Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բոլորին համար կարեւոր օրակարգ կը շարունակէ մնալ Աֆղանիստանի մէջ ընթացող քաղաքական-ապահովական գործընթացները։
Հարցը միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ուժերուն հապճեպով այդ երկրէն դուրս բերուելուն մասին չէ, այլ աւելին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մերօրեայ մամուլ…
Այսօրուան մեր ընկերութիւնը այնպիսի ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի, երբ կարծէք ամէն ինչ իրար անցած, ամէն բան գլուխն ի վար շրջուած է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
-Քանի՞ տարեկան ես:
-Ե՞ս. նոր 28 տարեկան եղայ անցեալ ամիս:
-Օ՜… ճի՛շդ ժամանակն է ամուսնանալու... դեռ ուշի՛ ալ մնացած ես... քեզի մէկը գտնենք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող ամիսներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցաւ մեծ կորուստ մը, որ մեծ վիշտ ու կսկիծ պատճառեց Հայաստան եւ ի սփիւռս ապրող հայ ժողովուրդին: Այդ բօթով հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր յայտնի դէմքերէն մէկը, որուն ներկայութիւնը կենսական գոյութիւն էր մեր իրականութենէն ներս:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Սեպտեմբերի 21-ին խօսեցաւ իշխանութիւնը եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է խաղաղութեան դարաշրջանը։ Իմ ականջին սա բաւական ցինիկ կը հնչէ այն պարագային, երբ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ թշնամիի ձեռքն են, երբ նոյնիսկ հիմա, պատերազմէն գրեթէ տարի մը անց, կը յայտնաբերուին զոհերու աճիւններ, երբ ատրպէյճանցիները կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ (բոլոր տեսակի քարտէսներով), երբ Գորիս-Կապան ճանապարհին կրնան որեւէ պահ կանգնեցնել մեր եւ իրանցիներու մեքենաները եւ ամէն գործողութիւն իրականացնել անոնց դէմ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։
«Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութիւնն ու զուգահեռ ձեռնարկները այս տարի տեղի պիտի ունենան Վենետիկի մէջ, Իտալիա։ Համանուն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի 8-10 հոկտեմբերին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն, աւարտելով իր բազմակողմանի շփումները վերադարձաւ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան վերադարձի ճանապարհին, թռիչքի ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։
Մինասեան Գերապայծառ գահ կը բարձրանայ՝ որպէս Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդը երէկ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ յանգեցաւ վերջնական որոշման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մխիթարեան միաբանութեան արժէքին, անոր իմաստալից առաքելութեան մասին բոլորս գիտենք։ Գիտենք նաեւ, որ 1700 թուականին հայաշխարհին մէջ իր առաջին քայլերը առած միաբանութիւնը՝ ձեռամբ Մխիթար Աբբահօր, մեծ ճանապարհ անցած նուիրական կառոյց մըն է։
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Անտառները հեռացան վանդակին մէջ բանտարկուած վագրին քովէն, բայց ան չկրցաւ մոռնալ զանոնք, բարկացած նայուածքը սեւեռեց իր վանդակին շուրջը դեգերող մարդոց, որոնք հետաքրքիր եւ անվախ աչքերով կը հետեւէին իրեն եւ անոնցմէ մէկը կը խօսէր հանդարտ եւ հրամայական շեշտով.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իր պաշտօնը լիարժէք կերպով կատարած դիւանագէտը օրերս նոր ծառայութեան կոչուած է։
Խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մօտ աւագ հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի մասին է, որ օրերս նշանակուեցաւ Քաթարի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ մահկանացուն կնքած է իրաւաբան Էտվին Մինասեան։ Նախկին պոլսահայ Մինասեան ամերիկահայ կեանքէն ներս ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի յարակից նոր մասնաշէնքը երկինք խոյացած է՝ փայլուն հորիզոններ բանալով անոր դարաւոր առաքելութեան առջեւ:
Նորակառոյց կրթօճախը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դնէ դպրոցի դաստիարակչական գործունէութիւնը թէ՛ մանկավարժութեան արդի չափանիշներուն եւ թէ ամրութեան տեսակէտէ: Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի լուրջ ներդրումով ու մեծ զոհողութիւններով, հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէքի եւ լծակից ընկերներուն տեսլականով ու յամառ ջանքերով կեանքի կոչուած այս ծրագրին ծափահարելի արդիւնքը կ՚արժանանայ համայնքային շրջանակներու բարձր գնահատանքին: Ապագային կը նախատեսուի պաշտօնական բացում:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ո՛չ թէ գունագեղ տօնակատարութիւն, ուր չհնչեց Արցախին նուիրուած ո՛չ մէկ երգ եւ ոչ մէկ հոգեթովիչ խօսք, այլ ազգովի ապաշխարութիւն: Սեպտեմբերի 21-ը, դիտաւորեալ շրջած են. ժամացոյցը հակառակը դառնալ սկսած է, սակայն բոլորը կոյր են ու խուլ՝ նշմարող չկայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճարտարագէտ Ռաֆֆի Քորթոշեան ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը՝ 1979 թուականին։ Արմատներով Խարբերդի Եղէգի գիւղէն է: 1990 թուականին աւարտած է Ազգային Հայկազեան վարժարանը, իսկ 1996 թուականին՝ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միակ օգտակար բանը, զոր կ՚որդեգրեմ մարդոց խնդիրները լուծելուն, այն է, որ ո՛չ ոք կ՚արդարացնեմ երբեք, նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ալ չըլլայ: Կիներ կու գան եւ կը գանգատին ընտանեկան դժուարութիւններէ, եւ այդ դժուարութիւններուն պատճառը իրենց այրերուն վրայ կը դնեն. կը յանդիմանեմ զիրենք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կա՞յ աւելի մեծ ցաւ ու կսկիծ՝ քան մարդկային ցաւը՝ սիրոյ ցաւը, որ ամենէն հզօրներն անգամ ծունկի կը բերէ իր առջեւ. ցաւ՝ որ զօրաւորը կը դարձնէ անկարող ու յուսակտուր: Ցաւ՝ որ ամենակարողը՝ Եգիպտական Պտղոմէոսներու ամենայայտնի եւ վերջին թագուհին անձնասպանութեան առաջնորդեց: