Արխիւ
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բնական պայմաններու մէջ ուղեղը գանկին մէջ կը մնայ անշարժ: Ան կը շարժի արտաքին հարուածի մը պատճառով. այլ խօսքով, ան կը ցնցուի եւ տեղի կ՚ունենայ ուղեղային անբնական գործունէութիւն: Ուղեղի այս շարժումը կամ ցնցումը կը կոչուի «ուղեղացնցում» (concussion):
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լեզուն մարդոց հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոցն է: Անիկա յառաջացած ըլլալով հասարակութեան մէջ ստեղծուած անհրաժեշտութեան ստիպողական պահանջով՝ իր գոյութիւնը կը պահպանէ, քանի որ մարդոց միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց կը ծառայէ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 1-ին, 83 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահացաւ հայկական ճարտարապետութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորոս Թորամանեան (1864-1934): Շնորհալի ու նշանաւոր ճարտարապետը իրաւամբ կը նկատուի հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրը:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան խնդրին մէջ պաշտամունքի լեզուն դասական գրաբարէն դէպի աշխարհաբար թարգմանութիւն եղած է մնայուն հարց մը՝ մօտ հարիւր տարիներէ ի վեր։ Յաճախ թելադրուած է, որ գրաբարը անհասկնալի ըլլալով հաւատացեալին չէր կրնար ծառայել որպէս հաղորդական միջոց Ս. Գիրքը եւ անոր վրայ հիմնուած ժամապաշտութիւնը հասկնալի դարձնելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնը «կը պսակուէր» Նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ «սպասուած» հանդիպմամբ, որու աւարտին երկու ղեկավարները հանդէս կու գային մամլոյ «ազդեցիկ» ասուլիսով մը:
2013 թուականին հաստատուած հայկական «Զանգի» (Zangi) համացանցային սպասարկութիւնը, որ արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն օգտատէր ունի, ձրի հեռաձայնային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ տրամադրող «Սքայփ»ի (Skype) եւ «Վայպըր»ի (Viber) նման սպասարկութիւններուն մրցակից դարձած է արդէն։
«Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ժամանակը. հայ գործարարներու կեանքը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն»:
«Հայփոստ» ընկերութիւնը դրոշմաթուղթ մըն ալ թողարկած է՝ մեծանուն բարերարի 175-ամեայ յոբելեանին առթիւ:
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Շիշլիի մէջ հնչեցին կրակոցներ։ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի շէնքին առջեւ անձ մը երկու անգամ կրակեց հանդիպակաց պատին վրայ ու խոյս տուաւ՝ մերձակայքի ինքնաշարժով մը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային մեծ ժողովի արտաքին գործոց մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Աւելի վերջ ան բացատրութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Երեւան եւ Ստեփանակերտ պատերազմ չեն փափաքիր, մինչդեռ Պաքու վաղուց անընդհատ կը խօսի այդ մասին»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկուան դեսպանահաւաքին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պէյօղլուի «Թուրքուազ» գրատունը։ Ծանօթ է, որ Բիւզանդ Աքպաշի մականին ներքեւ կը գործէ «Թուրքուազ»ը, որ միեւնոյն ժամանակ հրատարակչութեան մարզէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի մականին ներքեւ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս, թաղային խորհուրդին ջանքերով այս տարի եւս կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի սիրոյ սեղաններու աւանդութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս մայրամուտին կը սարքուի պահքի սիրոյ սեղան։
Մեր համայնքի ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Մենք եւ մեր պարերը» խորագրեալ ծրագրի մը։ Այսպէս, Կիւլէչները կը կազմակերպեն հայկական ժողովրդական պարերու դասընթացքներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզուն զսպել, խօսքի չափը գիտնալ առաքինութիւն է, որ մարդս կ՚ազնուացնէ, լուրջ եւ վստահելի կը դարձնէ։ Լեզուն պահպանել, լեզուին տէրը ըլլալ կը նշանակէ, այն ի՛նչ որ ծանրախոհ, խոհեմ եւ ողջամիտ մարդ ըլլալու նշան մըն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան, որ միեւնոյն ժամանակ Առաջնորդարանի մշակոյթի յանձնախումբը կը գլխաւորէ, արժանացաւ բարձր պատիւի մը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ դէպի Պիշքէք։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը 6-7 Մարտ թուականներուն շփումներ պիտի ունենայ Խրղըզիստանի մէջ։
Հայկական ֆութպոլի ժամանակակից աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ իր եւս մէկ ուշագրաւ առանձնայատկութիւնով։
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը երէկ վերյիշեցին Մարտի 1-ի դէպքերուն զոհուած տասը քաղաքացիները:
Ազատութեան հրապարակէն դէպի Միասնիկեանի հրապարակը տեղի ունեցաւ հաւաք-երթ մը՝ բացայայտման պահանջով: