Արխիւ
Թրքահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման:
Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները:
Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայոց հերթական ցուցահանդէսը։ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս-տօնավաճառը այս անգամ եւս արժանացաւ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը պիտի տրամադրուի Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը՝ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան ի Տէր հանգեաւ Ուրբաթ Մարտ 18, 2016, Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Հայկական հանգստեան տան մէջ: Եղիշէ Արքեպիսկոպոս 91 տարեկան էր:
Լաս Վեկասի մէջ պիտի բացուի գանատահայ մեծանուն նկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերուն ցուցահանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը գրեց, թէ տեղւոյն «Պելաճիօ» ցուցադրասրահին մէջ պիտի բացուի անմոռանալի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի ցուցահանդէսը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն վերջնական նպատակը եւ գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ լուծումը։
Այսօր կէս գիշերին պիտի սկսի ամրան ժամու դրութեան գործադրութիւնը։ Ժամը՝ 03.00-ին ժամացոյցները պիտի առնուին ժամ մը առաջ։ Ուժանիւթի խնայողութեան համար կը կատարուի այս կարգադրութիւնը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։
Տաղաւարի օր մը դարձեալ... Սուրբ Զատիկը կը թակէ մեր դռները։ Հայաստենեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան հոգեւոր հրճուանքով համակուած է՝ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Համայն քրիոտոնեայ աշխարհը տօնական ցնծութեան մէջ է, իսկ այդ ուրախութեան մէջ անպակաս՝ խաղաղութեան մաղթանքը համայն աշխարհին համար։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկի տօնի առթիւ սովորութիւն է եւ ժողովրդական-մշակութային աւանդութիւն՝ հաւկիթ ներկելը, ձուախաղը կամ հաւկիթներ իրար զարնելով մրցելու սովորոյթը։ Արդարեւ Զատկի տօնը եւ հաւկիթը կարծես նոյնացած է թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքէն ներս եւ այս սովորութիւնը, սերունդէ սերունդ շարունակուելով «աւանդութեան» արժէք է ստացած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս սոսկ պատմական դէմք մը չէ, այլ անժամանակ յաւիտենականութեան մէջ յարակենդան եւ գործօն անձնաւորութիւն մը։ Ան «կենդանի Աստուծոյ Որդին»՝ Ինք կենդանի Աստուած է։ Յիսուս հաստատեց այս ճշմարտութիւնը.
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յա-րութեան տօնին առթիւ։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Յարեար ի մեռելոց Քրիստոս,
Այսօր զդոժխս աւերեալ,
Եւ կենդանութիւն պարգեւեցեր
Արարածոց քոյով յարութեամբդ»
(Շարական)։
«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
- Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուցին ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններ։ Ռազմաօդային զօրքերը ոչնչացուցին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան 11 թիրախները։
29 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Դանիա մրցումը, որ կը գտնուի Եւրոպայի քսանմէկ տարեկանէն վար 2017-ի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
ԱՅՏԱ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ-ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի մօտեցումի ձեւ մը առ Աստուած: Ոմանք առանձնանալով կը ջանան կեդրոնանալ ու խոկալ, ոմանք ալ արտասանութեան ձեւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սորված են իրենց մեծերէն, յաճախ չհասկնալով իմաստը իրենց ըսածին:
Վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արցախի Տնտեսութեան փոխ-նախարար Սէրկէյ Շահվերտեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մահը՝ կեանքին անխուսափելի վախճանն է։ Մահուան քրիստոնեայ իմաստը կը յայտնուի Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան «Զատկական խորհուրդ»ին լոյսին մէջ, այն Քրիստոսին՝ որուն վրայ դրուած է մարդուս միա՛կ յոյսը։ Քրիստոնեան որ կը վախճանի ի Քրիստոս Յիսուս, «կը թողու այս մարմինը եւ կ՚երթայ բնակելու Տիրոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասսէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լուքաս Կասսէր Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու նախագահն է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ յայտնի իրաւաբանը մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պետական լրջագոյն վերաբերմունք:
Անթիլիասի կողմէ սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար բացուած դատին շրջագծով՝ սահմանադրական ատեանը հարցը յանձնած Է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման:
Ըստ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի, մինչեւ աշուն կրնայ արձակուիլ վճիռը: Չի բացառուիր, որ բարձրագոյն դատարանը յարմար նկատէ առաջին օղակներէն սկսեալ այս թղթածրարին քննարկումը: