Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս, երբեմն խօսքեր կան՝ որ ամբողջ գաղափար մը կը յայտնեն, եւ ուղեցոյց կ՚ըլլան մարդկութեան։ Խօսքեր կան՝ որոնց մասին գիրքերով ուսումնասիրութիւններ կ՚արժէ կատարել։ Ուրեմն կը շարունակենք պատմական-մշտանորոգ խօսքերէ նմոյշներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօրուան հրատարակուելիք գիրը գրեթէ պատրաստ էր, որ հարցազրոյց մըն էր Իրաքէն Հայաստան հաստատուած պատմագէտի մը հետ, մինչ այդ լրատուամիջոցները գուժեցին Ռուսաստանէն Սուրիա ուղեւորուող եւ Սեւ ծովուն մէջ կործանած Tu-154 օդանաւի աղէտին մասին: Նիւթը ինքնաբերաբար փոխուեցաւ, երբ յայտնի դարձան յուզիչ մանրամասնութիւններ կործանած օդանաւուն մէջ գտնուող անձերուն մասին:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Յաճախ ըսած եմ, որ մեծերու միտքերը իսկական դպրոցներ են, եթէ քաջութիւն եւ համեստութիւն ունենանք անոնց դիմելու եւ սորվելու, մենք մեզ եւ մեր ժամանակը հասկնալու, մեր կեանքին եւ արարքներուն ուղին ճշդելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն կան այնպիսի խօսքեր, որ կ՚ըսէ մարդ մեքենաբար եւ չի խորհիր, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ։ Զոր օրինակ, ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ մէկը երբ կ՚ըսէ. «Բնութիւնը գեղեցիկ է»։ Ի՞նչ է որ «գեղեցիկ» կ՚անուանուի. ծառե՞րը, կամ երկինքի կապո՞յտը, եւ կամ գետնի սա կանաչ խո՞տը, թէ՝ մարդուս շուրջը պատահող հազարաւոր երեւոյթները, իրադարձութիւնները՝ որոնք իրարու խառնուելով կը յօրինեն այն ի՛նչ որ վրձինի մէկ հարուածով «պատկե՛ր» մը կը ստեղծէ։
Հայաստանի վարչապետը մեծարեց երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները:
Կարէն Կարապետեան տօնական շրջանին շնորհաւորեց լրագրողները, նաեւ պարգեւատրեց անոնցմէ ոմանք:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ սկսաւ յապաղումով ու տեւեց 40 վայրկեան։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին Սահմանադրութեան բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Սա անոնց երրորդ տեսակցութիւնն էր, որու կապակցութեամբ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ։
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Էլ Պապ քաղաքին վրայ ներկայիս կեդրոնացած են բանակի աշխատանքները։
Հայաստանի նախագահը երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԵՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովներուն:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Երեւանի եւ Թեհրանի այն ծրագրին, որ կը նախատեսէ միջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով յիշատակեց Ս. Ստեփանոս նախավկան, որ միեւնոյն ժամանակ սարկաւագներուն ձօնուած տօն մըն է։ Բերկրառատ օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ձմրան դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ։ Այսպէս, թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցան խրախճանքները։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Ազատուհի Թորոս։ Հանգուցեալը մայրն էր «Ֆօթօ Պոլիս» լուսանկարչական ծառայութեան հիմնադիր, յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի։
Կարմիր բանակի երգչախումբին օդանաւը անկում մը ունեցաւ Սոչիի մօտ ու սուզուեցաւ Սեւ ծովու մէջ:
92 զոհ. փրկարար աշխատանքներուն կը մասնակցի 3500 հոգի:
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մէջ այսօր հռչակուած է ազգային սուգ, մինչ աշխարհ ցաւով կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը բեղուն աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով՝ արժանանալով համայնքի գնահատանքին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գիտենք, որ երախաներ ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասեն տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի տեսնեն, թէ Կաղանդ պապան ի՞նչ նուէրներ պիտի բերէ իրենց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իր կարգին, հալէպահայ լրագրող եւ Բերիոյ Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան Հալէպի վերջին զարգացումներուն մասին դիմատետրի իր էջին գրառում մը կատարելով գրած է.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կը յաւակնի հասկնալ, տեղեկանալ եւ գիտնալ ամէն ինչ՝ որ կը պատահի տիեզերքի մէջ։ Սակայն մարդ տակաւին չէ ըմբռնած, թէ ո՛չ թէ տիեզերքի մէջ, այլ իր անմիջական շրջանպատին մէջ պատահածներն իսկ կատարելապէս եւ ճշդապէս հասկնալու կարողութենէն զուրկ է, քանի որ «մարդկային միտքը հունաւոր է», այսինքն որոշ սահման մը ունի։

