Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի ուշադրութեան առարկայ են՝ մեր հոգեւոր կարիքներն ու համայնքային կեանքի խաղաղութիւնը:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարութիւն մը ըրաւ Կէտիկփաշայի իրադարձութիւններուն շուրջ: Նորին սրբազնութիւնը կոչ կ՚ուղղէ արդարութեան ու ողջախոհութեան համար
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն Քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի» (ԵՐԵՄ. Ա 5)։
Կան մարդիկ, որոնք կարծես նախօրօք որոշ նպատակի մը ծառայելու, յատուկ առաքելութեան մը համար ծնած են։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մա՛մ, որքա՛ն գեղեցիկ էիր, երբ երիտասարդ էիր:
Մայր ու աղջիկ նստած հին լուսանկարներու ծրարները կը թերթէին, երբ պատանուհին տեսաւ մօրը երիտասարդութեան լուսանկարը:
Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը հիւրընկալուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Դէպքերէն տասը տարի անց Երեւանի մէջ տեղի ունեցան զանազան բողոքի ցոյցեր
Հայ ազգային գոնկրէսը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց երթ մը՝ մայրաքաղաքի կեդրոնին
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր վաղը երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» սրահին մէջ պիտի բանայ ցուցահանդէս մը։ Ան մօտաւոր անցեալին Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպած էր իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը եւ կարճ ժամանակ անց հիմա երկրորդը կը բանայ Պաքըրգիւղի մէջ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը յարմար դատեց լքել իր պաշտօնը:
Յարութիւն Շանլը հրաժարեցաւ՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հետ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը երեկոյեան պիտի այցելէ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին։ Հիւրընկալուելով տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նորին սրբազնութիւնը երեկոյեան ժամերուն Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ պիտի մէկտեղուի հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։
Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պատճառ դարձան Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքութիւններու բողոքին:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները քանի մը օր փակ մնալէ վերջ վերաբացուեցան՝ քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան ներքեւ: Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց ձեռնարկուած միջոցները, որոնց նպատակն է իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Միւլլէրի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։ Տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը վաղը պիտի ձեռնարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։ Նորանկախ պետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ բարեփոխեալ սահմանադրութիւններու հիման վրայ։
Պրեքսիթի անցումային գործընթացին մէջ Պրիւքսել-Լոնտոն տարակարծութիւններ:
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագրին առաջին տարբերակը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի սիրտին մէջ առ այսօր կանգուն է այն շէնքը, ուր աշխատած է հայ մեծ գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ Եղիշէ Չարենց: Տէրեան փողոցի վրայ յայտնի այդ սիւնազարդ շէնքին վրայ ցուցանակ մը կայ՝ «Այստեղ աշխատած է Եղիշէ Չարենց»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերուն տարելիցը։ Ցաւալի ու ողբերգական իրադարձութիւններէն տասն տարի անց հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան կը հետեւի տարելիցին եւ այդ առթիւ փոխանցուած պատգամներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչպէս նախորդ գրութեան մէջ յիշած էի, թէ Մեծ պահքի քառասնօրեայ պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանը, մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիսական-արարողական կեանքին մէջ ամենէն գեղեցիկ, ամենէն պարզ, միաժամանակ ամենէն խորախորհուրդ ժամանակաշրջանն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երախտագիտութիւնը մարդկային ազնիւ զգացում մըն է՝ որուն միջոցով բարեկամական կապեր իմաստ կը ստանան, եւ մարդկային յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ հետզհետէ կը զարգանան։ Արդարեւ, երախտագիտութիւնը սերտօրէն կապուած է մարդուս նկարագրին հետ, այնպէս որ արժանապատուութեան գիտակցութեան ստուգանիշը կարելի է համարել զայն։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ. Սպիտակ տան հանճարե՜ղ պետին ուղեղը նորագոյն փայլատակում մը ունեցած է Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ «անհաւասարակշիռ»ի մը գործած նորագոյն ոճիրին լոյսին տակ։ Նախագահը գտած է նման արիւնահեղութեանց վերջ տալու ամենէն կարճ ճամբան. զինել… ուսուցիչները։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Եկեղեցական բանաստեղծութիւնը ամէն բանէ առաջ օրհներգութիւն է, փառաբանանք է ուղղուած Ս. Երրորդութեան՝ միասնաբար կամ առանձին-առանձին։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս շարականներու մասին կ՚ըսէ. «Աղաչանք, աղօթք, ներբող, փառաբանութիւն, օրհներգութիւն, պատմութիւն, սրբոց վարք, յորդոր, քարոզ, վարդապետութիւն եւ վերջապէս, կրօնական կեանքի յատուկ ամէն ինչ իրենց տեղը ունին «Շարակնոց»ին մէջ» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 45)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս անհնազանդութիւնը, անհաւատարմութիւնը՝ անիշխանական եւ ինքնագլուխ ապրուած կեանքը նախապատիւ կը սեպեն։
Ասիկա կու գայ այն սկզբնական անհնազանդութենէն՝ որ իր ճիրաններուն մէջ առաւ Ադամը, եւ ան ենթարկուեցաւ իրերայաջորդ մեղքերու հոսանքին, եւ մարդկային բնութիւնը հետզհետէ՝ սերունդէ՜ սերունդ վարակուեցաւ այդ ախտէն։
Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։