Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016

Այսօր կը մեկ­նար­կէ «Մո­լո­րա­կի ժամ» հա­մաշ­խար­հա­յին  բնա­պահ­պա­նա­կան ար­շա­ւը, ո­րուն նպա­տակն է հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, գոր­ծա­րար աշ­խար­հը, հա­մայնք­ներն եւ այլ շա­հագր­գիռ կող­մե­րը միա­ւո­րել՝ լոյ­սե­րը մէկ ժա­մով  ան­ջա­տե­լու գա­ղա­փա­րին շուրջ՝ յա­նուն մեր մո­լո­րա­կի կեն­սա­կան պայ­ման­նե­րու  եւ աղ­բիւր­նե­րու պահ­պան­ման:

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Ծաղ­կա­զար­դը գար­նան սկիզ­բը ա­ւե­տող ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան տօն է: Ա­նի­կա կը նշուի Զա­տի­կէն մէկ շա­բաթ ա­ռաջ՝ Մեծ պահ­քի նա­խա­վեր­ջին Կի­րա­կին:

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­րիս Թի­րեա­քիեան լո­ղի մէջ կա­յուն թա­փով կ՚ար­ձա­նագ­րէ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ վեր­ջերս նուա­ճած է Իս­թան­պու­լի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016

Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ նախարարական մակարդակով միջազգային խորհրդաժողով մը:
Մշակուած ծրագիրներուն յաջողութիւնը կախում ունի միասնական հասարակական կարծիքի ձեւաւորումէն:

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռու­սա­կան ու­ժե­րուն Սու­րիա­յէն հե­ռա­նա­լու ո­րո­շու­մը անս­պա­սե­լի չէր: Միակ կա­րե­ւոր հար­ցու­մը, որ կ՚ու­րուագ­ծուէր, թէ ին­չու հե­ռա­ցու­մը կը կա­տա­րուէր այս հանգ­րուա­նին՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ այդ ու­ժե­րուն Սու­րիոյ մէջ տե­ղե­կա­յուե­լու տուն տուող հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը ցարդ չէ վե­րա­ցած:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է նշել, որ այդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը վա­րեց ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տոլ։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Մելիքճան Զաման Պաքըրգիւղի մէջ հիմքը դրած է գեղարուեստի կրթութեան ուղղեալ հաստատութեան մը:
Յայտնի արուեստագէտին նախաձեռնութիւնը փայլուն հեռանկարներ կը խոստանայ՝ ծրագրին ներգրաւուած մասնագէտներով:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը զե­տե­ղուի ե­րա­նաշ­նորհ Մա­ղա­քիա Պատ­րիարք Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Գում­գա­բուի ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ յայտ­նի քան­դա­կա­գործ Է­րօլ Սա­րա­ֆեան, որ ստեղ­ծա­գոր­ծած է Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի ար­ձա­նը։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ հերթական ընտրութիւն:
Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան օրհնեց նորընտիր Թեմական խորհուրդին անդամները, որոնց մաղթեց յաջողութիւն:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լուն։ Զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­պե­տը տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս կը նա­խա­տե­սեն կազ­մա­կեր­պել «Ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման» մասին հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ կրօ­նա­կան առաջնորդ­ներ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ձօ­նուած է հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին եւ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ երկ­րորդ ան­գամ։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Իսթանպուլահայ վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ երեկոյեան կարեւոր նիւթերու շուրջ խորհրդակցեցաւ համայնքային դպրոցներու պատասխանատուներուն հետ:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պա­հոց 40 օ­րուայ պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջա­նը երբ կը բո­լո­րենք եւ օ­րե­րը կը հաս­նին ի­րենց լրու­մին, հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան մի­ջո­ցով հո­գե­ւոր հա­շուե­յար­դար մը կը կա­տա­րեն եւ ո­րոնք կա­րո­ղա­ցած կը զգան ի­րենք զի­րենք նուա­զա­գոյն կեր­պով հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած ըլ­լալ այս շրջա­նին ի­մաս­տին ու նպա­տա­կին, գո­հու­թեան զգա­ցու­մով կ՚ու­րա­խա­նան։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ կա­յա­ցած IMGA (International Mobile Gaming Awards) մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ հայ­կա­կան Shadowmatic խա­ղը լա­ւա­գոյ­նը ճանչ­ցուած է միան­գա­մայն եր­կու ա­նուա­նա­կար­գի մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Վա­տի­կա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Մի­քա­յէլ Մի­նա­սեան Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է Փիոս Պա­պի աս­պե­տա­կան ուխ­տի Մեծ խա­չի շքան­շա­նով:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն դէ­պի Յու­նաս­տան կա­տա­րուած այ­ցե­լու­թեան։ Այս­պէս, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ Ա­թէնք-Ե­րե­ւան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ո­րա­կեց հի­ւան­դա­գին։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շարք մը՝ ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ Ար­ման Մա­նու­կեա­նի։ 3x3 ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը այս տա­րի հա­մընկ­նե­ցաւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ քիւր­տե­րու ճա­կա­տա­գի­րը ան­յայտ է եւ ա­նոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին որ­պէս պա­տե­րազ­մի գոր­ծիք մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Յու­նա­կան Կիպ­րոս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի կող­մէ։ Ան կղզիի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Էջեր