Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016

Ե­րե­ւա­նի Գա­ֆէս­ճեան ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ (ԳԱԿ) պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուած է քան­դա­կա­գործ, Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նի ար­ձա­նի հե­ղի­նակ Ար­տա­շէս Յով­սէ­փեա­նի «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ» որմ­նա­քան­դա­կը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ սփիւռ­քա­հայ հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ, յայտ­նի դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն բարձր պար­գե­ւի մը ար­ժա­նի պի­տի դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թեան կող­մէ։ Այս­պէս, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ո­րո­շած է Շա­հան Արծ­րու­նին պար­գե­ւատ­րել «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» մե­տայ­լով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սա­ւոր ցե­րե­կոյթ մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը։ Մե­ծար­ման ցե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր ի պա­տիւ Ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տ. Ե­ղի­շէ Ա. Քհնյ. Սարգ­սեա­նի, Պար­գեւ Շահ­պա­զեա­նի եւ Պետ­րոս Պե­տի­րեա­նի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ բռնա­րարք մը կա­տա­րեց այն ցա­մա­քու­ղիին վրայ, որ կը միաց­նէ Վա­նի Չալ­տը­րան եւ Աղ­րըի Տո­ղու­պէ­յա­զըտ գա­ւա­ռակ­նե­րը։ Ճա­նա­պար­հի եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը ար­գե­լա­փա­կած ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Սո­ղուք­սուի շրջա­նէն ներս հրկի­զե­ցին տասն բեռ­նա­տար­ներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ անդրանիկ ժողովը, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սահմանադրութիւնն ու նախագահական դրութեան հաստատումը կը դասուին առաջնահերթ:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Անդ­րա­նիկ այն հա­զուա­թիւ հա­յե­րէն էր, որ կը բնա­կէր Սու­րիոյ Տա­րաա քա­ղա­քը, ուր­կէ կայծ ա­ռած էր եր­կի­րին մղձա­ւան­ջը: Հայ­րը, որ եր­կա­թա­գործ մըն էր, գոր­ծի բե­րու­մով Դա­մաս­կո­սէն տե­ղա­փո­խուած էր Տա­րաա եւ հոն հաս­տա­տուած:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լոն­տո­նի գլխա­ւոր փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ կը գտնուի աշ­խար­հահռ­չակ հայ ճար­տա­րա­պետ, Բրի­տա­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան թա­գա­ւո­րա­կան հիմ­նար­կի ան­դամ, հա­յազ­գի Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նի ղե­կա­վա­րած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը: Հպար­տու­թիւն է անց­նիլ Hexton փո­ղո­ցէն եւ հոն գտնուած գրա­սե­նեակ­նե­րու կար­գին կար­դալ Mossessian Architecture գրու­թիւ­նը:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան յա­րա­կից կա­ռու­ցուած երկ­նա­քե­րը խորհր­դան­շա­կան կո­թող մըն է՝ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն հա­մար վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ՝ որ­պէս շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք։

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Սահակեան-Նունեան լիսէի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւններու ծիրէն ներս:
Միջվարժարանային պատմուածքի մրցոյթը առիթ հանդիսացաւ մեր երիտասարդներու տաղանդի դրսեւորման:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան (ԹՄՄ) Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը, խորհր­դակ­ցա­բար Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան Վե­րա­կանգ­նու­մի ու միու­թեան շար­ժու­մին եւ ՌԱԿ-ի Հան­րա­պե­տա­կան վար­չու­թեան հետ, իր վեր­ջին նիս­տին ո­րո­շած է 50 հա­զար տո­լա­րի դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րել ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի մէջ զոհուած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ա­մե­րի­կեան հան­րա­յայտ երգ­չու­հի եւ դե­րա­սա­նու­հի Շեր (Շե­րի­լին Սարգ­սեան) Մա­յի­սի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Մա­յիսի 22-ին՝ աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­հայ եր­գիչ, եր­գա­հան, բա­նաս­տեղծ, գրող ու դե­րա­սան Շարլ Ազ­նա­ւուր դար­ձաւ 92 տա­րե­կան։ Այս առ­թիւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի 92-­րդ տա­րե­դար­ձը հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­տե­սի կեան­քին մէջ նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ համեր­գով մը: Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անուան հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշ­խար­հահռ­չակ եր­գի­չին 92-ա­մեա­կին:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

Գարակէօզեան Տան սեփականութիւնը՝ KEY PLAZA-ի չորրորդ յարկին վրայ պաշտօնապէս գործել սկսաւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին գրասենեակը, որու երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան - Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատուեցաւ բարեմաղթութիւններով եւ ծափողջոյններով:​
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցաւ ոչ-իսլամ համայնքներու հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ: Ֆէրիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած ճաշկերոյթին ընթացքին անմիջական զրոյց ծաւալուեցաւ բոլոր ներկաներուն միջեւ:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պո­լի­սի հա­րուստ հայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր եւ յայտ­նի տեղ կը բռնէին կա­թո­լիկ Տիւ­զեան­նե­րը՝ Աբ­բա­յեան, այ­սինքն՝ Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան­նե­րու ժո­ղո­վուրդ եւ Միու­թեան գա­ղա­փա­րին ջերմ պաշտ­պան, այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ Գոլ­լէ­ճեան­նե­րէն ա­տուա՛ծ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րուեստ էքս­փօ-2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ձօ­նուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի նոր կեդ­րո­նի մը, որ կը կո­չուի «Տա­շիր Սթրիթ»։ Հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր ընդ­հա­նուր մա­կե­րես ու­նի այս հա­մա­լի­րը, որ կա­ռու­ցուած է «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րի հի­ման վրայ, Մով­սէս Յա­կո­բեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կեն տու­ժել նաեւ երկ­րի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, որ Գա­միշ­լիի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած է հայ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ այ­սօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կ՚եզ­րա­փա­կուի վա­ղը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հա­մա­տեղ տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ աշ­խար­հի 60 եր­կիր­նե­րէ ղե­կա­վար­ներ հա­մախմ­բած է Իս­թան­պու­լի մէջ։

Էջեր