Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Դժբախտաբար, այս խորհրդակցութիւնն ալ դռնփակ էր։ Համայնքէն ներս հետզհետէ կը խորանայ այն տխուր նախընթացը, որով կենսական նիւթերու վերաբերեալ բոլոր ժողովները կը կազմակերպուին դռնփակ։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներակայիս ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը պատասխանէ իրեն դէմ յառաջ քշուած պնդումներուն։ Ան երէկ Դիմատետրի (facebook) վրայ զետեղած է իր ստորագրութեամբ ծաւալուն նիւթ մը, որուն ածանցած է նաեւ շարք մը տեսողական առարկաներ՝ որպէս փաստ։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետներու կամ լիազօր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ համատեղ խորհրդակցութիւն մը:
Պատրիարքական ընտրութիւնը լաւագոյն պայմաններով կրնայ կատարուիլ Դեկտեմբերի կէսին: Համայնքէն ներս զօրաշարժ մը կը նախատեսուի ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման նպատակով:
Բուն գործընթացի թոյլտուութեան համար տակաւին պաշտօնապէս դիմում չէ ներկայացուած Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ այդ քայլը առնելու համար կը սպասուի յարմարագոյն պահուն:

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017

ՆԱ­ԹԱՆ ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսին, Պրազիլի նախկին նախագահ Լուիզ Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա դատապարտուեցաւ ինն տարուան բանտարկութեան ներկայ աջակողմեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ պետական ընկերութիւններէ կաշառք առնելու յանցանքով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը լուրջ աշխատանք տարած էր նախընթաց օրուան տեղատարափին հետեւանքով ստեղծուած վնասը հնարաւորինս յաղթահարելու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի օրուան հերթական ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ ունէր Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած դիմում մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը մտադիր է Գուրուչէշմէի այժմ վաղուց անօգտագործելի դարձած գերեզմանատան համայնքապատկան տարածքի կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP), Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկի եւ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային
խորհուրդին միջեւ փոխըմբռնում մը գոյացած է՝ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի արժեւորման խնդրին շուրջ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ մասնաւոր խորհրդակցութիւն մը: Այսօր յետմիջօրէին նիւթը օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Գումգաբուի ժողովին ընթացքին: Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան եւ իր ընկերները հաւանութիւն տուած են աշխատելու համար ինն խորհրդականներու հետ, որոնց անունները թէեւ գրեթէ յայտնի են, սակայն պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն: Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ ակնկալուած գումարը փոխանցուելու վրայ է՝ ըստ լսումներու:

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցան կարեւոր փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ օրուան առաջին կէսին Պեշթեփէի մէջ ունեցան երկարատեւ խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ հրապարակուեցան նոր նախարարներուն անունները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մուրատ՝ սեբաստացի նախկին ոսկերիչ, այժմ գծապատկերային արուեստով զբաղող հայ երիտասարդ մըն է, որ Պոլիս կը բնակի:

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկաբնակ երաժիշտ Աշոտ Տիգրանեանի աջակցութեամբ Դսեղի մէջ՝ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի յարակից տարածքէն ներս, կ՚ընթանան սանհանգոյցի եւ յուշանուէրներու կրպակի կառուցման աշխատանքները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուեցան ծրագրի նախաձեռնողները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւանը լի է թանգարաններով, պատկերասրհներով, յուշարձաններով, կոթողներով, յայտնաբերուած ու չյայտնաբերուած պատմամշակութային արժէքներով: Տարուան այս շրջանին բոլոր պատկերասրահներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ զբօսաշրջիկներու:

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լոյս»ը՝ լո՛յս է երբ կը լուսաւորէ. այլապէս կարելի չէ «լոյս» կոչել որեւէ բան՝ որ ինքզինք «լոյս» կը համարի, բայց որեւէ կերպով չի՛ լուսաւորեր իր շուրջը եւ իր շուրջինները։ Ուստի լոյսին կարեւորութիւնը իր գործունէութեան եւ օգտակարութեան մէջ կը կայանայ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյքոզի կալուածի խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս խնդիրը կը ներկայացնէ հրատապ բնոյթ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ արժէքաւոր ձեռագրով մը եւս:
Վահան Տէր-Ղեւոնդեան. «Մեզի կը նուիրեն ընտանիքի մէջ պահուած, սերունդէ սերունդ փոխանցուած մասունք մը»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Քէօլնի համալսարանէն խումբ մը կաթոլիկ եւ բողոքական աստուածաբաններ ու գիտնականներ։ Այս խումբը կը գլխաւորէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի պետ Մաթթիաս Քոփփ։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւորները՝ ուրախութիւն յայտնելով հերթական այցելութեան համար դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Ժողովրդական առածը շատ ճշգրիտ ձեւով կ՚ըսէ. «Նետած քարդ, օր մը կրնայ գլուխդ ծակել»։ Քար նետելու սովորոյթը, ուրիշը վնասելու, ծուղակի մէջ ձգելու կամ գայթակղեցնելու վատաբարոյ արարքներն ու թակարդները, օր մըն ալ կրնան աւելի դառն կերպով հանդիպիլ քեզի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կասկածամտութեան» եւ «թերահաւատութեան» յայտնի օրինա՛կ մըն է Թովմաս Առաքեալ։ Արդարեւ Թովմասի օրինակին կարելի է հանդիպիլ կեանքի ամէն շրջաններուն եւ պարագաներուն, ամէնուրեք, քանի որ միշտ եղած են «Թովմաս»ներ՝ կասկածոտ, վարանոտ եւ մինչեւ իսկ թերահաւատ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Այսօր աշխարհի մէջ շուրջ 760  միլիոն մարդ կ՚ապրի աղքատութեան մէջ՝ ունենալով օրական 1.9 տոլարի եկամուտ: Այդ մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նոր զեկոյցին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Թայլանտի Նախոմ-Պատոմ քաղաքին մէջ, Յուլիսի 6-15 թուականներուն միջեւ կայացած 2016-2017 ուսումնական տարուան «տարրաբանութիւն» նիւթի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթին Հայաստանի խումբը մասնակցած է յաջողութեամբ՝ շահելով երկու պրոնզէ մետայլ եւ մէկ գովասանագիր:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Գոնկրեսական Պրէտ Շըրմըն, Շըրմըն Օքսի իր գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, գնահատագիր յանձնած է Տքթ. Վերժին Մատէլեանին, գնահատելու համար անոր համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեգործական ջանքերը:

Էջեր