Արխիւ
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երկու տասնամեակներէ ի վեր, «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած օրաթերթը ամէն Ապրիլի սկիզբ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս մը՝ USC համալսարանին մէջ: Շաբաթավերջի մը, երկու օրերու վրայ երկարող եւ մուտքը ազատ այս ձեռնարկին միշտ կ՛ակնկալուի աւելի քան երկու հարիւր հազար այցելու:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ալֆի անունով շունը, որ կը տիրապետէ ֆութպոլի հիանալի հնարքներու, ստացած է «Ronaldog» անունը:
Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին մէջ յառաջիկայ աշնան պիտի բացուի աշխարհահռչակ սպանացի գեղանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի կտաւներու ցուցահանդէսը, ուր առաւելաբար տեղ պիտի գրաւեն անոր ինքնանկարները։
Ռուսաստանի Մակատան քաղաքին մէջ գտնուող տունը, որ վերջերս վաճառքի հանուած է, արդէն գրաւած է շարք մը հարուեստ գնորդներու ուշադրութիւնը:
Ամերիկեան Google որոնողական համակարգը ներկայացուցած է սեփական օրացոյցի թարմացուած տարբերակը, որ ստացած է Goals (նպատակներ) անվանումը: «Խելացի» օրացոյցը կրնայ օգտատիրոջ օրակարգին մէջ ինքնուրոյն ժամանակ գտնել որեւէ օգտակար բանով զբաղելու համար։
Etihad Airways օդային ընկերութեան չուերթներէն մէկուն ընթացքին օդաչուն անակնկալ որոշմամբ հրաժարած է օդ բարձրանալէ՝ հնարաւորութիւն տալով ուղեւորներու շարքին գտնուող տարեց զոյգին հասնիլ հիւանդանոցի մէջ մահամերձ պառկած իրենց թոռան։
Ֆրանսայի հարաւին երեւան բերած են 400-ամեայ գեղանկար մը, որ հաւանաբար կը պատկանի իտալացի գեղանկարիչ Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարավաճիոյի վրձինին։
Ֆրանսայի Տոլ քաղաքի բնակիչը իր հիմնած հացի փուռը 1 եւրոյով վաճառած է տեղւոյն անօթեւաններէն մէկուն։ 2015 թուականին փուռին տէրը՝ Միշէլ Ֆլաման, թունաւորուելով ածխաթթուէ, հազիւ փրկուած է մահէն։ Այն ժամանակ Ֆլամանին օգնած է 37-ամեայ անօթեւան Ժերոմ Օկան, որ կանչած է փրկարարները՝ այդպէսով թոյլ չտալով, որ ան մահանայ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին առթիւ Թուրքիա կ՚այցելէ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Էրտողան գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարներուն հետ կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ գիշեր շարունակեց ռմբակոծել Մարտակերտն ու Հադրութը եւ հետախուզական ներթափանցման փորձ մը կատարեցին դէպի Արցախ:
Երեւան ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցած է Պաքուի հովանաւորած վայրագրութիւններու վերաբերեալ հարցերը:
13 թուանշանը չարագուշակ կը համարուի շատերուն կողմէ:
Հրեաներուն քով շատ աւելի շեշտուած է այդ նախապաշարումը, մանաւանդ երբ ամսուան 13-րդ օրը Ուրբաթ օրուան մը հանդիպի:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն, երբ ողջ հայութեան ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, ուր կենաց մահու կռիւ կը տարուի, Հայաստան ժամանած են մեր ժամանակներու ամենէն նշանաւոր մարդոցմէ հինգ Նոպէլեան մրցանակակիրներ: Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը կազմակերպած է «Նոպէլեան օրեր Երեւանի մէջ» գիտական ձեռնարկը, որ մեր երկրի մէջ երբեւէ կազմակերպուած ամենէն նշանակալի գիտական միջոցառումն է:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին օրհնաբեր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Արցախ:
Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպում - Գանձասարի սրբազան կամարներուն ներքին աղօթք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (ՅՈՎՀ. Է 37)։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը:
ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը վերածուի խաղաղութեան հնարաւորութեան:
Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ «Hangisi Babası» անուն զաւեշտը միութեան թատերախումբին կողմէ պիտի բեմադրուի՝ բեմադրիչ Մերթ Ասութայի մականին ներքեւ։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հարցերու վերաբերեալ քննարկում մը։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուցած էր այս մասին։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Կեանքը աւելի կը կապկէ արուեստը, քան արուեստը՝ կեանքը:
ՕՍԿԱՐ ՈՒԱՅԼՏ
Սէն Փեթերսպուրկի Պալէի պետական ակադեմական թատրոնը ներկայիս կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Նշանաւոր այս խումբին հիւրախաղերը կ՚արժանանան գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։