Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

​Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, սուր­ի­ա­հա­յութ­եան, յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մի­աս­նա­կան ո­գին ոչ միայն իր դրա­կան անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նար  դժուա­րու­թիւն­նե­րու դի­մա­կայ­ման կամ օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մադր­ման վրայ, այ­լեւ ու­ղի պի­տի հար­թէր, որ սուր­իահայ հա­մայն­քը տագ­նա­պին նկատ­մամբ մէկ ու մի­աս­նա­կան կեց­ուածք որ­դեգ­րէ՝ հա­մայն­քի  եւ սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րուն ծա­ռա­յե­լու, բայց մա­նա­ւանդ հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծե­լու հա­մե­րաշ­խու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան այն­պի­սի ա­ռողջ մթ­­նո­լորտ, որ պա­տե­րազ­մի յոր­ձա­նու­տին մէջ, հա­մայն­քը զերծ պա­հե­լով պա­ռակտ­ման ախ­տէն, վա­րա­կիչ պի­տի դառ­նար նա­եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը նա­խըն­թաց օր նա­խա­ճաշ մը կազ­մա­կեր­պեց Ֆլո­րիա­յի «Շա­զե­լի» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Շուրջ 250 հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­ԼԵՔՍ ԱՇ­ՃԵԱՆ

Ըն­կե­րա­բան­ներ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թիւ­նը կը բաժ­նեն եր­կու գլխա­ւոր խում­բե­րու՝ ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հե­տե­ւորդ­ներ: Ե­րա­նե­լի է այն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ազ­գը, ժո­ղո­վուր­դը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւայլն, ո­րոնք ու­նին ար­դար եւ ի­մաս­տուն ա­ռաջ­նորդ­ներ կամ ղե­կա­վար­ներ: Պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս ն­­աեւ մեր ներ­կան, մե­զի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլու­խը» ա­ռողջ է, «մար­մին»ը իր լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ կ­­՚ըլ­լայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

20-րդ դա­րու ա­մե­նա­յայտ­նի կի­նե­րէն մէ­կուն՝ Հո­լի­վու­տի դե­րա­սա­նու­հի, երգ­չու­հի Մեր­լին Մոն­րո­յին պատ­կա­նած ի­րե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոն այս տա­րի Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կը հա­նուի ա­ճուր­դի։ Կ՚են­թադ­րուի, որ հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ նե­րա­ռուած ու­շագ­րաւ նմոյշ­նե­րը պի­տի վա­ճա­ռուին շուրջ 4 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ի­տա­լա­ցի հե­տա­զօ­տող­ներ յա­ջո­ղած են տաս­նա­մեակ­ներ տե­ւած ո­րո­նում­նե­րու ար­դիւն­քին գտնել Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի հան­ճար­նե­րէն մէ­կուն՝ Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի՝ 21-րդ դա­րուն ապ­րող բա­րե­կամ­նե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Սպա­նիոյ Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին 2017 թուա­կա­նին զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար բա­նալ հան­ճա­րեղ ճար­տա­րա­պետ Ան­թո­նիօ Կաու­տիի ա­մե­նաա­ռա­ջին գլուխ­գոր­ծո­ցը՝ հան­րա­յայտ Վի­սեն­սի տու­նը:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Հե­ղի­նակ՝ ՏԱ­ՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐ­ՏԸ­ՄԵԱՆ
Գրա­խօ­սեց՝ ԶԱ­ՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

«Հայ վա­նա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը եւ վար­դա­պետ­նե­րու դա­սա­կար­գը 2015» գիր­քը՝ ըն­տիր տպագ­րու­թեամբ, 165 է­ջե­րու մէջ պատմու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Հայ Վա­նա­կա­նու­թեան, զու­գոր­դե­լով զայն ա­կա­դե­մա­կան աս­տի­ճա­նի ար­ժա­նի վար­դա­պետ­նե­րու դա­սա­կար­գին հետ, որ­պէս վաս­տակ եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­կին վա­յել բարձ­րա­ցում։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ու «Hayata Bağış» միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պա­քըր­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն նպա­տակն էր քա­ջա­լե­րել «Ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման» գա­ղա­փա­րը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս կը շա­րու­նա­կուին վեր­ջերս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած ման­կապղ­ծու­թեան գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ պնդում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ներ­քին քննու­թիւն­նե­րը։ «News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս քննու­թիւ­նը կ՚եր­կա­րի, ո­րով­հե­տեւ նոր նիւ­թեր յայտ­նա­բե­րուած են։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ դէ­պի Ար­ցախ կա­տա­րուած զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը եւս։ Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, «Լոս Ան­ճե­լըս Թայմզ» լայ­նա­տա­րած օ­րա­թեր­թը ա­մէն Ապ­րի­լի սկիզբ կը կազ­մա­կեր­պէ գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը՝ USC հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Շա­բա­թա­վեր­ջի մը, եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող եւ մուտ­քը ա­զատ այս ձեռ­նար­կին միշտ կ՛ակն­կա­լուի ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր հա­զար այ­ցե­լու:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Մեծն Բրի­տա­նիոյ մէջ Ալ­ֆի ա­նու­նով շու­նը, որ կը տի­րա­պե­տէ ֆութ­պո­լի հիա­նա­լի հնարք­նե­րու, ստա­ցած է «Ronaldog» ա­նու­նը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Մեծն Բրի­տա­նիոյ Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի բա­ցուի աշ­խար­հահռ­չակ սպա­նա­ցի գե­ղան­կա­րիչ Փապ­լօ Փի­քա­սո­յի կտաւ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ա­ռա­ւե­լա­բար տեղ պի­տի գրա­ւեն ա­նոր ինք­նան­կար­նե­րը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Մա­կա­տան քա­ղա­քին մէջ գտնուող տու­նը, որ վեր­ջերս վա­ճառ­քի հա­նուած է, ար­դէն գրա­ւած է շարք մը հարուեստ գնորդ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ա­մե­րի­կեան Google ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գը ներ­կա­յա­ցու­ցած է սե­փա­կան օ­րա­ցոյ­ցի թար­մա­ցուած տար­բե­րա­կը, որ ստա­ցած է Goals (նպա­տակ­ներ) ան­վա­նու­մը: «Խե­լա­ցի» օ­րա­ցոյ­ցը կրնայ օգ­տա­տի­րոջ օ­րա­կար­գին մէջ ինք­նու­րոյն ժա­մա­նակ գտնել ո­րե­ւէ օգ­տա­կար բա­նով զբա­ղե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

«Նոպէլեան օրեր Երեւանի մէջ» ծրագիրը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն:
Դափնեկիր հիւր գիտնականները այցելեցին նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Պատրիարքարանի հրաւէրով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երգչախումբը մեր մէջ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը դահլիճի երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին շուրջ մեծ ո­դի­սա­կա­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ առգ­րա­ւուած այս հա­մայն­քա­պատ­կան տա­րած­քը վեր­ջին բա­րե­փո­խում­նե­րուն զու­գա­հառ վե­րա­դար­ձուած էր Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան վրայ. այն ճշմար­տու­թեան մա­սին՝ որ ան­փո­փոխ է եւ մշտնջե­նա­ւոր։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին մտքի ըմբռ­նո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը սահ­մա­նա­ւոր է։ Ան կը կար­ծէ հասկ­նալ եւ ըմբռ­նել ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, բայց հա­զիւ մէկ մա­սը միայն կրնայ ի­մա­նալ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ուք­րայ­նոյ մէջ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը յանձ­նուե­ցաւ Վլա­տի­միր Կրոյս­մա­նին։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­սե­նի Եա­ցէ­նեուք հրա­ժա­րած էր վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն եւ այս­պէ­սով անհ­րա­ժեշտ դար­ձած՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը։

Էջեր