Արխիւ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ աշակերտները լիուլի ապրեցան Ս. Զատկի շրջանի ոգեւորութիւնը։ Դպրոցի աւանդապահ ընտանիքները այս առթիւ կազմակերպեցին փառատօն մը, որ ունէր ճոխ յայտագիր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Թավրայի։ Թաղականներուն կ՚ուղեկցէր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեան։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Ծնած եմ տխուր եւ անբախտ տարի մը, Կիրակի առաւօտ, զրկելով մայրս Աստուածածնի նուիրուած պատարագէն: Եթէ աղջիկ ծնէի, անպայման Մարիամ անունը պիտի ստանայի: Ծնած թուականս կը զուգադիպէր Աստուածածնայ տօնին.- 17 Օգոստոս, 1958:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ առիթ ունեցած է Երեւանի մէջ Ուիքիմետիա Հայաստան գրասենեակի բացումին առիթով անդրադառնալու «Ուիքիմետիա Հայաստան» հիմնադրամին եւ անոր իրականացուցած ծրագրերուն: «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2013 թուականին՝ նպատակ ունենալով խթանել ուիքի նախագիծերու տարածումն ու զարգացումը՝ հայաշխարհի մէջ եւ ընդհանրացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը։ Կազմակերպութիւնը կ՚իրականացնէ զանազան նախագիծեր, որոնցմէ յառաջատարն է «Ուիքիփետիա Հայաստան»ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, փիլիպպեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել» (ՓԻԼԻՊ. Գ 20-21)։
Կեանքէն հեռացած է հայ անուանի օփերայի երգիչ (թենոր) եւ բեմադրիչ, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Լիթուական վաստակաւոր արուեստագէտ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Մովսէս Խորենացի» եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետայլակիր Գեղամ Միհրանի Գրիգորեան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն յաջողած են յառաջընթացի հասնիլ բազմաթիւ բարդ հարցերու շուրջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերջաբան»ով մը սկսինք. մեր այսօրուան խորհրդածութիւններուն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
«Վերջաբան»ը, իրականին, Պետրոս Դուրեանին մէկ քառեակին վերնագիրն է։
Հայ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակուի։ Թէեւ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի վերջին ջանքերուն շնորհիւ կան յոյսի նշոյլներ, սակայն գործնական արդիւնքը կը բացակայի։ Առկայ վիճակին մէջ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի սիւնակներուն յայտնուեցաւ Նիսէն Նուպար Սերովբեանի յօդուածը, զոր կ՚արտատպենք յապաւումներով։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լսումներ՝ նոր ընտրական օրէնսգրքին կապակցութեամբ:
Նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պետական բարձր պարգեւներ յանձնեց «Փիւնիկ» մարդկային միջոցներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմնի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, նաեւ շարք մը անհատ բարերարներու։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Հաքքեարիի եւ Մարտինի մէջ պատճառ դարձաւ անվտանգութեան հինգ պաշտօնեաներու նահատակման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Այս առթիւ ան բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէյկէյ Լաւրովի հետ։
Պրիւքսէլի մէջ երէկ պատահած երեք սաստիկ պայթումներուն հետեւանքով 34 հոգի մահացաւ, 187 վիրաւոր:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կապ հաստատեց Ֆիլիփ թագաւորին հետ: Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ ցաւակցեցաւ Պելժիոյ:
Christian Dior նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է նոր կարճաժամկէտ ժապաւէնը, որ նուիրուած է La Rose des Ventes զարդերու հաւաքածոյի նոր շարքի թողարկման:
Իտալական Fendi նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է պայուսակներու նոր հաւաքածոն՝ նախատեսուած գարուն/ամառ-2016 եղանակին համար:
Իտալացի ձեւագէտ եւ նորաձեւութեան տան հիմնադիր սեփականատէր Ճիորճիօ Արմանի հրաժարած է բնական մորթ օգտագործելէ իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման ժամանակ:
1954 թուականէն ի վեր Մոնաքոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Վարդերու տօնահանդէս բարեգործական երեկոն, զոր պարտադիր իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն Մոնաքոյի իշխանական տոհմի ներկայացուցիչները:
Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ «Տատիս սնդուկը» թեմայով ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին ընտանիքներու մէջ կամ անհատներու մօտ նախորդ սերունդներէն պահպանուած ձեռագործ աշխատանքներ եւ կենցաղային իրեր:
Քաննի հերթական՝ 69-րդ շարժանկարի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 11-22 թուականներուն: Իւրաքանչիւր տարի այս առթիւ կը ներկայացուի պաստառ մը, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր ծրագրին հաւասար: