Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ նոր կո­րուստ­ներ տուին Սու­րիոյ մէջ, ինչ որ խոր ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից զի­նուոր­ներ դար­ձան Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) թի­րա­խը։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները համաձայնութեան հասան շարք մը խնդիրներու շուրջ:
Երեւան եւ Թիֆլիզ փոխադարձ ըմբռնումի մէջ են՝ Վերին Լարսի անցակէտի վերաբերեալ հարցերու պարագային:

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ծաւալուած երկօրեայ խտացեալ քննարկումները եզրափակուեցան՝ պսակուելով յաջողութեամբ շնորհիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի իմաստուն կարգադրութեան եւ կշիռին։
Տեղապահի ընտրութիւն մինչեւ 15 Մարտ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտեան ժամերուն նոյն օդանաւով վերադարձան քաղաքս։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

Փետ­րուա­րի 23-24-ին, Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­պում­ներ, ո­րոնց կը մաս­նակ­ցէին Հա­յոց Հո­վուա­պե­տի հրա­ւէ­րով Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նած Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան միա­բան ե­րեք ե­պիս­կո­պոս­նե­րը՝ Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին ար­քե­պիս­կո­պոս Պեք­ճեան եւ Պատ­րիար­քու­թեան Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Գե­րաշ­նորհ Տ. Սա­հակ ե­պիս­կո­պոս Մա­շա­լեան:

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

«Բա­նը, որ էա­կից է Հօր, եւ հա­մա­գոյ Ս. Հո­գիին, մեր հո­ղա­նիւթ բնու­թեան հետ խառ­նեց իր պատ­կե­րը եւ փառ­քով զար­դա­րե­լով դրաւ հանգս­տա­ւէտ դրախ­տին մէջ։ … Հոն անխտ­րա­կան ու­րա­խու­թեամբ մար­դը զուար­ճա­նա­լով կը ցնծար, ո­րով­հե­տեւ միշտ զԱս­տուած կը տես­նէր՝ դրախտ ի­ջած»։
(Կա­նոն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի)
Շա­րա­կան

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

ՎԱ­ՉԷ ՍԵ­ՄԵՐ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն տա­րուան սկիզ­բին բնա­կան հե­տաքրք­րու­թեամբ մը կը պրպտենք գա­լիք օ­րե­րուն տա­րե­դարձ­նե­րուն ո­րա­կը։ 2017 տա­րին մե­զի կը խոս­տա­նայ շարք մը տա­րե­դարձ­ներ՝ ո­րոնց նշու­մը հա­ճե­լի անդ­րա­դարձ­ներ կրնայ ու­նե­նալ տուեալ երկ­րին բնակ­չու­թեան վրայ։ Ա­ռայժմ, հայ­կա­կան ո­չինչ կայ այս տա­րե­դարձ­նե­րուն մէջ, այլ՝ որ­պէս պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի «ու­սա­նող­նե­ր», կ՚ար­ժէ կար­դալ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­ցեա­լին կա­պուած դէպ­քե­րուն մա­սին։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քը զղջու­մի եւ խոս­տո­վա­նու­թեան շրջան մըն է՝ լա­ւա­գոյն ա­ռիթ մը հո­գե­պէս նո­րո­գուե­լու եւ կազ­դու­րուե­լու։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017

Վա­ղը՝ Փետ­րուա­րի 26-ին, Երկ­րի բնա­կիչ­նե­րը կրնան ե­զա­կի աստ­ղա­գի­տա­կան եր­ե­ւոյ­թի հե­տե­ւիլ՝ ա­րե­ւու օ­ղա­կա­ձեւ խա­ւար­մա­ն: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, ա­րե­ւու օ­ղա­կա­ձեւ խա­ւա­րու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այն պա­հուն, երբ երկ­նա­կա­մա­րին վրայ կը կրճատ­ուին Լուս­նի եւ Երկ­րի մա­կեր­ե­ւոյ­թի ստուեր­նե­րը:

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Վեր­ջին շուրջ ինն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ թա­փուր է Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, կ­­՚ե­րե­ւի՝ թրքա­հա­յու­թիւ­նը եր­բեք այս­քան յոյ­սով չէր տո­գո­րուած։ Այդ յոյ­սը դար­ձած է հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը՝ մեր հա­մայն­քին հա­մար։ Հա­մախմ­բող յոյս մըն է այս մէ­կը, մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը միա­ւո­րող։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ո՛վ գի­տէ՝ քա­նիե­րորդ ան­գամն է, որ կ­­՚այ­ցե­լեմ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր կա­նո­նա­ւոր պար­բե­րու­թեամբ կու գամ այս նուի­րա­կան վայ­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ ինք­նա­նո­րոգ եր­կիւ­ղով մը կը խո­նար­հիմ Միած­նաէջ սուրբ խո­րա­նին առ­ջեւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Սու­րիոյ հիւ­սի­սի Էլ Պապ քա­ղա­քը ամ­բող­ջու­թեամբ ա­զա­տուե­ցաւ Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը ե­րէկ իր հա­կակշ­ռին տակ ա­ռաւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նը։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուաւ Թիֆ­լիզ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի եւ Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի կող­մէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գլուխ գլխի:
Վեհափառ Հայրապետն ու Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները խտացեալ քննարկումներով կը ջանան ճանապարհ հարթել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առջեւ: Բարի կամեցողութեամբ, շինիչ ու ծաւալուն քննարկումները յառաջ կը տարուին՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր կարգ ու կանոններու առանցքին շուրջ: Ժողովական հայրերը վաղը առաւօտ հրաժեշտ պիտի առնեն մայրավանքէն:

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մը՝ Զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րէ ներ­մուծ­ման խթան­ման կեդ­րո­նին (CBI) ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 25-ին Գեր­մա­նիոյ Նոյշ­տադ քա­ղա­քին մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն եւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ո­րուն ըն­թաց­քին պի­տի մա­տու­ցուին հայ­կա­կան գի­նի­ներ:

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի է հան­դի­պիլ մար­դոց՝ ո­րոնք ա­մէն հար­ցի մէջ մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու սո­վո­րու­թիւն մը ու­նին։ Ա­մէն ա­տեն, ա­մէ­նու­րեք կա­րե­լի է տես­նել ա­նոնք, որ տե­ւա­կան «գա­ղա­փար» կը յայտ­նեն, շա­րու­նակ կը խօ­սին, կը քննա­դա­տեն, բայց երբ կար­գը գոր­ծե­լու կու գայ՝ ո՛­չինչ կ՚ը­նեն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք մը՝ Բա­րե­կեն­դա­նի եւ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին առ­թիւ։ Տղա­քը այս եր­կու տօ­նե­րուն շուրջ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Ե­րէկ, Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը։ «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին, Բուն Բա­րե­կեն­դա­նին զու­գա­հեռ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Վար­դա­նաց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը պի­տի նշէ իր տա­րե­դար­ձը։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 108-րդ եւ երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 85-րդ կրկ­նակ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ թա­ղի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ձկնոր­սը նստած է գե­տա­փին, կող­քը լամբ մը, դոյլ մը, կար­միր հո­ղով լե­ցուն թի­թե­ղեայ տուփ մը, ուր­կէ որ­դե­րը մէկ-մէկ գլուխ կը ցցեն ու կը մխրճուին հո­ղին մէջ, կարթ մը, կե­ռիկ­նե­րու տու­փիկ մը ու իր հա­ցա­մա­նը շա­րուած են: Յար­մար տեղ մը ընտ­րած են ձկնորս բա­րե­կամ­նե­րը ի­րեն հա­մար ու սոր­վե­ցու­ցած, թէ ինչ­պէս պէտք է գոր­ծա­ծէ կար­թը ու այլ անհ­րա­ժեշտ բա­ներ:

Էջեր