Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ձօ­նուած է հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին եւ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ երկ­րորդ ան­գամ։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Իսթանպուլահայ վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ երեկոյեան կարեւոր նիւթերու շուրջ խորհրդակցեցաւ համայնքային դպրոցներու պատասխանատուներուն հետ:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պա­հոց 40 օ­րուայ պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջա­նը երբ կը բո­լո­րենք եւ օ­րե­րը կը հաս­նին ի­րենց լրու­մին, հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան մի­ջո­ցով հո­գե­ւոր հա­շուե­յար­դար մը կը կա­տա­րեն եւ ո­րոնք կա­րո­ղա­ցած կը զգան ի­րենք զի­րենք նուա­զա­գոյն կեր­պով հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած ըլ­լալ այս շրջա­նին ի­մաս­տին ու նպա­տա­կին, գո­հու­թեան զգա­ցու­մով կ՚ու­րա­խա­նան։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Յան­դուգն դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կոյ մը, մա­նա­ւա՛նդ այս օ­րե­րուն հա­մար, նուի­րուած Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու յատ­կա­պէս ա­րաբ, պար­սիկ, իս­լամ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուեստ­նե­րուն: Ու այս ի­մաս­տա­ւո­րուե­ցաւ մաս­նա­ւո­րա­պէս երբ կը տրուէր Մեն­հե­թը­նի սրտին՝ «Նիւ Եորք Քա­ղա­քի հա­մալ­սա­րա­ն­»ի «Ա­ւար­տա­կան­նե­րու կեդ­րո­ն­»էն ներս, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նա­կի մը հա­մար որ գե­րա­զան­ցա­պէս լե­ցուն է հրեա­նե­րով ու նաեւ՝ հա­կաա­րաբ ու հա­կաիս­լամ զգա­ցում­նե­րով:

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սաղիմահայ բանաստեղծուհին Երեւան վերջին այցելութեան օրերուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տալով՝ բաժնեց իր խոհերը Հայաստանի մասին:
Անուշ Նագգաշեան. «Եթէ մարդիկ աւելի ազնիւ ըլլային, աւելի մօտ ըլլային գիրին ու արուսետին, արդէն այսքան չէր չարանար աշխարհը»:
 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եզ­նիկ կը ճանչ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս Կո­րիւ­նի եւ Խո­րե­նա­ցիի հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու չա­փով։ Եզ­նիկ, այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն ծնած է Կողբ գիւ­ղին մէջ, Դ. դա­րուն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը ե­րէկ փայ­լա­տա­կեց «Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թի ճա­կա­տին։ Ի՜նչ մեծ պա­տիւ մե­զի հա­մար։ Ե­րե­ւա­կայ­եցէք, երկ­րի սրտին վրայ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում պա­տա­հեր է, սա­կայն ա­լե­հեր խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան յար­մար դա­տեր է իր թեր­թին ճա­կա­տը յատ­կաց­նել մե­զի։ Զգա­ցո­ւած ենք. այն աս­տի­ճան, որ չենք ու­զեր թո­ղուլ ա­նար­ձա­գանգ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի դար­մա­նու­մը կը շա­րու­նա­կուի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ։ Ե­րէկ, Ա­րա Կիւ­լէր ո­րոշ ժա­մա­նակ հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս գա­լով են­թար­կուե­ցաւ ըն­թա­ցիկ տիա­լի­զին եւ ա­ւե­լի վերջ վե­րա­դար­ձաւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շարք մը՝ ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ Ար­ման Մա­նու­կեա­նի։ 3x3 ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը այս տա­րի հա­մընկ­նե­ցաւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ քիւր­տե­րու ճա­կա­տա­գի­րը ան­յայտ է եւ ա­նոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին որ­պէս պա­տե­րազ­մի գոր­ծիք մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Յու­նա­կան Կիպ­րոս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի կող­մէ։ Ան կղզիի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Հայրի Ինէօնիւ կը ձգտի աւելի համակարգուած կապեր մշակել փոքրամասնական համայնքներուն հետ:
Սիրան Սուրքի կը նախատեսէ քաղաքապետարանին հետ ապահովել կամուրջ մը՝ բոլորի սպասումները արդարացնելու համար:

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ վերջին շրջանին խտացած որոնումներէն վերջ յստակեցման համար ջանքեր:
Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի գաղթականներու հրատապ հարցով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ կը ձգտին նոր ուղղութիւն մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերստին կը մէկտեղուի եւրոպացի ղեկավարներուն հետ:

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ պա­հոց շրջա­նի վեր­ջին Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր Ժի­րայր Օ­հա­նեան Չա­քը­րի յի­շա­տա­կին։ Մին­չեւ տաս­ներ­կու տա­րե­կան մար­զիկ­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ա­րագ ճատ­րա­կի մրցա­շարք մըն էր այս մէ­կը, ո­րու սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նը՝ ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Գում­գա­բու։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

«Պո­ղա­զի­չի» տե­սո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ներ­կա­յա­ցում մը սար­քեց Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Քրիս­տին Սա­լե­րի» հիմ­նար­կը թա­փով կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ Իս­թան­պու­լի եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։ Ան­մահ նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լե­րիի յի­շա­տա­կը կեն­դա­նի պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կ՚աշ­խա­տի այս հիմ­նար­կը, որ զու­գա­հե­ռա­բար ծնունդ կու տայ գե­ղա­րուես­տա­կան նոր շար­ժում­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Տանըլտ Թուսք երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վարչապետ Տավուտօղլու կողմէ:
Թուրքիա եւ Եւրոմիութիւնը ահաբեկչութեան դէմ հանդէս կու գան միասնականութեամբ:

Էջեր