Արխիւ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան վերջերս այցելեց Նիւ Եորք, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ իր կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի կողմէ։
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ուքրայնա եւ Վրաստան։
Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իլհամ Ալիեւը:
Վրաց հոգեւոր առաջնորդին վիճայարոյց խօսքերը՝ տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էնթընի Պլինքէն քննարկեցին հայ-ամերիկեան օրակարգային հարցերը:
Կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական աշխարհին համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող քաղաքական խմորումները դարձած են շեշտակիօրէն կարեւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն արաբ-իսլամական աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան պատճառով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այս Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 4-ին, 123 տարի առաջ, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։
Անցնող շաբաթավերջը ապահովաբար յիշարժան պիտի մնայ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ՝ շնորհիւ Կիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտախումբին պարգեւած երաժշտական մեծ ու որակեալ մատուցումին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի սադրանքները ուղղուած են խոչընդոտելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջերս ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կ՚իրականացնէին դիտարկում մը։ Երբ անոնք կը հատէին շփման գիծը, դիտարկման վերջին հանգրուանին լսուեցան կրակոցներ։
Կէորկի Մարկվելաշվիլի եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին կարեւոր փաստաթուղթ մը:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները հերթական անգամ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը:
Պէյլիքտիւզիի մէջ վաղը պիտի սկսի TÜYAP-ի 34-րդ գրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 15-ը։ Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը այս տարի եւս պիտի մասնակցի այս տօնավաճառին, որու համալիրէն ներս արդէն ապահոված է իր տաղաւարը։
Երէկ երեկոյեան, Հարպիէի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական կիթառի համերգ մը։ Երաժշտահանդէսի ընթացքին կիթառահար Հալուք Օնաթ Աքպուլութ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց իր յաջող կատարումներով։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ անմահ բանաստեղծ Զահրատի 90-ամեայ յոբելեանը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ընդլայնուած կազմով ժողովները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Սուրիահայութեան հարցերը անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
Խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ այժմ կը ծրագրուի յառաջիկայ տարի գումարել Ազգային-եկեղեցական ժողով, արդէն ստեղծուած են յանձնախումբերը:
Սփիւռքահայ լրատուական աշխարհի նուիրեալ սպասաւորին Պոլիս գալուստը:
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»ի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան երէկ այցելեց խմբագրատունս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել նոյնութեա՛մբ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի «Մաշտոցագիւտ տառերու 1600-ամեակ եւ Մխիթարեան իրականութիւնը» խորագրեալ յօդուածը։
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը Նոյեմբեր 9-13 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ, պիտի կազմակերպէ հայկական աւանդական ասեղնագործութեան աշխատանքներու հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք մը:
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, Հայաստանի Ելմտական նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Երեւանի 28 փողոցներու լուսաւորութեան համակարգին։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Երեւանի 28 փողոցներուն մէջ պիտի հաստատուի լուսաւորութեան նոր դրութիւն մը, որ ուժանիւթ խնայելու ընդունակութիւններով օժտուած է։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ծանրածանր պայմաններ կը վիճակին Հալէպի։ Պատերազմական ողբերգութեան զուգահեռ քաղաքն ու անոր բնակիչները յաճախակիօրէն դէմ յանդիման կը մնան աներեւակայելի դժուարութիւններու։
Երէկ, Երեւանի մէջ յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին առթիւ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ընթացքին միեւնոյն ժամանակ իրականացուեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 35-րդ հատորին շնորհանդէսը։