Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակի ընթացքին հասանք այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հեքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել:
Ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տխուր եւ ցաւալի լուր մը հասաւ Երեւանէն. ոչ եւս է յայտնի բժիշկ Կամօ Տէր-Պետրոսեան, որ հարազատ եղբայրն է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի։
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ժողովի ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Պետութիւն ունենալու յաւակնութիւնով ժողովուրդները զարգացման ուղեցոյց ու օրակարգ կը մշակեն՝ հրաժարելով որդեգիր փնտռելու որբի բարդոյթէն»:
Սուրէն Սուրէնեանց. «Լաչինի միջանցքի վերաբացումէն յետոյ այնտեղ որոշ ներկայութիւն պիտի ունենայ Ատրպէյճան՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան առընթեր»:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի շրջանին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսներով եւ այլ զանազան ձեռնարկներով։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ փառատօնի մը մթնոլորտը։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Իրականութեան մէջ, տարուան վերջին ամիսը ամբողջութեամբ այս հանդէսի պատրաստութիւններով անցած էր, ուստի, երբ օրը հասաւ՝ արդէն բոլորը բարձր տրամադրութեան մէջ էին։
Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորը դիմաւորեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներու խանդավառ հանդէսով։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց թաղային խորհուրդի անդամները, դպրոցի տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Գալֆաեան Տան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Սիպիլի CRR-ի ելոյթը աստղերու տողանցքի մը պիտի վերածուի՝ բազում արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Գարակէօզեանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական բացօթեայ խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի վարիչները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին ներկայ տարեմուտին կը սգայ Պենետիքտոս ԺԶ. պատուաւոր Պապին կորուստը։ Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր ցաւակցական մը ուղարկեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը Ամանորի առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց իր պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան Նոր տարուան վերաբերեալ խորհրդածութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քաղուած «Յիսուսի սէրը կը բուժէ վիրաւոր ամէն սիրտ» գիրքէն. Հեղինակ՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեան, Միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բացի դպրոցական կրթութեան համախմբող եւ համագործակցային ազդեցութենէն՝ նկատուած է, որ դպրոցներու մէջ գաղտնաբար կ՚ուսուցուին որոշ արտադասարանային նիւթեր: Կեդրոնանալով դպրոցական կրթութեան բովանդակութեան վրայ՝ Պոուլս եւ Կինթիս ցոյց տուին, որ կրթական համակարգերէ ներս կան «թաքնուած ուսումնական ծրագրեր», որոնց միջոցով ուսանողները կը սորվին կարգապահութիւն, դասակարգութիւն եւ սթաթիւքոյի նկատմամբ չէզոքութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ ճաշակներ անվիճելի են մարդկային կեանքի մէջ։ Ճաշակը ենթակայական համոզում մըն է, անոր տրուած արժէքը մարդու համեմատ կը փոխուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւրս ալ ճամբեցինք հին տարին՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ունէր եւ ունի տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն՝ ըլլայ այն լաւ թէ վատ։ Իր ուրախ թէ տխուր պահերով 2022 թուականը գնաց արձանագրուելու իւրաքանչիւրիս կեանքի պատմութեան գիրքին մէջ, ուրկէ ո՛չ մէկ պահ կարելի է ջնջել կամ փոխել։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ կենսագրութիւնը մարդու մը դիմանկարն է, անոր անցած ճամբան՝ իր ելեւէջներով, վերիվայրումներով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ըսելու, թէ մարդը ուրկէ՜ ուր հասած է եւ ինչե՜ր կատարած է իր կեանքի ընթացքին, ապա ուրեմն յոբելենական թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ, կ՚ապահովեն նոյն այդ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։
Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները տարեմուտի դրութեամբ կը բնորոշուին բանավէճի մթնոլորտով:
Տիմիթրի Փեսքով եւ Մարիա Զախարովա պատասխանեցին Հայաստանի ղեկավարութեան քննադատութիւններուն:
Անգարա-Երեւան-Դամասկոս առանցքին վրայ 2023 թուականին շփումները պիտի շարունակուին:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ժամադրութիւն մը կը ծրագրուի: