Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 14)։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները խորախորհուրդ օրեր կ՚ապրին դէպի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան շրջագծով։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ անոնք ուխտագնացութեան մեկնած են դէպի Երուսաղէմ, ուր Հայ Եկեղեցին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը կը նշէ ըստ հին տոմարի։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հիւրասէր էր մայրս: Շա՜տ հիւրասէր:
Տան մէջ իր մասնաւոր անկիւնը ունէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հին ու նոր տոմարներ» արտայայտութիւնը յաճախ կը լսուի, յատկապէ՛ս Ամանորի օրերուն, երբ կը խօսուի Նոր տարին, նաեւ՝ հին տարին՝ «տոմարով դիմաւորելու եւ տօնելու» մասին։
Հին սփիւռքը երբ դեռ կլանուած էր իր հին խնդիրներով, աշխարհի հորիզոնին վրայ ուրուագծուեցաւ նոր սփիւռք մը՝ իր նոր հարցերով ու նոր մարտահրաւէրներով:
Եւրոխորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Անթոնիօ Թաճանի։ Իտալացի խորհրդարանականին թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ։
Հայաստանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը ներկայիս կ՚այցելէ Իսրայէլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի 24-ին։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան Չանքայայի ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։
«Գրաւեալ տարածքները պիտի վերադարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման պահուն»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ անդրադարձաւ հայ-ազէրի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի հեռանկարներուն:
Այս տարի պիտի հրատարակուի «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան անդրադարձաւ թուրք մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն:
Ամանորի գիշերը Օրթագիւղի «Ռէյնա» գիշերային ակումբի վրայ յարձակում իրագործած եւ 39 հոգիի մահուան պատճառ դարձած ահաբեկիչը երէկ ձերբակալւեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Իրաւապահ մարմինները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ լրաքաղութեան մասնագէտները օրերէ ի վեր կը հետապնդէին այդ ոճրագործը, որ ձերբակալուեցաւ Էսէնեուրտի մէջ, ուր կը թաքնուէր բնակարանէ մը ներս։
Տոց. Թորոս Ալճան գրասենեակէն ներս ջերմօրէն հիւրընկալեց Արսէն Աւագեանը:
Սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան փոքրամասնութիւններու ընդհանուր խնդիրները:
Չաղլաեանի Արդարադատութեան պալատին մէջ հերթական դատավարութիւն՝ մահափորձի 10-րդ տարելիցին ընդառաջ:
Հրանդ Տինքի սպանութեան ծիրէն ներս երէկ առաջին անգամ դատակազմին ցուցմունքներ տուաւ առանցքային մեղադրեալներէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէր:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ կը գլխաւորուի խումբը, որ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն հոգիէ։
Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը Անգարա այցելելով տեսակցեցաւ փոխ-վարչապետին հետ:
Զէքիեան Գերապայծառ եւ Նուման Քուրթուլմուշ զրուցեցին Թուրքիոյ հայերու առկայ հարցերուն շուրջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանը։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անոր շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը՝ գնահատելով անոր վաստակն ու տարիներու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ հռչակաւոր հայ ծովանկարիչ, համաշխարհային համբաւ վայելող արուեստագէտ՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը:
ՊԵՏԻԿ
Ինծի համար այսօր մեծ մտահոգութիւն դարձած է այն իրավիճակը, որ այլեւս հայերէնը սրընթաց նահանջի մէջ է: Այլեւս շատ սովորական է «բարեւ»ի տեղ լսել «պոնժուր» կամ «հայ», նոյնիսկ սովորական դարձած «ցատքեցայ»՝ փոխան «ցատքեցի», իսկ աւելի անընդունելին, երբ մեր հայկական ռատիօ-հաղորդումները ըլլան շատ սահուն ընթերցումներ, բայց երբեք հայկական հարազատ առոգանութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը…» (ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։