Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ա­խալց­խա­յի, Վրաստան, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ օրհ­նու­թեամբ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ․ Վազ­գէն Եպսկ․ Միր­զա­խա­նեա­նի՝ քա­ղա­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցած է «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նը, որ կը տօ­նուի քառասնօրեայ Մեծ պահ­քի Մի­ջին­քին:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Սփիւռքի, մշակոյթի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները պիտի աշխատին համակարգուած:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Մոս­կուա պի­տի այ­ցե­լէ՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մար­տի 28-ին ծրագ­րուած է քննար­կել Ռու­սաս­տան-Ի­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն ամ­բողջ հա­մա­լի­րը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Զիկ­մար Կապ­րիէլ յայտ­նեց, որ Եւ­րո­պա պէտք է ա­ւե­լի ան­կախ ըլ­լայ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։ Rheinische Post թեր­թին հա­մար գրի ա­ռած յօ­դուա­ծին մէջ գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րը նշեց հե­տե­ւեա­լը. «Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը Անդ­րատ­լան­տեան հան­րակ­ցու­թեան հիմքն է, բայց Եւ­րո­միու­թիւ­նը պէտք է ի վի­ճա­կի ըլ­լայ ինք­նու­րոյն կար­գա­ւո­րե­լու այն ճգնա­ժա­մերն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի յայտ կու գան իր հա­րե­ւա­նու­թեամբ»։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Տէր Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգութեան աշխատանքները աւարտեցան:
Երուսաղէմի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ համաքրիստոնէական նշանակութիւնով արարողութիւն մը:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ա­պու Տա­պիի մէջ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ ու վար­չա­պետ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար, Տու­պա­յիի կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Ռա­շիտ Էլ Մաք­տու­մի հետ։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ խոս­տմ­­նա­լից հու­նով կ՚ըն­թա­նան կող­մե­րու մի­ջեւ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ի­րա­կա­նա­ցուող ձեռ­նարկ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Լոնտոնի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական յարձակումը խոր ցնցում պատճառեց համայն աշխարհին:
Անգլիոյ խորհրդարանի շէնքին մօտ տեղի ունեցաւ աննկարագրելի արարք մը, որուն զոհ գնաց հինգ հոգի:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Ա­նի Ի­փեք­քա­յա նա­խըն­թաց օր զրոյ­ցի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րուն հետ։ Ան վար­ժա­րան այ­ցե­լեց ըն­դա­ռա­ջե­լով տնօ­րէ­նու­թեան հրա­ւէ­րին։ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած այս եր­րորդ մրցա­շար­քը տե­ւեց 16 շա­բաթ։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Հա­յե­րէ­նի փոր­ձա­ռու ու նուի­րեալ ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քեն­տէ­րօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապը իւրաքանչիւր քայլափոխին աւելի կը խորանայ՝ մտահոգութիւն պատճառելով համայնքի շրջանակներուն:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ուշագրաւ նամակ մը ուղարկելով՝ խնդրեց իր միջամտութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Դէ­պի Ֆին­լան­տիա կա­տա­րած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Քա­րե­լիա­յի եւ Հա­մայն Ֆին­լան­տիոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս, Ֆին­լան­տիոյ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պետ Լէո­յի հետ։ Քուո­փիոյ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց եղ­բայ­րա­կան հան­դի­պու­մը։ Տեղ­ւոյն Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը եւ յա­րա­կից թան­գա­րա­նը այ­ցե­լե­լէ վերջ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը հա­մա­տեղ ա­ղօթ­քի մը մաս­նակ­ցե­ցան Նոր Վա­լաան վա­նա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մա­նուկ էի, քնա­ցած մի­ջո­ցիս մօրս ձե­ռա­գոր­ծի զոյգ մի­լե­րուն ձայ­նը օ­րօ­րի պէս կը թմրեց­նէր զիս: Մայրս օրն ի բուն տան գոր­ծե­րով զբա­ղե­լէն ետք, մի­լե­րը ձեռ­քը կ՚առ­նէր ու մե­զի բուր­դէ հա­գուե­լիք­ներ կը գոր­ծէր: Եր­կար տա­րի­ներ ա­ռան­ձին չէի քնա­նար, կը սոս­կա­յի մե­նու­թե­նէն:
 

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Չեմ գի­տեր՝ զա­ւեշ­տա­լի՞ է, թէ՝ զար­մա­նա­լի... Այ­սօր մեր բա­կին մէջ հա­ւա­քուած էին մեծ թի­ւով մար­դիկ եւ կը քա­րո­զէին հա­մայ­նա­վա­րա­կան կար­գե­րուն վե­րա­դար­ձը Հա­յաս­տա­նի մէջ: Նոյ­նիսկ պաս­տառ բռնած էին եւ գրքոյկ­ներ բազ­մա­ցու­ցած ի­րենց հա­մո­զում­նե­րուն մա­սին, բայց գիր­քե­րը զգու­շու­թեամբ կը բաժ­նէին, ա­մէն մար­դու չէին տար, նախ կը ծա­նօ­թա­նա­յին դի­մա­ցի­նին հետ, կը զրու­ցէին, ով ըլ­լա­լը կը պար­զէին եւ յե­տոյ կը փո­խան­ցէին ի­րենց ծրա­գի­րը: Ես կը կար­ծէի, որ այդ մար­դի­կը չկան այ­լեւս:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուն սկզբնա­կան կո­չումն է՝ գոր­ծա­կից ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ՝ երկ­րի վրայ հաս­տա­տե­լու հա­մար եր­կին­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ. «Քա­նի որ մենք պար­զա­պէս Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­կից­ներն ենք. դուք Աս­տու­ծո՛յ ան­դաս­տանն էք եւ Աս­տու­ծոյ շի­նու­թիւ­նը, եւ ո՛չ թէ մե­րը» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 9)։ Ուս­տի, մարդ, իր Ա­րա­րի­չին ան­հուն սի­րոյն եւ շնոր­հած բա­րիք­նե­րուն փո­խա­րէն պար­տա­ւոր է բո­լոր սրտով զԱյն սի­րել, պաշ­տել, փա­ռա­բա­նել, կամ­քը կա­տա­րել եւ գո­հու­թիւն տալ, գո­յու­թեա­նը պատ­ճառ՝ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն յայտ­նել։ Ա­ռա­ջին օ­րէն երբ Աս­տուած ս­­տեղ­ծեց մար­դը, սկսաւ խօ­սիլ ա­նոր հետ եւ յա­րա­բե­րուիլ։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթեր­թին մէջ կը կար­դանք.-
Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին ազ­գագ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մախմ­բու­մը հրա­պա­րա­կած է 2017-ի «Է­լիս Այ­լընտ» պա­տուոյ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցող­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց մէջ կան եօթ հա­յեր:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Յու­նաս­տա­նի Տի­մե­թո­քա քա­ղա­քէն ներս ե­րէկ հրդեհ մը ծա­գե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն մզկիթ­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Այս­պէս, 1420 թուա­կա­նին կա­ռուցուած օս­մա­նա­կան «Պա­յա­զիտ» մզկի­թէն ներս ծա­գե­ցաւ այս հրդե­հը։ Յիսունչորս հրշէջ­ներ գոր­ծի լծուե­ցան՝ քսաներեք մաս­նա­ւոր ինք­նա­շար­ժե­րով մա­րե­լու հա­մար այս հրդե­հը։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ձեր­բա­կա­լուած է Սա­մուէլ Պա­պա­յեան, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նախ­կին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րէն մին է ու ար­ժա­նա­ցած՝ Ար­ցա­խի հե­րո­սի կոչ­ման։ Ան ձեր­բա­կա­լուած է մաք­սա­նենգ ճա­նա­պար­հով, Վրաս­տա­նի վրա­յով Հա­յաս­տան «Իկ­լա» տե­սա­կի զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­լիր փո­խադ­րե­լու հար­ցին շուրջ յա­րու­ցուած քրէա­կան գոր­ծի ծի­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Է­ԴՈ­ՒԱՐԴ ՄԻ­ԼԻ­ՏՈ­ՆԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան ու միաս­նու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծին մէջ դա­րե­րէ ի վեր ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղած է մշա­կոյ­թի ու գրա­կա­նու­թեան դե­րը: Բազ­միցս ա­տի­կա տե­սա­նե­լիօ­րէն ա­պա­ցու­ցուած է ու հաս­տա­տուած:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017

Forbes հե­ղի­նա­կա­ւոր ամ­սա­գի­րը Եր­կու­շաբ­թի հրա­պա­րա­կած է տո­լա­րա­յին մի­լիա­ռա­տէ­րե­րու ա­մէ­նա­մեայ հա­մաշ­խար­հա­յին ցու­ցա­կը:
Այս ցու­ցա­կին մէջ նե­րա­ռուած է ռու­սաս­տա­նաբ­նակ ե­րեք հայ գոր­ծա­րար:

Էջեր