Արխիւ
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) 43 տարի առաջ հեռացաւ այս կեանքէն՝ հայոց սերունդներուն աւանդ ու ժառանգ կտակելով գրական-ստեղծագործական խորախորհուրդ եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաղաղութեամբ՝ խաղաղութեան համար ողջունել՝ բարեւել, ո՜րքան կարեւոր է մարդկութեան համար։
Երէկ, Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդած մեռելոցի օրը, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեան։
Անցնող օրերուն համացանցի մէկէ աւելի օգտատէրեր գրեցին Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օրուան ճիշդ թուականի նշման մասին: Իւրաքանչիւրը տարբեր մեկնակէտ ունենալով կը փորձէր համոզում ձեւաւորել, որ «իր» համայնքին կողմէ ընդունուած օրն է ճիշդը՝ տօնելու Սուրբ Ծննդեան օրը:
Թրքահայ հաւատացեալները լիուլի ապրեցան տարուան առաջին տաղաւարին առթած զգացումները՝ մեր բոլոր թաղերու աւանդական արարողութիւններով:
Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին համայնքային շրջանակները զիրար ողջունեցին Սուրբ Ծննդեան տօնական աւետիսով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ։
Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ պատգամը: Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հոգեհանգիստ», տարացիօրէն կը նշանակէ՝ «ննջեցեալի հոգիներու յաւիտենական հանգիստին համար աղօթք, պատարագ»։ Արդարեւ «հոգի» բառը՝ բնիկ հըն-դեւրոպական «pouiio», «peu», «pau», փչել, հով հանել, ուռեցնել, սուլել եւ «հոգի»ն աւանդել, արմատէն կու գայ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան շրջանին տեղի ունեցան երկու փայլուն աւանդական հանդէսներ, որոնք տօնական տրամադրութիւն ստեղծեցին աշակերտութեան մօտ։ Դեկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին կազմակերպուած խրախճանքներուն ժամանակ տօնական շրջանի ոգեւորութեան մասնակից եւ իմաստին հաղորդակից դարձան մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաները։
Պէյօղլուի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, Քասըմփաշայի մարզական համալիրէն ներս անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան զանազան վարժարաններէ չորս հարիւր աշակերտներ։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Էսաեան վարժարանէն Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ, որոնք մրցեցան աստղերու դասաւորման մէջ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տաղաւարի շրջանին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն ներս ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբն ալ անմասն չմնաց ստեղծուած մթնոլորտէն, մասնաւորապէս իր մանկապատանեկան կազմով։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ Յունուարի 5-ի երեկոյեան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ «Թուրքիոյ մէջ հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն ու պատմութիւն» գիրքին հեղինակը՝ Թալին Սուճեան։ Հիւրընկալ հիմնարկին անունով Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս հաւաքոյթը։
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (ՄԱՏԹ. Ա 23)։ Եւ Յիսուս ծնաւ՝ մո՜ւթ էր, խաւա՜ր էր աշխարհ, եւ աշխարհի խաւարը լուսաւորուեցա՛ւ, քանի որ Աստուած մարդացաւ եւ Աստուած մեզի հետ եղաւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճրագալոյցի ուրախարար օրն է: Վաղը համայն հայութիւնը կը տօնէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, իսկ մինչ այդ, այսօր, նախատօնակի այս հրաշալի առիթով, կը համախմբուի եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայ ըլլալու Ճրագալոյցի պատարագին:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ո՜վ մանուկ Յիսուս, շուարած հովիւներուն նման` անթարթ աչքերս համեստ մսուրի մէջ ծուարած աստուածային անհունիդ սեւեռած եմ։
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց։
(Փիլիպպեցիս. 2.7-8)
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններ իրականացնել Սուրի մէջ, Տիարպաքըր։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն զինուոր մը նահատակուած է այս գործողութիւններուն շրջագծով։
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորականը 2016 թուականը դիմաւորեց Իսթանպուլի մէջ: Քլոտ Մութաֆեան կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ ժԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան. «Ոչ ոք խաղաղութիւն պիտի նուիրէ մեզի»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին անհանգստութիւն յայտնեց Արցախի ճակատին վրայ առկայ իրավիճակին շուրջ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին 2016 թուականին ըստ Նոր տոմարի պիտի նշէ եկեղեցական տօները եւ սրբոց յիշատակութեան օրերը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հրապարակուած համապատասխան ամփոփ ցանկը.-