Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Փոխ-վար­չա­պետ Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի յայ­տա­րա­րեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­նի Գեր­մա­նիոյ դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

​Պունտեսթակի որոշման յաջորդած մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակները կը ջանան կողմնորոշուիլ՝ զանազան վարկածներու քննարկումով:
Նոյնաժամանակ կարեւոր խորհրդակցութիւններ:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստը, մինչ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս VADİP չորս ժամ տեւողութեան արժեւորեց իրադարձութիւնները: Գիշերուան ժամերուն հոգեւորական դասուն եւ աշխարհական վարիչներուն ներկայացուցիչները միասնաբար փոխանակեցին կարծիքներ: Թէեւ ընդհանուր լիարժէք համաձայնութիւն մը չգոյացաւ, սակայն բոլորը համակարծիք էին՝ համայնքէն ներս պառակտման մը տպաւորութիւնը կանխելու ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժո­ղով մը գու­մա­րեց Գում­գա­բուի մէջ։ VADİP-ի ժո­ղով­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս եւ սկզբուն­քօ­րէն բաց են մա­մու­լին։ Բայց ե­րէ­կուան ժո­ղո­վը դռնփակ էր։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ առ­նուած ծա­նօթ ո­րո­շու­մը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Գեր­մա­նա­կան օ­րէնս­դիր մարմ­նին կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը մեծ վրդով­մունք յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հան­րա­յին կար­ծի­քի գրե­թէ բո­լոր խա­ւե­րուն մօտ՝ քա­նի որ հայ­կա­կան կող­մին տե­սա­կէ­տէ որ­դեգ­րուած է միա­կող­մա­նիօ­րէն։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​1878-ին, նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ­Պա­րո­նեան դադ­րե­ցուց «Թատ­րոն»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, բայց շա­րու­նա­կեց մշա­կել եր­գի­ծա­կան նոր գոր­ծեր, ո­րոնք լոյս տե­սան ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն կամ ա­ռան­ձին պրակ­նե­րով։ ­Մին­չեւ 1884 եր­կա­րած այդ շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն ե­ղան «Պ­­տոյտ մը ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ» եւ «Ծի­ծաղ» գոր­ծե­րը, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քի եր­գի­ծա­կան քննա­դա­տու­թեան կող­քին՝ քա­ղա­քա­կան բուռն խա­րա­նու­մի են­թար­կե­ցին, այ­լա­բա­նա­կան պատ­կեր­նե­րով, օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ քայ­լերն ու ճնշում­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն երբ պի­տի տօ­նենք «Թարգ­ման­չաց տօն»ը, որ­քա՜ն հա­ճե­լի է տես­նել ա­նոր յա­րա­կա­յու­թիւ­նը ներ­կայ թարգ­մա­նու­թեան մը մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ աւանդական արարողութիւններ:
Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց ու քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Ատր­պա­տա­կանի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րանէն կը տեղեկանան մեզի.-
Գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան իր աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին, Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ Տ. Գրի­գոր Եպկս. Չիֆթ­ճեա­ն յա­ջո­ղե­ցաւ, Ս. Թա­դէի վան­քի մօ­տա­կայ­քին, պա­տա­հա­բար յայտ­նա­բե­րել քա­րե­ղէն ոտք մը, որ բա­ցա­յայ­տօ­րէն դա­րե­րու կնի­քը կը կրէր իր վրայ: 

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Յու­նիսի 8-ին լրա­ցաւ 125-րդ տա­րե­լի­ցը հա­յու եր­գի­ծա­կան հան­ճա­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րող ան­մահն ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի վախ­ճա­նու­մին։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցա­կան եւ առ­հա­սա­րակ ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան գրա­կա­նու­թեան հիմ­քը դրուե­ցաւ այն օ­րուը­նէ, երբ 404 թուա­կա­նին մե­ծա­հան­ճար Մաշ­տո­ցը հայ­կա­կան տա­ռե­րը գտաւ եւ ա­ռա­ջին հայ գիր­քը գրուե­ցաւ։ Պատ­մա­կան այս նշա­նա­ւոր անց­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նկա­րագ­րեն հայ պատ­միչ­նե­րը՝ ցոյց տա­լով այն մեծ ու բազ­մօ­գուտ բա­րիք­նե­րը՝ որ հայ ժոող­վուր­դը այդ փոքր նշա­նա­խէց­նե­րէն ստա­ցաւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

ՆԱ­ՍԱ-ի կա­տա­րած մէկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ցոյց տուաւ, որ Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­րե­ւե­լեան ա­փի Լի­բա­նա­նը, Սու­րիան, Յոր­դա­նա­նը, Թուր­քիան, Կիպ­րոսն ու Պա­ղես­տի­նը նե­րա­ռող շրջա­նին մէջ, 1998 թուա­կա­նէն ի վեր սկիզբ ա­ռած անձ­րեւ­նե­րու քա­նա­կի նուա­զու­մը ինն տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ա­մե­նէն վատն է:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի տղոց պաս­քեթ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը վեր­ջերս սկսաւ մէկ ամ­սուան ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քի մը՝ պատ­րաս­տուե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի փոքր եր­կիր­նե­րու ա­խո­յե­նու­թեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ֆլո­րի­տա նա­հան­գի Օր­լան­տօ քա­ղա­քին մէջ, Յու­նիս 11-12-ի գի­շե­րը, միա­սե­ռա­կան­նե­րու յա­ճա­խած գի­շե­րա­բոյ­նի մը մէջ գոր­ծուած է ա­հա­ւոր ջարդ մը:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Եւ­րո­պա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ֆո­րու­մի խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց հեր­թա­կան հա­ւա­քը։ Այս շրջագ­ծով ա­նոնք հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ այս կա­ռոյ­ցը Եւ­րո­պա­յէ ներս ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ հար­թակ մըն է։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի համագործակցութեամբ յառաջ կը տարուի կարեւոր ծրագիր մը:
Հասարակութեան խոցելի խաւերէն ընտանիքներու երախաները պաշտպանելու ուղղեալ բազմակողմանի աշխատանքներ:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը եր­կա­րա­ժամ­կէտ հե­ռան­կա­րով պէտք է ձգտի ստեղ­ծել ընդ­հա­նուր տնտե­սա­կան գօ­տի մը՝ Լիզ­պո­նէն մին­չեւ Վլա­տի­վոս­թոք։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեր­քէլ այս մա­սին խօ­սե­ցաւ «Գեր­մա­նա­կան ըն­տա­նե­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու օ­րը» խո­րագ­րեալ խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին համերգը՝ Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ:
Կոմիտասի մահուան 80-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած երէկուան փառաւոր երեկոյթը կախարդեց բոլոր ունկնդիրները:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Ռուսաստան աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպում կը կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով ուշադրութիւնը կը լարուի Սէն Փեթերսպուրկի վրայ:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ մեծ յար­գան­քի ու հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած պա­տուա­կան դէմք մը՝ Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան։ Իր սե­րուն­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը բազ­մա­կող­մա­նի նպաստ բե­րած է հա­մայն­քա­յին կեան­քին։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հա­մերգ մը։ Այս­պէս, Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ման­կանց կազ­մը հան­դէս ե­կաւ իս­կա­պէս փայ­լուն ե­լոյ­թով մը։

Էջեր