Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան երկ­րորդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վը՝ «Ա­պա­գայ» խո­րագ­րով։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց միու­թեան, Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին եւ Նիժ­նի Նո­վո­կոր­տի «Ի­մաստ» ե­րի­տա­սար­դա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն շուրջ եօ­թա­նա­սուն ղե­կա­վար­ներ եւ աշ­խար­հի տասն եր­կիր­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015

Ե­գիպ­տո­սի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Գա­հի­րէի մէջ այս ա­ռա­ւօտ ապ­րուե­ցաւ ծան­րակ­շիռ դէպք մը։ «CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յար­ձա­կում մը գոր­ծուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի ճա­շա­րան­նե­րէն մէ­կուն վրայ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ 40 վայր­կեան տե­ւեց այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին շրջագ­ծով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

ՅԱ­ԿՈԲ ՉՈ­ԼԱ­ՔԵԱ­Ն

Ա­ւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ «է» եւ «ե» տա­ռե­րուն տար­բե­րա­կա­նու­թեան գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող վի­ճա­կը ներ­կա­յիս։ Նիւ­թը շատ շօ­շա­փե­լի եւ մաս­նա­ւոր ըլ­լա­լով, կրնայ պա­տա­հիլ, որ խօսքս դժուար պատ­կե­րաց­նէք, այդ պատ­ճա­ռով ալ բա­նա­լի բա­ռե­րու էջ մը պատ­րաս­տած եմ ու կը բաժ­նեմ ձե­զի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Փա­րի­զը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք, թէեւ ե­րե­ւու­թա­պէս կեան­քը վե­րա­դար­ձած է իր բնա­կա­նոն հու­նին, սա­կայն մար­դոց հո­գի­ներն ու ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը ցնցուած են: Խոր­քին մէջ մար­դոց ա­ռօ­րեան այ­լեւս դժուար թէ կը վե­րա­դառ­նայ իր նախ­կին վի­ճա­կին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ» տարեցներու տունը, որ կը գործէ Վանաձորի մէջ, կը խորհրդանշէ երէց սերունդի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներ:
ՀՕՖ-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս եզակի կառոյցը, որ միշտ առարկայ է նաեւ դաշնակահար Շահան Արծրունիի հոգածութեան:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս տա­րուան ըն­թաց­քին շուրջ 650 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րած է Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն, լի­բա­նա­նա­հայ ու­սա­նող­նե­րուն եւ հա­մայն­քի կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ այս շրջա­նին դար­ձեալ ծայր կու տան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ ՆԱ­ԹՕ-ի խոր­հուր­դի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը այս ա­ռու­մով ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­սա­կան կա­ցու­թեան մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Չե­խիոյ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հիւր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու գործընթացը պիտի աւարտի այս Կիրակի:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի հառուստակայաններուն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Տո­հա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Քա­թա­րի է­միր Շէյխ Թա­միմ Պին Հա­մատ Էլ Սա­նիի կող­մէ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ռազ­մա­վա­րա­կան բարձր կո­մի­տէի ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րե­ցին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յու­թեամբ Թուր­քիոյ եւ Քա­թա­րի մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան 16 նոր հա­մա­ձայ­նագ­րեր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 22-րդ ժողովը Պելկրատի մէջ:
Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ կը սպասուի Մեւլիւտ Չավուշօղլու-Սէրկէյ Լաւրով տեսակցութեան:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Թոփ­հա­նէի «Թիւ­թիւն տե­փո­սու»ի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կա­տա­րուե­ցաւ «Ան­ձամբ կար­գադ­րե­ցէք» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նե­լու եւ հա­սա­րա­կաց յի­շո­ղու­թիւն մը կեր­տե­լու նպա­տակ­նե­րը հե­տապն­դած նա­խագ­ծի մը հի­ման վրայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է «Պա­պիլ» միու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պա­քու։ Նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն վերջ ան նախ այ­ցե­լեց Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թիւն, իսկ այ­սօր ալ կ՚անց­նի Ատր­պէյ­ճան՝ իր ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թեան առ­թիւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

​Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց շնորհաւորութիւններ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. նախագահեց Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ ա­շա­կերտ­նե­րը սկսան վի­ճա­բա­նիլ թէ ո՛վ է ի­րենց­մէ «մեծ»ը, Յի­սուս մա­նուկ մը ցոյց տուաւ եւ ը­սաւ.
«Ով որ ըն­դու­նի այս մա­նու­կը իմ ա­նու­նովս՝ զիս ըն­դու­նած կ՚ըլ­լայ, եւ ով որ զիս կ՚ըն­դու­նի՝ ըն­դուած կ՚ըլ­լայ զիս ղրկո­ղը։ Ո­րով­հե­տեւ ով որ ձեր բո­լո­րին մէջ փոք­րիկն է, ա՛ն է մե­ծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։­

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

​Ե­րէկ, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը՝ ի նպաստ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի։ Հա­մա­նուն սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր դպրո­ցի Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կը պատ­րաս­տուի այս շա­բա­թա­վեր­ջի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, այս Կի­րա­կի Գում­գա­բուի մէջ պի­տի սար­քուի Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ քա­րո­զիչ՝ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մը, գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Այս առ­թիւ Յով­հան­նէս Այ­վա­զեա­նին ներ­կա­յա­ցուց «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջերս լոյս տե­սած «Գրատ­պու­թիւն եւ գրքա­րուեստ» հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան, նաեւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

Էջեր