Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ մշակուած է մասնաւոր ծրագիր մը։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու այդ կառոյցի հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։
Իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ կանայք երէկ Մարտի 8-ի առթիւ համախմբուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով անոնք նշեցին Համաշխարհային կանանց օրը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեան զանգուածային լրատուական միջոցները, ընկերային ցանցերը այս շաբթուան սկիզբը պարզապէս «պայթեցան» հայկական ամենէն սիրուած ռաք խումբերէն մէկուն՝ «Ռեինկարնացիա» խումբի վերջին տեսահոլովակի հրապարակումէն ետք: «Պայթիւն»ը այնքան զօրեղ էր, որ անոր ալիքները տակաւին չեն հանդարտած:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աչքերը հորիզոնին սեւեռած, պատուհանին ետեւէն հեռուները կը դիտէ, կարծես անցնիլ կ՚ուզէ հորիզոնէն անդին, հասնիլ հոն, ուր ան է՝ երկար տարիներու իր կեանքի ընկերը, կամ կեանքի թշնամին, ամուսինն է ի վերջոյ, լաւ ու վատ յուշերու իր հերոսը: Ճիշդ է սակայն, որ վատը կը գերակշռէ, բայց երկար տարիներու գոյութիւն մ՚է, վարժութիւն մը թէկուզ, ամէնօրեայ հացին նմանող վարժութիւն մը, որ գոյատեւելէ բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 6-ին, 112 տարի առաջ, 49 տարիքը նոր բոլորած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայկական երաժշտութեան մեծարժէք վարպետներէն Մակար Եկմալեան(1856-1905)։
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ազգի մը պատմութեան «ձեռագիրը» մշակող գլխաւոր տարրը իգական դէմքն է, ըլլայ ան մայր, քոյր, կին, դուստր թէ մեծ մայր: Փաստօրէն, երբ տղամարդիկ «փողոց իջած» կը պայքարին ազգային ինքնութեան, գոյատեւման ու հասարակաց առընչակից հարցերու համար, անդին իգական տարրն է, որ տան չորս պատերէն ներս, քուլիսներու ետին կը խնամէ, կը պատրաստէ, կը կրթէ ու գործելու աւիշ «կը ներարկէ» տղամարդուն, ըլլայ ան իր զաւակը, ամուսինը, եղբայրը թէ հայրը:
Հայուհին Եւ Ներկայ Մարտահրաւէրները «Երջանկութիւն, առողջութիւն, յաջողութիւններ, միայն ուրախ եւ անհոգ պահեր, միշտ ըլլան գեղեցիկ, կանացի, միայն ժպտացող դէմքեր տեսնենք մեր շուրջը», տղամարդիկ կը մաղթեն կանանց՝ չմոռնալով աւելցնել, որ այդ ամէնը ապահովելու համար տղամարդոց դերը մեծ է:
Համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային օրերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ Կանանց միջազգային օրը:
Մինչ Եւրոմիութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, նախընթաց երեկոյեան Փարիզի մերձակայքին տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Վերսայի պալատին մէջ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ հիւրընկալեց Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները՝ Անկելա Մերքէլը, Մարիանօ Ռախոյը եւ Փաոլօ Ճենթիլիոնին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է «մառախուղ»ը։ Բնութեան անորակելի «խաբեբան» է ան, որ ո՛չ մարմին ունի, ո՛չ նպատակ, ո՛չ գոյն եւ ո՛չ ալ հոտ՝ որ իր յայտնութիւնը արդարացնէ։ Բնութեան մէջ չարադէպ եւ չարադէտ միջամտութիւն մը՝ անիմաստ ու աննպատակ երեւոյթ մըն է ան, անշուշտ եթէ կարելի է ըսել անոր «երեւոյթ»։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Եուրի Խաչատուրով եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մէջ։
Դէպի Փարիզ այցի ծիրէն ներս հենդիպում՝ Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Դո՛ւք էք մեր ելքը դէպի արտաքին աշխարհ»:
Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտ (Միացեալ Նահանգներ) այս շաբաթավերջին պիտի այցելեն Պաքու։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ տեղեկացուց, որ միջնորդներուն շփումները նախատեսուած են Մարտի 11-ին։
Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն հանդիպումը ստեղծեց լայն արձագանգ:
Զօրավար Հուլուսի Աքար պաշտօնակիցներուն հետ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէն ներս բոլորի հասարակաց նպատակն է խաղաղութեան հաստատումը:
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ այս առաւօտ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ ՃՀՓ-ական երեսփոխանը մատնանշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կանանց իրաւունքներու պայքարի պատմութեան մէջ մոռացութեան կը մատնուին փոքրամասնութիւնները։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ՀԱՅՃԱՐ կը պատրաստուի մեծարել մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ անուններէն մին՝ Նշան Եաղուպեանը։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլօֆը, որ մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց այս ծրագրին շուրջ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իսթանպուլ։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը քաղաքս պիտի ժամանէ վաղը կէս գիշերին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սարին Թաշհան իրաւունք շահած է յաճախելու Հայաստանի յառաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ UWC-ի Դիլիջանի գոլէճը։ Ան ներկայիս կ՚աշակերտի Կեդրոնական վարժարան, որմէ առաջ աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։