկը վերադառնալու շրջան է, որու ընթացքին կու լանք այն գէշ ժամանակին համար, որ անցաւ (Ա. Պտ 4.3)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մամուլը գուժեց մահը հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Թուրքիա ապրած եւ ստեղծագործած գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու պետութիւններուն թիւի աճին հետ, զանազան հանգամաքներէ ելած, շատ կը խօսուի անոնց «յաջողած ու ձախողած» ըլլալու մասին, նոյնիսկ դասակարգումներ կան միջազգային յարաբերութիւններու եւ մանաւանդ՝ միջազգային տնտեսական հաստատութիւններու կողմէ այդ դասակարգումներու եւ անոնց շարժի մասին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց» (Յհ 19.30):
Երեք պատճառի համար գլուխը խոնարհեցուց. առաջին՝ նշան Հօր դիմաց խոնարհութեան, Իր հոգին Անոր յանձնելով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրականութիւնը ունի անարդար կողմ մը, որ շատ անգամ տաղանդաւորը մոռցնել կու տայ, իսկ անդին նուազ տաղանդաւոր մը կրնայ «աստղ» դարձնել. կարծես մեր մարդկային կեանքի նմանութեամբ տաղանդէ աւելի անուան մեծութիւնը կ՚իշխէ այդտեղ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ «զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր ունինք բարեկեցիկ, ինչու չէ նաեւ մեծահարուստ հայեր, որոնց հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքի սահմաններուն մէջ կը գործէ. անձեր՝ որոնք հոգիով ու սիրտով հայրենասէր ըլլալ կը ձեւացնեն, սակայն այդ բոլորը փաստող գործ կամ արարք գտնել չի՛ փորձէք. անոնց հայրենասիրութեան դրամագլուխը իրենց լեզուն է պարզապէս:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։