Արխիւ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութիւնը երէկ վստահութեան քուէ ստացաւ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։ Վերջին օրերուն կառավարութեան ծրագրին շուրջ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ, երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ վստահութեան քուէարկութիւն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Կը հաղորդուի, որ շուրջ 50 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան (ՃՀՓ) ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամ։ Երէկ, խորհրդարանի այդ յանձնաժողովը գումարեց իր առաջին նիստը, որու ընթացքին Շանլըուրֆայի երեսփոխան Մեհմէտ Քասըմ Կիւլփընար (ԱՔ կուսակցութիւն) ընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ խորհրդաժողովը Փարիզի մէջ համախմբեց աշխարհի հարիւրյիսուն երկիրներու ղեկավարները:
«COP 21»ի շրջագծով որոնումները ուղղուած են երկրագունդի ապագային, քաղաքական յանձնառութիւններով հանդերձ:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Այս տարուան ընթացքին երկու անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզը հարուածած ահաբեկչութիւնը Եւրոպայի սիրտը դարձուց աւելի մերկ ու թափանցիկ՝ վտանգին դիմաց: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Եւրոպա «ներխուժած» անպատսպարներու շարքերուն մէջ կան մեծ թիւով ծրագիր-ահաբեկիչներ:
Մարսէյլի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր Փարիզի նախկին «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետուհի հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին արժեւորուեցան թէ՛ Արփիկ Միսաքեանի վաստակը եւ թէ «Յառաջ» օրաթերթի առաքելութիւնը։ Արդարեւ, 1925 թուականին հիմնուած եւ 2009 թուականին փակուած «Յառաջ»ը Եղեռնէն վերջ Եւրոպայի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն օրաթերթը հանդիսացած էր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով բարի կամեցողութեան դեսպան Վարդան Մելքոնեան վերջերս ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Պէյրութի մէջ:
Յայտնի երաժիշտը հանդէս եկաւ «Քազինօ տը Լիպանէ»ի երդիքին տակ եւ պարգեւատրուեցաւ Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց դիմաւորուած կարեւոր հարցերէն մին է՝ օգտակարը եւ անօգուտը, արժէքը եւ անարժէքը չկարենալ զանազանել։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ եղածը եւ որեւէ արժէք չներկայացնողը, վնասակարը չեն կրնար զանազանել, չեն անդրադառնար, թէ ո՛րը օգտակար է եւ ո՛րը վնասակար, եւ այդ իսկ պատճառով կը տուժեն շատ անգամ եւ կը վնասուին։
«Նոթոս» գրական հանդէսը Դեկտեմբեր 2015-Յունուար 2016 թուակիր, 55-րդ թիւը նուիրած է հայ գրականութեան։ Այս երկրին մէջ ապրուած մեծ ցաւերէն առաջ եւ յետոյ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ հնագոյն լեզուի մը գրականութեան ներկան, համաշխարհային գրականութեան մէջ ունեցած տեղը կը ջանայ ցոյց տալ «Նոթոս»ի այս թիւը՝ դառնալով հիմնաւոր ուղեցոյց մը բոլոր հետաքրքիրներուն համար։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի եւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ ուսանողական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հայաստանի Նը-կարիչներու միութեան երդիքին տակ բացուած այս ցուցահանդէսը համատեղած է երիտասարդ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։
Երեւանի «Չայքովսքի» երաժշտական միջնակարգ մասնագիտական դպրոցի սաները նուագեցին «Նուիրէ կեանք» հիմնադրամի շահառու երախաներուն համար։ Արամ Խաչատուրեանին ձօնուած միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս, մեծանուն երգահանի Երեւանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ անուանուած էր «Յոյսի երաժշտութիւն»։
«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտերէի մասնաճիւղին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերու 60-րդ տարելիցին։ «Իրաւունք, մարդ, հասարակութիւն» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր վերոյիշեալ համալսարանի Մարդու իրաւանց իրաւաբանութեան գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնին կողմէ։
Ոչ եւս է հայ գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներէն մին՝ բանաստեղծ Չարեհ Խրախունի:
Ստեղծագործական վիթխարի ժառանգ մը թողած գրողը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ բոլորի բիւր յարգանքով:
Շաբաթավերջին Լեւենտի «WYNDHAM GRAND» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը նշուեցաւ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձը։ Պարահանդէսի ձեւաչափով կազմակերպուած էր այս տարեդարձի հաւաքոյթը, որու առաջին փուլին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթ մը։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 312-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմաւորման 77-րդ կրկնակ տարեդարձները փայլուն անցան:
Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան հանդիսապետեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք վերածուեցան իսկական տօնախմբութեան:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան երէկ առաւօտ Երեւան վերադարձան՝ աւարտելով Իսթանպուլի իրենց շփումները, որոնք շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան արժանացան համայնքային կեանքէն ներս։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Սօնա Վանի «Լիպրեթթօ անապատի համար» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր ջնջեց «Տողուշ» խմբակին հետ կնքած գործարքը՝ իր արխիւին մասին։
Փարիզի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային կլիմայի գագաթաժողովը։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսու Օլանտի տանտիրութեամբ, մայրաքաղաքի մերձակայ Պուրժէի մէջ համախմբուած են աշխարհի 130 երկիրներէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցուեցաւ ահաբեկչական տմարդի յարձակումով մը:
Տիարպաքըրի մէջ փամփուշտներու թիրախ դարձաւ Թահիր Էլչի, երկու ոստիկան նահատակուած: