Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խրախուսելու նախաձեռնութիւն:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան տեսակցեցաւ Երեւանէն եկած նոր սերունդէ գործիչներուն հետ:

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան­նե­րով հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ե­ռօ­րեայ այս մրցա­շար­քը ար­դէն 13-րդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ար­ժա­նա­նա­լով մեր հա­մայն­քի ու­շադ­րու­թեան։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի սրա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

Հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ հա­մակ­րե­լի աստ­ղե­րէն Գուր­գէն Տա­պա­ղեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյ­թով մը գրա­ւեց պոլ­սա­հայ ա­րուես­տա­սէր­նե­րու սիր­տը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, գրե­թէ մոռ­ցած են սէ­րը, ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը եւ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը՝ կու­րա­ցած են կիր­քե­րէ եւ ա­տե­լու­թե­նէ։ Մար­դիկ այս մղում­նե­րով կ՚ապ­րին ընդ­հան­րա­պէս ինք­նա­կեդ­րոն կեանք մը՝ հո­գե­պէս կղզիա­ցած, որ­քան որ մաս կը կազ­մեն ըն­կե­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մի­շէլ Փիէռ Փա­րա­ւոն: Լի­բա­նա­նի Պե­տա­կան ծրագ­րաւ­մա­ն նա­խա­րա­րը, որ 1996 թուա­կա­նէն սկսեալ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ է:

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ու Ե­րե­ւա­նէն՝ եր­գիչ Գուր­գէն Տա­պա­ղեա­նը։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի 85-ա­մեա­կին առ­թիւ, Տա­պա­ղեան այ­սօր ե­րե­կո­յեան հան­դէս կու գայ հա­մեր­գով մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ը­սուած խօսք է, թէ ըն­թեր­ցու­մը շար­ժում, հո­գե­շարժ, սրտա­շարժ, կեանք, հա­ղոր­դու­թիւն է. եր­բեմն յու­զում, եր­բեմն վեր­թե­ւում, եր­բեմն վե­րաս­լաց ձգտում, եր­բեմն խա­ղաղ վա­յե­լում, եր­բեմն բո­ղոք ու ընդվ­զում, եր­բեմն խո­կում ու ո­րո­նում, եր­բեմն գիւտ ու եր­ջան­կու­թիւն է։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քա­ղա­քին աղ­մու­կէն, ժխո­րէն, բազ­մու­թե­նէն հե­ռո՜ւ, եօ­թա­նա­սու­նէն ութ­սուն տա­րի­նե­րու բե­ռին տակ, ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­պէս, բայց հո­գե­պէս կքած՝ կեան­քին վեր­ջա­լոյ­սը դի­տե­լով զբա­ղած եր­կու ծե­րու­նի­ներ, գար­նա­նա­յին պայ­ծառ ու տաք ա­ռա­ւօտ մը, ջերմ ու խան­դոտ սրտով, կեն­սա­լիր, հան­դի­պե­ցան ի­րա­րու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Գիտական եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներուն մէջ օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի համար:
«Լեզուի պահպանումը ամենէն դժուար հարցերէն մին է, անկեղծօրէն ըսեմ՝ հայախօսութեան ապագային համար լաւատես չեմ»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Ո­ւա­շինկ­թըն, Սպի­տակ տան մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փենս, ո­րու հետ ա­ռան­ձին ալ հան­դի­պած է Քվի­րի­քաշ­վի­լի։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, վրա­ցի վար­չա­պե­տի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան պաշտ­պա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ո­լորտ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ առայժմ նոր հանդիպում մը չէ նախատեսուած:
Ըստ Նալպանտեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն տարածքաշրջանային այցի թուականն ալ յստակ չէ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Տա­կա­ւին տա­րի մը ա­ռաջ Լոն­տո­նի «Վիք­թո­րիա էնտ Ալ­պըրթ» թան­գա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոն հա­մալ­րուե­ցաւ Ա­սա­տու­րի ե­րեք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ան­վեր­նա­գիր գու­նա­ւոր փո­րագ­րան­կար­ներ են: Այս մէ­կը Ա­սա­տու­րի հեր­թա­կան մէկ մի­ջազ­գա­յին նուա­ճում­նե­րէն է. շատ քի­չե­րու միայն սահ­մա­նուած է մուտք գոր­ծել այդ թան­գա­րա­նը:

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Կի­րա­կի, Մա­յիս 7-ին, յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ ձեր­բա­կա­լուած է զի­նուոր­նե­րէ եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած խումբ մը, որ կ՚ամ­բաս­տա­նուի Հա­յաս­տա­նի յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու մե­ղադ­րան­քով: Ըստ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ խում­բը իբ­րեւ թէ սադ­րանք­ներ ծրագ­րած է Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Թեր­թեր շրջա­նի բնա­կա­վայ­րե­րուն դէմ:

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն, ու Սպի­տակ տան մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փեն­սի կող­մէ։ Ան հան­դի­պում մըն ալ կ՚ու­նե­նայ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սը­նի հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կը նշուի Շուշիի ազատագրման 25-ամեայ յոբելեանը:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում»:

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին «Լոյս» երկ­շա­բա­թա­թեր­թը պի­տի նշէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան հին­գե­րորդ տա­րին։ Հնգա­մեա­կին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Լոյս»ի սե­փա­կա­նա­տէր Ա­րամ Քու­րանն ու իր դուստ­րը՝ Մա­րալ Պե­լին­տա Քու­րա­նը, որ եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նի խմբագ­րա­կազ­մին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի սի­րուած աստ­ղե­րէն Պար­թեւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ իր հա­մա­կիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Պա­քըր­գիւ­ղի «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղարուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեր­գը, ո­րու հո­վա­նա­ւորն էր յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017

Երբ որ «մեր» կ՚ը­սենք՝ պէտք է հասկ­նալ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կան, ո­րով­հե­տեւ, տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րու մէջ հայ կրթա­կան գոր­ծը ու­նի տեղ­ւոյն յա­տուկ ե­զա­կի խն­­դիր­ներ. սա­կայն, բո­լոր շրջան­նե­րուն հա­մար հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը այն է, որ բո­լորն ալ նա­հան­ջի մէջ են, յա­ճախ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մատ­նե­լով յու­սալ­քու­թեան:

Էջեր