Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու ճշգրտումով՝ Հոկտեմբեր 17-ին) կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն եւ ազատախոհ գաղափարաբանութեան դրօշակիրներէն Մատթէոս Մամուրեանի։
ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ
2011 թուականէն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Սփիւռքի նախարարութեան Ամառնային Դպրոց ծրագիրը: Այս տարի որոշ փոփոխութիւն մտցուած էր ծրագրի գործադրութեան ձեւին մէջ: Սփիւռքի Նախարարութիւնը այս ծրագրի գործնական ղեկավարումը վստահած էր Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին եւ անոր փոխ-տնօրէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին: Դասընթացքներու վայրն ալ Պետական Համալսարանի գլխաւոր շէնքն էր:
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ամէն անգամ քաղաքամայր Երեւանէն Հալէպ վերադարձիս, հետս անպայման հարազատներուս համար յուշանուէրներու կապոց մը կ՚ունենամ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն իսրայէլեան մամուլի ամենաթէժ քննարկումը Մոսկուայի կողմէ դէպի Միջին Արեւելք ռուսական արդիական զէնքերու առաքումն է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրուան մէջ, գոնէ երկու անգամ կ՚արտասանենք «Հայր մեր»ը, այսինքն «Տէրունական աղօթք»ը։ Բոլորս սորված ենք զայն մանուկ հասակէն իսկ եւ անգիր արտասանած ենք, եւ կը շարունակենք արտասանել։ «Հայր մեր»ով կը սկսի օրը, եւ կը վերջանայ դարձեալ «Հայր մեր»ի արտասանութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագրեալ այս եռօրեայ ցուցահանդէսը բացուեցաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի իններորդ թաղամասի քաղաքապետարանէն ներս։
Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր տարրերը պէտք է քննարկել՝ որպէս ծրար մը»:
Ալիեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ տեսակցելու համար Սարգսեանի հետ:
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներէն Սուսաննա Գալստեանի գլխաւորութեամբ քաղաքիս մէջ տարուած երկշաբաթեայ աշխատանքը եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Սուսաննա Գալստեան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտներու հետ աշխատանք տարաւ մարդամեքենաներ (ռոպոթ) շինելու ուղղութեամբ։
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ պաշտպանուած փեշմերկէները արձանագրեցին կարեւոր յաջողութիւն մը:
Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վերապահութիւն ցոյց տալ Մուսուլի գործողութեան Անգարայի մասնակցութեան դէմ: Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները նոր յարձակումներ կը կատարեն:
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ երաժշտական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ՝ իր վախճանման 81-րդ տարելիցի շրջանին։ 4. Լեւենտի «Karanlık İşler» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու գլխաւոր կազմակերպիչներն էին՝ մեներգիչ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ հիւրընկալ կեդրոնի սեփականատէր Նուրի Քայա։
Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած է 501.118 զբօսաշրջիկ, որոնց 26.3 առ հարիւրը եկած են ԱՊՀ-էն, 23.4 առ հարիւրը՝ եւրոպական երկիրներէ եւ 50.3 առ հարիւրը՝ այլ երկիրներէ:
Աշխարհահռչակ հայազգի սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան յառաջիկայ Նոյեմբերի 4-ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղկանայ հայկական օրհներգներէ եւ ներբողներէ
Գերմանիոյ մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ աշխարհի մեծագոյն գրքի տօնավաճառը, որ վաղը պիտի հասնի իր աւարտին։ Աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներէն 7100 հաստատութիւններ կը մասնակցին Ֆրանքֆուրթի գրքի տօնավաճառին, որ այս տարի կազմակերպուած է 68-րդ անգամ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին շրջագծով տեղի ունեցան նոր ձերբակալութիւններ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ոստիկան զօրաց պատասխանատուներուն ուղղեալ հարցաքննութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան այս ձերբակալութիւնները։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Ըստ Միրզոյեանի, Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին առարկայական անհրաժեշտութիւն է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Անգարա։
Թուրքիա եւ Իրաք ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են Մուսուլի պարագային, իսկ գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ յառաջիկայ օրերուն շփումներ կը նախատեսուին երկու երկիրներուն միջեւ, Ուաշինկթընի ղեկավարութեան խրախուսանքով։
ԻՇԻՊ Քերքիւքի մէջ նոյնաժամանակ օգտագործեց կենդանի ռումբեր. զոհերու մասին մտահոգիչ լուրեր։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հին ասացուածքը կ՚ըսէ՝ «Անհրաժեշտութիւնը գիւտին մայրն է»: Գիւտերը եւ յայտնաբերումները արդիւնք են մարդկային կեանքի անհրաժեշտութիւններուն եւ մարդկային բաղձանքին՝ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու: Օրական նոր եւ աւելի նոր նուաճումներ կ՚արձանագրուին, յատկապէս արհեստագիտութեան մարզին մէջ:
Գրեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆ(*)
Անցեալ ամիս նամակատուփիս մէջ, որպէս գեղեցիկ անակնկալ մը, գտայ Բրակայէն առաքուած ծրար մը։ Շուտով երեւան եկաւ որ, երաժշտագէտ Հայկ Իւթիւճեանի Դոկտորային (Ph.D.) Աւարտաճառէն օրինակ մըն էր անունիս մակագրուած։ Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ գիրք մը՝ հրատարակուած Charles University In Prague, Faculty of Arts-ի կողմէ։ Անհուն երջանկութեամբ կարդացի զայն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող խմորումներու լոյսին տակ վերջին օրերու լրահոսին հիմնական առանցքը դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Զրոյց՝ արտագաղթը Հայաստանի մէջ խոչընդոտելու, Հայաստանի մէջ մնալու եւ աշխատելու հնարաւորութեան մասին: Հանդիպման հերոսը Գայիանէ Դաւթեանն է: Գայիանէն կ՚աշխատի սպասարկման ոլորտին մէջ եւ կը սիրէ իր աշխատանքը: