Արխիւ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնագիտական բանախօսութիւն մը, որու նիւթն էր մինչեւ վեց տարեկան մանուկներու հարցերու պարագային ծնողներուն վիճակած պատասխանատուութիւնը։ «Մտային հոգեբանական խորհրդակցութեան կեդրոն»էն երկու հոգեբաններ՝ Էննա Էօքքէ եւ Սերհան Էքին այս առթիւ հանդէս եկան բացատրութիւններով։
Գոհուանակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն կարգ մը դպիրներ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Լեհաստան։ Երաժշտագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի սաները մասնակցութիւն պիտի բերեն հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի մը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց միացած էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան։ Պէյօղլուի թաղականները Գումգաբու փութացին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Օրուան նիւթն էր Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ անցեալ տարի Վատիկանի կողմէ հռչակուեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրն ու հանրաքուէն (1990-1991) փաստական կերպով նշեցին աւելի քան քառասնամեայ Պաղ պատերազմին աւարտը, որուն նշանները արդէն 1989-ին տրուած էին։ Այնուհետեւ, այդ շրջանը կարծէք մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ անտեսումի, եթէ ոչ մոռացութեան մատնուեցաւ։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Մարդը մարդով կ՚ուրախանայ» կ՚ըսեն: «Երկինքը առանց մարդու ոտք չի կոխուիր», կ՚ըսէ արաբական արածը: «Աստուած տեսնելով, որ «մարդը» մինակ է, իրեն ընկերակից ղրկեց», կ՚ըսէ Ս. Գիրքը:
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ներկայացումով մը, որ առարկայ դարձաւ թատերասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին կը համընկնի այս ներկայացումներու շարքը, որու մեկնարկը երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
9 Սեպտեմբեր 1715 թուականին, 37 տարեկան Յովհաննէս Կոլոտ (Բաղիշեցի) վարդապետը Պատրիարք դարձաւ, եւ այս իշխանութիւնը վարեց քառորդ դարէն աւելի՝ մինչեւ 13 Փետրուար 1741 թուականը։ Պատրիարքութեան անմիջապէս յաջորդ օրը, ան Երուսաղէմի Պատրիարք հռչակեց իր դասակից Գրիգոր Վարդապետը՝ որով այս երկու աթոռները բաժանուեցան եւ այնուհետեւ այլեւս չմիացան մէկ անձի մէջ։
Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ, Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին մօտ երէկ շարունակուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութիւնը։ Այս հանգրուանը եզակի էր այն առումով, որ այս գործով ընթացք առած երկու դատավարութիւններու միացման յաջորդած առաջին դատական նիստն էր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց ամերիկահայ յայնին գրող Փիթըր Պալաքեանին, որ արժանացաւ Փուլիցէրեան մրցանակին։ Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ ընդգծուած է, թէ համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Վարչապետ Տավուտօղլու Սթրազպուրկի մէջ կրկնեց Թուրքիոյ տեսակէտները:
Սերժ Սարգսեան. «Մեզի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի կեանքը»:
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին: Մինսքեան խմբակի համանախագահները ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահութեան կը ներկայացնեն հակամարտութեան գօտիի առկայ իրավիճակը:
Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան շաբաթավերջին Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման երեկոյթին ընթացքին հանդէս եկաւ բովանդակալից ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Հօր խօսքը։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ անգլերէնով ստեղծագործելու ուղղեալ միջվարժարանային փառատօն մը։ Հետաքրքրական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երեք հանգրուանով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մեր համայնքի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան համալիրէն ներս անոնք ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Բանակաշինութեան աշխատանքները միշտ առաջնահերթ:
Սէրկէյ Լաւրով Երեւան այցելութեան ընդառաջ այսօր կը տեսակցի Ժան-Մարք Էյրոյի հետ՝ շօշափելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ եթէ փողոցը, աշխատավայրը կամ որեւէ այլ տեղ հարց տայիր մեր հայրենակիցներէն ոեւէ մէկուն, թէ ի՞նչ կ՚ընէ, եթէ պատերազմը վերսկսի Արցախի մէջ, պատասխանը, խիստ բորբոքած ու ջղային, կ՚ըլլար մօտաւորապէս այսպէս. «Այդ ղարաբաղցի՛ները թող երթան պաշտպանեն Արցախը», «Ես Սերժի համար ոչ մէկ բան կ՚ընեմ. ինքը ինչո՞վ ինծի օգնեց որ…», «Թող իրենց՝ այդ շիշկեքի լակոտները երթան կռուելու», «Այդ ԴԱՀԿ-ի տղաքը թող երթան ճակատ. ես երկիր, հող պաշտպանեմ, որպէսզի Միհրանը օֆֆշորներու մէջ փո՞ղ կուտակէ»: