Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ կը բաղ­կա­նայ չորս բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­նե­րէ, շփում­նե­րու ձեռ­նար­կած է Թուր­քիոյ մէջ։ Պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն ե­րե­քը ԱՄՆ-ի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են, իսկ մին՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

Հայաստան-ԵՄ բանակցութիւնները կ՚ընթանան՝ նոր համաձայնագրի մը պատրաստութեան շուրջ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը նախատեսէ գործընթացը աւարտին հասցնել տրամաբանական ժամկէտի մը մէջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

​Եըլտըրըմ, Քըլըչտարօղլու եւ Պահչելի երեք ժամ խօսեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ:
Վարչապետը ընդդիմադիր կուսակցապետներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ կը գիտակցին իշխանութեան վիճակած պատասխանատուութեան՝ երկրէն ներս ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտի պահպանման համար եւ այս ուղղութեամբ պիտի ցուցաբերեն առաւել նախանձախնդրութիւն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը։ Կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած յատ­կան­շա­կան ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը՝ հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լը կորսն­ցու­ցինք։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք քիչ թէ շատ տե­ղեակ էին իր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին՝ լռե­լեայն ձե­ւով կը գի­տակ­ցէին, թէ ան ի­րենց­մէ հրա­ժեշտ պի­տի առ­նէ ան­ժա­մա­նակ։ Անս­պա­սե­լի չէր իր մա­հը, սա­կայն այդ հան­գա­ման­քը չի մեղ­մաց­ներ կո­րուս­տին պատ­ճա­ռած ցա­ւը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Չա­րէն բա­րիք յա­ռաջ կու գա՞յ։ Ե­թէ ժո­ղովր­դեան ի­մաս­տու­թեան հա­մա­ձայն խօ­սինք, բա­րիք կու գա՛յ չա­րէն, քա­նի որ կ՚ը­սուի, թէ «չկա՛յ չա­րիք որ չծնի բա­րիք»։ Ու­րեմն կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թեան եւ վկա­յու­թեան հե­տե­ւե­լով կա­րե­լի է ը­սել, թէ չա­րէն բա­րիք յա­ռաջ կու գայ, եւ թէ՝ օգ­տա­կա՛ր բա­րիք։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

​ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ

Հինգ տա­րիէ ի վեր սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի բռնկուն կրա­կը չի խնա­յեր մեծն ու փոք­րը, ա­րուն եւ է­գը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Ա­մէն բառ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի եւ ա­մէն անձ տուեալ բա­ռին հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը: Կ՚ը­սենք սփիւռ­քա­հա­յու­թիւն. միթէ՞ ան մէկ ամ­բող­ջու­թիւն է, ո­րու ա­նու­նով կը խօ­սուի. ե­թէ այդ­պէս է, ո՞ւր է իր հա­ւա­տոյ հան­գա­նա­կը, օ­րի­նա­կար­գը, որ հասկ­նա­լի ըլ­լայ ա­մէ­նուն՝ իր նպա­տա­կը, հե­ռան­կար­նե­րը եւ առ այդ՝ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Ա­ՍԱ­ՏՈՒՐ ԿԻՒ­ԶԵ­ԼԵԱՆ

Կաե­թա­նօ Տո­նի­զեթ­թիի «Մար­տի­րոսնե­րը» հա­յե­րուս հա­մար ու­նի յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, քա­նի որ օ­փե­րա­յի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ, հռո­մէա­կան տի­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին, ուր քրիս­տո­նէու­թիւ­նը գաղտ­նօ­րէն բա­ւա­կան տա­րա­ծուած էր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծին վրայ գտնուող Հասա­քէ քա­ղա­քը վեր­ջին հինգ օ­րե­րուն պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բե­մը ե­ղաւ: Մինչ տար­բեր վեր­լու­ծա­բան­ներ կը գրեն այն մա­սին, թէ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րը ար­դիւնքն են եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ կու­տա­կուած քիւրտ-ա­րա­բա­կան ա­տե­լու­թեան, ան­դին յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժամ­կէ­տը ան­մեղ չէ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Յոր­դա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ամ­մա­նի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ Աւստ­րա­լիոյ բե­մի տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Վա­րուժ Սան­ճեա­նի ներ­կա­յաց­մամբ՝ կա­յա­ցաւ Կոս­տան Զա­րեա­նի «Տատ­րա­գո­մի հար­սը» քեր­թուա­ծի բե­մա­կա­նա­ցու­մը՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ամ­մա­նի մշա­կու­թա­յին միու­թեան Մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Գեր­մա­նիոյ  մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րեր: Մի­ջո­ցա­ռում­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­ուին Օ­գոս­տո­ս 19-Նո­յեմ­բե­րի 6 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: Գեր­մա­նիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րե­րուն շուրջ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թե­նէն Ան­ժե­լա Համ­բար­ձու­մեան զրու­ցեց Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ար­տա­քին կա­պե­րու վար­չու­թեան պետ Սվետ­լա­նա Սա­հա­կեա­նի հետ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Դէ­պի Հա­ղար­ծին տե­ղա­ցի եւ ար­տա­սահ­ման­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այս շաբ­թուան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գորդուած է «Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շաբ­թուան» ե­ռու­զե­ռով:
Շուրջ հարիւր կա­մա­ւոր­ներ՝ կա­նաչ վեր­նա­շա­պիկ­նե­րով, այ­ցե­լու­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­ղար­ծի­նի պատ­մու­թիւ­նը, կ՚ուղ­ղոր­դէ վան­քի շրջա­կայ­քը տե­ղա­կա­յուած հայ­կա­կան օ­ճառ­նե­րու տա­ղա­ւար, Տա­ւու­շի «Վան­քի ա­նուշ»ի փոք­րիկ ար­տադ­րա­մաս ու վար­պե­տու­թեան դա­սե­րու հա­ւա­քա­տե­ղի­ներ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​​Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ցնցու­մը ապ­րե­ցաւ՝ Կա­զիան­թէ­պէն հա­սած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման լու­րով։ Սահմռ­կե­ցու­ցիչ դէպ­քը ու­նե­ցաւ շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ. ա­ւե­լի քան յի­սուն զո­հեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թըն յայ­տա­րա­րած է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­ջորդ նա­խա­գա­հին գլխա­ւոր խնդիր­նե­րը պի­տի դառ­նան ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան բա­րե­լա­ւու­մը, անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը եւ երկ­րին միա­ւո­րու­մը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը՝ յղում կա­տա­րե­լով սեր­պա­կան «Թան­ժուկ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան, կը հա­ղոր­դէ, որ Խրուա­թիան վեր­ջին տասն­չորս տա­րուան ըն­թաց­քին վա­ճա­ռած է Ադ­րիա­կան ծո­վուն մէջ գտնուող իր կղզի­նե­րէն հին­գը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեա­նի, Սու­րիոյ Թար­թուս քա­ղա­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հայ­կա­կան կեդ­րո­նի մը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար Fastcompany.com լրա­տուա­մի­ջո­ցը հրա­պա­րա­կած է տասն քա­ղաք­նե­րու ցան­կը, ո­րոնք մատ­չե­լի են ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ապ­րե­լու եւ աշ­խա­տե­լու հա­մար: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, այդ քա­ղաք­նե­րու շար­քին դա­սուած է նաեւ Ե­րե­ւա­նը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րու հա­մա­կարգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ջակց­ման նպա­տա­կով պայ­մա­նագ­րա­յին հի­մունք­նե­րով աշ­խա­տան­քի կը հրա­ւի­րեն եր­կու մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք կ՚ընտ­րուին հար­ցազ­րոյ­ցի ար­դիւն­քով:

Էջեր