Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ երկու եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։
Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 Սեպտեմբերին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Ֆրանսայի մէջ հերթական անգամ շրջանառութեան մէջ կը դրուի հայկական հարցին վերաբերեալ նախագիծ մը։ Վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութիւնը ներկայացուց օրէնքի բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտման քրէականացման։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ անմոռանալի շարժանկարի բեմադրիչ հանգուցեալ Անրի Վերնէօյի որդւոյն՝ Փաթրիք Մալաքեանի եւ «Նարեկ» պարային դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար Արման Չուլհակեանի կողմէ կազմակերպուած «Յաւերժութիւն» պարի ներկայացումը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Սոչիի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Սա իր տեսակին մէջ 34-րդ նիստն է, որ կազմակերպուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի՝ Ս. Յարութեան տաճարէն ներս Տիրոջ լոյս գերեզմանի նորոգութեան ծրագրին Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութեան շրջագծով: Կազմակերպչական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին ընդառաջ:
Դասական կիթառի աշխարհահռչակ վարպետ Հիւպերթ Քեփփէլ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Գերմանացի հեղինակաւոր արուեստագէտը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ ամենավատ բանը այն է, երբ տագնապի մէջ, վտանգի դիմաց, կամ մահուկենաց օրհասի պահերուն կը զգաս, որ մինակ ես, անտէր ես ու անտիրական, երբ կեանքիդ բոլոր օրերը եղած ես ընկերային շրջանակի մէջ, սիրած ես, օգնած ես, քաջալերած ես, պայքարած ես, փրկած ես, հասած ես բոլորին, զոհած ես առողջութիւն ու հանգիստ, մոմի պէս լուսաւորած ես շրջապատդ ու հալած… ու այս բոլորէն ետք, երբ «լինել-չլինել»ու դամոկլեան սուրը կախուած է գլխավերեւդ, շուրջդ կը նայիս ու մարդ չես գտներ ձեռքէդ բռնող, վէրքդ կապող, յենակ եղող, որ ոտքի կանգնիս. մինակ ես, առանձին, լքուած քու ճակատագրիդ…
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Սելին Շիլէլեան վերջերս յաջողութեամբ աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Կրթական ֆաքիւլթէն։ Դասարանի ուսուցչութեան եւ գիտութեան ուսուցչութեան գծով ան նոյնաժամանակ հետեւած է երկու հիմնական ճիւղի։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը կազմակերպեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի այս տարուան հունձքին համար։ Հարկ է նշել, որ 2015-2016 կրթական շրջանին Սահակեան-Նունեան լիսէն ունի քառասուն շրջանաւարտ։
Երէկ երեկոյեան Էսաեանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ լիսէի բաժնի այս տարուան հունձքին։ Վարժարանին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդ ակադեմականներէն Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան Փարիզի մէջ աւարտած է իր տոքթորականը՝ մասնագիտանալով ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ։ Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան վերջին տարիներուն տոքթորականի աշխատանք տարած է Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու գծով բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցէն ներս։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը այսու գրիւ կու գան մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն, մերազն համայնքային շրջանակներուն, հայաշխարհի մեր պաշտօնակիցներուն ու հաստատութիւններուն եւ ամբողջ հանրութեան տեղեկացնել, թէ այսօրուան դրութեամբ թերթիս անձնակազմէն պաշտօնապէս դուրս եկած է Սեւան Տէյիրմենճեան, որ կ՚աշխատէր որպէս խմբագիր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք «կեանք»ի մասին այս սիւնակներուն մէջ։ Կը խօսինք քանի որ կեանքը միշտ մեզի հետ է, եւ մենք անոր հետ։ Արդարեւ, եթէ կեանք չըլլայ, մարդն ալ չ՚ըլլար։ Մարդ կա՛յ, քանի որ կեանքը կա՛յ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծիածանը մարդուս գլխուն վրայ է եւ ո՛չ թէ ոտքերու տակ, ուստի ծիածանը տեսնելու համար մարդ աչքերը դէպի վե՛ր վերցնելու է՝ դէպի ամպերը։ Շատ նշանակալից է այս, թէ ծիածանը վե՛րն է եւ ո՛չ թէ վարը։
Հայաստան լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացած է բեռնափոխադրումներու տեսանկիւնէն:
Երեւան բանակցութիւններ կը վարէ Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի հետ՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը ունենալու համար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նախքան անդրադառնալը այն գլխաւոր հարցին, թէ ի՞նչ տարաւ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապը Հայաստանէն, արձանագրենք, որ ան իր հետ նախեւառաջ բերաւ անսահման յոյս նորոգուելու, ապրելու, ինչպէս նաեւ չընկրկելու կամք:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւանի բանջարեղէնի շուկաները շրջելով ո՛չ աչքերդ կը յագենան, ո՛չ ալ ռունգերդ: Թարմ ու զգլխիչ բոյրն ու գեղեցկութիւնը կը հմայեն գնորդները, տեսակ-տեսակ ծիրաններ՝ մեծը, փոքրը, կէտաւորը... հապա կեռասի գոյնզգոյն տեսականին՝ կարմիրի տարբեր երանգները, սպիտակն ալ կայ, բալն ալ, որոնց տեսքը արդէն կը յուշէ անոնց համն ու հոտը:
Յունիս 24-ին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հրանդ Սամուէլի որդին՝ Արմէն Սամուէլեան, որու անունը սերտօրէն առընչուած պիտի մնայ Փարիզի հայ մտաւորական կեանքի պատմութեան: