Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

ՏՔԹ. Յ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Ապ­րիլ 2-6 Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քին կազ­մա­կերպուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի զի­նուո­րա­կան եւ ա­մե­նաար­դիա­կան սպա­ռա­զի­նու­թեամբ ու ա­նակն­կա­լի ա­ռա­ւե­լու­թեամբ կա­տա­րուած գրո­հը Ղա­րա­բա­ղի վրայ, տե­ւեց հա­զիւ մէ­կու­կէս օր, երբ Ար­ցա­խի բա­նա­կը ազ­դու հա­կա­յար­ձա­կու­մով եր­կու օ­րուայ մէջ ետ մղեց քա­նի մը հա­րիւր մեթր Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ սահ­մա­նէն ներս թա­փան­ցած թշնա­մի բա­նա­կը, որ շատ ա­ւե­լի ծանր կո­րուստ­ներ կրեց քան հայ­կա­կան կող­մը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­խո­յեան­ներ Հռիփ­սի­մէ Խուր­շու­դեան եւ Նա­զիկ Աւ­դա­լեան մամ­լոյ հա­մա­տեղ ա­սու­լիս մը տա­լով ներ­կա­յա­ցու­ցին, թէ ինչ­պէ՛ս յա­ջո­ղե­ցան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գարնանային անձրեւ կայ Դիլիջան տանող ողջ ճանապարհին: Հակառակ ցերեկուայ ժամին՝ երկինքը մութ է, եւ սարերը պատուած են գարնանային մշուշով: Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին՝ Դիլիջան մեզ կը դիմաւորէ անձրեւէն մաքրուած հրաշալի օդով:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Մոն­կո­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըմբ­շա­մար­տի ո­ղիմ­պիա­կա­նի վար­կան­շա­յին մրցա­շար­քի ա­զատ ո­ճի մրցում­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի նո­րե­կը՝ Գէոր­գի Քե­թո­յեւ, 97 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ տի­րա­ցաւ ոս­կի մե­տայ­լին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կա­փառ­նաու­մի ժո­ղո­վուր­դին «իշ­խան»ը, այ­սինքն ժո­ղո­վա­րա­նին հո­գա­բար­ձու­նե­րէն մին՝ Յայ­րոս տաս­նուեր­կու տա­րե­կան աղ­ջիկ մը ու­նէր՝ որ ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ կը տա­ռա­պէր։
Յայ­րոս երբ լսեց որ Յի­սուս կու գայ, դի­մա­ւո­րեց զայն եւ ա­ղա­չեց որ գայ եւ բժշկէ աղ­ջի­կը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու բա­ժան­մուն­քին, ինչ­պէս նաեւ՝ Սօ­սէի եւ Ա­լէ­նի ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նար­կին, Ուր­բաթ, Ապ­րիլ 29-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-էն սկսեալ, Հո­լի­վու­տի Փոք­րիկ Հա­յաս­տան շրջա­նին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­րուես­տի իւ­րա­յա­տուկ հան­րա­յին ներ­կա­յա­ցում մը, ո­րու ըն­թաց­քին Տիգ­րան Հա­մա­սեան պի­տի կա­տա­րէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րու եւ հայ հո­գե­ւոր եր­գե­րու իր իւ­րա­յա­տուկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը հա­մադ­րող «Լոյս ի լու­սոյ» հա­մեր­գը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Ե­րե­ւա­նի Հա­լա­պեան փո­ղո­ցին վրայ պա­տա­հած պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս դէպ­քին պա­րա­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան վար­կա­ծը ամ­բող­ջու­թեամբ հեր­քուած է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի աստ­ղե­րէն Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նալ ֆութ­պո­լի աշ­խար­հէն ներս։ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան ներ­կա­յիս կը կրէ Պո­րու­սիա Տորտ­մուն­տի մար­զա­շա­պի­կը եւ Պուն­տես­լի­կա­յի մէջ կ՚ար­ձա­նագ­րէ ա­նան­տե­սե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

«Ա­նա­տո­լու Քիւլ­թիւր»ի նա­խա­գահ Օս­ման Քա­վա­լա վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Ան հրա­ւի­րուած էր մաս­նակ­ցե­լու «Աուրո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան եւ Ապ­րի­լի 24-ին այ­ցե­լեց նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս կ՚ապրուին ուշագրաւ խմորումներ:
Վարդան Օսկանեան նոր կուսակցութիւն մը կը հիմնէ. համագումարի համար պատրաստութիւններ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րու ազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Հա­լիտ Հո­ճա «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Սու­րիա­յէ ներս կը ծա­ւա­լի Ի­րան-Ռու­սաս­տան ա­ռանց­քին ազ­դե­ցու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Ե­րէկ, Պուր­սա­յի մէջ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­ւոր պայ­թում մը, որ խոր մտա­հո­գու­թիւն ստեղ­ծեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Քա­ղա­քի կեդ­րո­նին՝ Ու­լու մզկի­թի մեր­ձա­կայ­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ այս սար­սա­փե­լի պայ­թու­մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Փա­րի­զի մէջ ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­հա­բեկ­չու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն Ապ­տիւլ­սե­լամ Սա­լահ, որ վեր­ջերս Պրիւք­սէ­լի մէջ ձեր­բա­կա­լուած էր Պել­ժիոյ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ, ար­դէն յանձ­նուած է Ֆրան­սա­յին։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն ան Պել­ժիա­յէն տա­րուե­ցաւ Ֆրան­սա, ուր ի­րեն ներ­կա­յա­ցուե­ցան մե­ղադ­րանք­ներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէն Իւնալի յայտարարութիւնները՝ «Անատոլու» գործակալութեան:
Օսմանեան արխիւի փաստաթուղթերուն հազիւ կէսը դասաւորուած է ու բացուած՝ հետազօտութիւններու համար:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Ատրպէյճանի զօրքերը անընդհատ կը շարունակեն կրակի տակ պահել Արցախը՝ բնակելի շրջաններով հանդերձ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէյրան Օհանեան յայտնեցին, որ բանակցութիւնները չեն կրնար վերսկսիլ՝ առանց ռազմական գործողութիւններու կասեցման:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի հին­գե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պեց աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ա­նու­նով հաս­տա­տուած միջ­լի­սէա­կան լու­սան­կար­չա­կան մրցոյ­թը։ Իս­թան­պու­լի հա­րիւր տա­րուան լի­սէ­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն է այս մէ­կը, ո­րու դա­տա­կազ­մին ան­դա­մակ­ցե­ցան՝ Ա­րա Կիւ­լէր, Ռե­ֆիք Ա­քեիւզ, Սեչ­քին Թեր­ճան, Մա­նուէլ Չը­թաք, Եա­շար Սա­րա­ճօղ­լու, Սիլ­վա Պին­կազ եւ Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ֆութ­սա­լի մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին։ Մրցա­շար­քին մա­նա­ւանդ ա­ւար­տա­կան փու­լը ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ա­ւար­տա­կան խա­ղի ի­րա­ւա­րարն էր ա­կում­բի մար­զիկ­նե­րէն Մի­նաս Ա­սա։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016

Եւ ի վեր­ջոյ հա­սած է սպա­սուած օ­րը։ Այ­սօր ե­րե­կո­յեան, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­յէ, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թին ելոյթը՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սա ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ ա­մէն ճշմար­տու­թիւն յա­ճախ քօ­ղի մը ե­տին ծած­կուած կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի բա­ւա­կան չէ՛ ճշմար­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը, էա­պէս ներ­կա­յու­թիւ­նը. պէ՛տք է որ ա­նոր վրայ փռուա­ծը վեր­ցուի եւ ծած­կուա­ծը բա­ցա­յայտ­նուի։ Ճշմար­տու­թիւ­նը՝ ի­րա­պէս «ճշմար­տու­թի՛ւն» է, երբ կը տես­նուի իր ճշմա­րիտ ե­րե­սով եւ ոչ թէ՝ քօ­ղա­րուած եւ ծած­կուած

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016

Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը երէկ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը:
Շարլ Ազնաւուր տպաւորուած. «Տարիներ առաջ նման բան չկար Հայաստանի մէջ, շատ լաւ գործ կ՚ընէք»:

Էջեր