Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Էրտողան Իլհամ Ալիեւին ցաւակցութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած ազէրի զինուորներուն համար:
Թուրքիա կը շարունակէ անվերապահօրէն դիրք գրաւել Ատրպէյճանի կողքին: Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ բողոքի ձայներ կը բարձրանան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Արցախի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան՝ 1994 թուականին հաստատուած հրադադարէն ի վեր ամենախոշորածաւալ բախումները. կը տուժեն նաեւ խաղաղ բնակիչները:
Ահազանգային ծայրայեղ կացութիւն:
Անկանխատեսելի հետեւանքներով արկածախնդրութիւն:
Հարաւային Կովկասը կը դառնայ ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ-Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ մատուցուած տուեալները հարցականի տակ կը թողուն Պաքուի պնդումները:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին Կի­րա­կիին՝ Նոր Կի­րա­կի օ­րը, ե­րէկ, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 161-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լորտ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին ա­ռի­թով Ե­րե­ւա­նի Թատ­րո­նի եւ շար­ժա­պատ­կե­րի պե­տա­կան հիմ­նար­կը եւ Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած են «Հայ­րե­րի հող» խո­րագ­րով կարճ տե­ւո­ղու­թեամբ ժա­պա­ւէն­նե­րու մրցում մը, ո­րուն հա­մար կա­րե­լի է դի­մում ներ­կա­յաց­նել մին­չեւ Ապ­րի­լի 25-ը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նա­կը ա­մէն տա­րի Ապ­րի­լին պի­տի շնոր­հուի մէկ հո­գիի եւ ընտ­րուած թեկ­նա­ծուն կը ստա­նայ 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պար­գեւ եւ նուի­րա­տուու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նոր­հի ներ­կա­յաց­նե­լով ի­րեն ո­գեշն­չած մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­տապ ձե­ւով ար­ձա­գան­գեց Լեռ­նա­յին Ղարա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նա­խա­պէս ը­սինք, թէ Ե­ղիա­զա­րի դէմ պայ­քա­րող­նե­րէն մէկն էր եւ Մար­տի­րոս Կա­ֆա­յե­ցի Վար­դա­պե­տը՝ որ ա­մէն մի­ջոց գոր­ծա­ծեց Ե­ղիա­զա­րը տա­պա­լե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Ա­մե­րի­կա­ցի մտա­ւո­րա­կան Սաուլ Ա­լինս­քի մա­հա­ցած է՝ 44 տա­րի ա­ռաջ. սա­կայն, ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը խո­րին նե­րազ­դե­ցու­թիւն դրոշ­մած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կարգ մը քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն, հո­գի­նե­րուն եւ սրտե­րուն մէջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լու ենք, թէ Ա­լինս­քիի յղա­ցած տե­սու­թիւն­նե­րը մին­չեւ այ­սօր կը կի­րար­կուին այս ժո­ղո­վուր­դին վրայ. իր տե­սու­թիւն­նե­րով ու­սա­նած, մաս­նա­գի­տա­ցած եւ թէ­զեր պաշտ­պա­նուած են քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու կող­մէ, ո­րոնք այ­սօր այս ժո­ղո­վուր­դին ղե­կա­վա­րու­թեան կո­չուած ան­ձեր են, ինչ­պէս՝ Ո­ւի­լիըմ Քլին­թըն, Հի­լը­րի Քլին­թըն, Պա­րաք Օ­պա­մա, Հեն­րի Քի­սին­ճըր, Ռահմ Է­մա­նուէլ եւ բա­զում այլ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­ներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ յայտ­նի մե­ներ­գիչ Ռու­բէն Հախ­վեր­տեա­նի հա­մեր­գը։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

«Ղազարոս Սարեան» լարային քառեակի ելոյթը՝ «Կոմիտաս» թանգարանին մէջ:
Մէկուկէս տարուան ընթացքին յաջողութիւն արձանագրած համոյթը բարձր գնահատանքի առարկայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

Փարիզի մէջ INALCO-ի հայկական ամպիոնին նախաձեռնութեամբ շահեկան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Տիգրան Պասկեւիչեան եւ «Վերսուս սթիւտիօ»ի ստեղծագործական խումբի իր գործընկերները խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն՝ Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթի տարիները:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն ներ­կայ ամ­սուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Սա պի­տի ըլ­լայ իր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ե­րե­ւան։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​28 Մար­տը կա­րե­ւոր թուա­կան պէտք է հա­մա­րել ռուս-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վեր­ջին հանգ­րուա­նի տո­մա­րին մէջ: Այդ օր Մոս­կուա ժա­մա­նեց ա­մե­րի­կեան CIA-ի տնօ­րէն Ճոն Պրե­նըն: Ճիշդ է, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, սա­կայն այս մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­ներ աչ­քի կը զար­նեն, ո­րով­հե­տեւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան գոր­ծիչ­նե­րու մի­ջեւ կա­յա­ցած փոխ­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը կ՚ու­նե­նան շատ ա­ւե­լի մեծ ազ­դե­ցու­թիւն, քան քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ար­դիւնք­նե­րը:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովը եզրափակուեցաւ յայտարարութեամբ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շաբ­թուան սկիզ­բին պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Պար­տի­զակ եւ Ար­մաշ։ Դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ հա­մա­կիր­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ւագ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ Հայ Ե­կե­ղե­ցին «Խա­ւար­ման Գի­շեր» կամ «Լա­ցի Գի­շեր» կը կո­չէ Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թիէն Ա­ւագ Ուր­բաթ եր­կա­րող գի­շե­րը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016

Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան Սպիտակ տան մէջ:
Իշիպ-ի ոչնչացման քայլերուն շուրջ խորհրդակցութիւն:
Հանրապետութեան նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ CNN հեռուստակայանի յայտնի աշխատակից Քրիստիան Ամանփուրին. «Թուրքիա մնաց առանձին»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին հիւ­րըն­կա­լեց Սիվ­րի­հի­սա­րի քա­ղա­քա­պետ Հա­միթ Եիւ­զիւ­կիւլ­լիւն։ Ան Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր Սիվ­րի­հի­սա­րի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­սակ­ցե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։

Էջեր