Արխիւ
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Մեծ պահքի նախավերջին Կիրակին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներէն Արիս Թիրեաքիեան լողի մէջ կայուն թափով կ՚արձանագրէ յաջողութիւններ եւ վերջերս նուաճած է Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։
Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ նախարարական մակարդակով միջազգային խորհրդաժողով մը:
Մշակուած ծրագիրներուն յաջողութիւնը կախում ունի միասնական հասարակական կարծիքի ձեւաւորումէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսական ուժերուն Սուրիայէն հեռանալու որոշումը անսպասելի չէր: Միակ կարեւոր հարցումը, որ կ՚ուրուագծուէր, թէ ինչու հեռացումը կը կատարուէր այս հանգրուանին՝ տրուած ըլլալով, որ այդ ուժերուն Սուրիոյ մէջ տեղեկայուելու տուն տուող հիմնական պատճառը ցարդ չէ վերացած:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած եւ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած այս մրցաշարքը նախատեսուած էր միջնակարգներու մակարդակին համար։
Հայաստան այս տարի կը վարէ Eurocontrol-ի մշտական յանձնաժողովի նախագահութեան պաշտօնը:
Երեւանի որդեգրած «բաց երկինքի» քաղաքականութիւնը՝ զբօսաշրջութեան զարգացման նախադրեալ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի Ծնողաց միութեան եւ Քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առարկայ դարձաւ անմիջական հետաքրքրութեան։
Վիրաւորեալներու շարքին կայ հայ մը:
Իսթանպուլի սրտին՝ Իսթիքլալ պողոտային վրայ այսօր ժամը շուրջ 11.00-ին պատահեցաւ ահաբեկչական պայթում մը։ Պէյօղլուի գաւառապետարանի շէնքին մօտ պատահած պայթումին զոհ գնաց չորս հոգի։ Կենդանի ռումբն ալ մահացաւ տեղւոյն վրայ։ Կան տասնեակ վիրաւորեալներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, Մեծ պահոց եօթը կիրակիները նուիրուած են զանազան յիշատակներու՝ որոնք թէ՛ որպէս Սուրբ գրային իրադարձութիւններ եւ թէ որպէս խրատական առակներ խօսուած են մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան։ Իննսուն տարեկան հասակին վախճանած հանգուցեալ Սրբազան Հայրը կեանքի վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Այնճար, 1990: Դեկտեմբերի ցուրտ գիշեր մը, պաղէն պաշտպանուելու համար մենք ալ ամէնուն պէս վարած էինք սոպան:
Այսօր կը մեկնարկէ «Մոլորակի ժամ» համաշխարհային բնապահպանական արշաւը, որուն նպատակն է հասարակութիւնը, գործարար աշխարհը, համայնքներն եւ այլ շահագրգիռ կողմերը միաւորել՝ լոյսերը մէկ ժամով անջատելու գաղափարին շուրջ՝ յանուն մեր մոլորակի կենսական պայմաններու եւ աղբիւրներու պահպանման:
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կայացած IMGA (International Mobile Gaming Awards) մրցանակաբաշխութեան ժամանակ հայկական Shadowmatic խաղը լաւագոյնը ճանչցուած է միանգամայն երկու անուանակարգի մէջ:
Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ պարգեւատրուած է Փիոս Պապի ասպետական ուխտի Մեծ խաչի շքանշանով:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջին օրերուն դէպի Յունաստան կատարուած այցելութեան։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ Աթէնք-Երեւան յարաբերութիւնը որակեց հիւանդագին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այդ գագաթաժողովը վարեց ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլ։
Մելիքճան Զաման Պաքըրգիւղի մէջ հիմքը դրած է գեղարուեստի կրթութեան ուղղեալ հաստատութեան մը:
Յայտնի արուեստագէտին նախաձեռնութիւնը փայլուն հեռանկարներ կը խոստանայ՝ ծրագրին ներգրաւուած մասնագէտներով:
Շիշլիի գերեզմանատան մէջ կը զետեղուի երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի արձանը։ Այս կապակցութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ տեսակցեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Գումգաբուի ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան, որ ստեղծագործած է Օրմանեան Պատրիարքի արձանը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ հերթական ընտրութիւն:
Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան օրհնեց նորընտիր Թեմական խորհուրդին անդամները, որոնց մաղթեց յաջողութիւն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլուն։ Զրոյցին ընթացքին քաղաքապետը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ ամիս կը նախատեսեն կազմակերպել «Ներքին գործարաններու նուիրաբերման» մասին հաւաքոյթ մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ կրօնական առաջնորդներ։