Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասսէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լուքաս Կասսէր Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու նախագահն է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ յայտնի իրաւաբանը մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պետական լրջագոյն վերաբերմունք:
Անթիլիասի կողմէ սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար բացուած դատին շրջագծով՝ սահմանադրական ատեանը հարցը յանձնած Է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման:
Ըստ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի, մինչեւ աշուն կրնայ արձակուիլ վճիռը: Չի բացառուիր, որ բարձրագոյն դատարանը յարմար նկատէ առաջին օղակներէն սկսեալ այս թղթածրարին քննարկումը:
- Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուցին ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններ։ Ռազմաօդային զօրքերը ոչնչացուցին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան 11 թիրախները։
29 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Դանիա մրցումը, որ կը գտնուի Եւրոպայի քսանմէկ տարեկանէն վար 2017-ի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
Կեանքէն հեռացած է հայ անուանի օփերայի երգիչ (թենոր) եւ բեմադրիչ, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Լիթուական վաստակաւոր արուեստագէտ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Մովսէս Խորենացի» եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետայլակիր Գեղամ Միհրանի Գրիգորեան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն յաջողած են յառաջընթացի հասնիլ բազմաթիւ բարդ հարցերու շուրջ։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ իրականացուած Պրիւքսէլի վերջին զգայացունց յարձակման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հրապարակեց շատ կարեւոր տուեալներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ այսօր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, ուր Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այս առթիւ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։
Հունգարիայէն եւ Քուէյթէն պատուիրակութիւններ հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն յայտնեց ծայրայեղական ուժերու թշնամանք սերմանելու ջանքերուն շուրջ:
Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս զգայացունց իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։
Տ. Արիս Արքեպիսկոպոս Շիրվանեան հրաժարեցաւ։
Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան Տնօրէն ժողովին կողմէ նշանակուեցաւ՝ դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ։
Պէյօղլուի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած մեր համայնքի անդամներէն Օքսէն Խաչանեան յառաջիկայ օրերուն պիտի ենթարկուի վիրահատութեան։ Ըստ իր ընտանիքին կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Օքսէն Խաչանեան վերջին օրերուն անցած է բժշկական հերթական քննութենէ՝ Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, ուր տեղի ունեցած է իր դարմանումը։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ աշակերտները լիուլի ապրեցան Ս. Զատկի շրջանի ոգեւորութիւնը։ Դպրոցի աւանդապահ ընտանիքները այս առթիւ կազմակերպեցին փառատօն մը, որ ունէր ճոխ յայտագիր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Թավրայի։ Թաղականներուն կ՚ուղեկցէր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեան։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Ծնած եմ տխուր եւ անբախտ տարի մը, Կիրակի առաւօտ, զրկելով մայրս Աստուածածնի նուիրուած պատարագէն: Եթէ աղջիկ ծնէի, անպայման Մարիամ անունը պիտի ստանայի: Ծնած թուականս կը զուգադիպէր Աստուածածնայ տօնին.- 17 Օգոստոս, 1958:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ առիթ ունեցած է Երեւանի մէջ Ուիքիմետիա Հայաստան գրասենեակի բացումին առիթով անդրադառնալու «Ուիքիմետիա Հայաստան» հիմնադրամին եւ անոր իրականացուցած ծրագրերուն: «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2013 թուականին՝ նպատակ ունենալով խթանել ուիքի նախագիծերու տարածումն ու զարգացումը՝ հայաշխարհի մէջ եւ ընդհանրացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը։ Կազմակերպութիւնը կ՚իրականացնէ զանազան նախագիծեր, որոնցմէ յառաջատարն է «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, փիլիպպեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել» (ՓԻԼԻՊ. Գ 20-21)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերջաբան»ով մը սկսինք. մեր այսօրուան խորհրդածութիւններուն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
«Վերջաբան»ը, իրականին, Պետրոս Դուրեանին մէկ քառեակին վերնագիրն է։
Հայ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակուի։ Թէեւ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի վերջին ջանքերուն շնորհիւ կան յոյսի նշոյլներ, սակայն գործնական արդիւնքը կը բացակայի։ Առկայ վիճակին մէջ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի սիւնակներուն յայտնուեցաւ Նիսէն Նուպար Սերովբեանի յօդուածը, զոր կ՚արտատպենք յապաւումներով։