Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ անդրադառնանք բնութեան եւ անոր մէջ մարդուն ընդհանուր նկարագրին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Բնութիւնը շարունակ կը շինէ, կ՚արտադրէ եւ կը պահէ, կը պահպանէ, հոգ կը տանի, կը խնամէ իր շինածին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ընէ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ տեղւոյն հայութեան ենթարկուած ողբերգութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին օրերուն բռնի դէպքերը սաստկացած են Հալէպի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ այս պատճառով քաղաքի հայկական կառոյցները կրած են լուրջ վնասներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան ամէն շրջանին՝ գաղափա՛րն է, որ բարձր բռնած է մարդուն արժանաւորութիւնն ու արժանապատուութիւնը, քանի որ գաղափարի եզրն է, որ մարդս կը բարձրացնէ եւ կը զատէ միւս բոլոր ապրող էականերէ։ Արդարեւ գաղափա՛րն է, որ ընթացքը կ՚որոշէ կեանքին եւ մարդս կ՚ուղղէ նպատակի մը՝ հասկնալու կեանքին իմաստը իր բոլոր երեսներով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ոչ միայն այս տարուան, այլ նաեւ հետագայ դարերու համար մեծագոյն իրադարձութիւն էր 12 Ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հռչակումը իբրեւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»: Այդ շնորհումով հայ գրականութեան վերածննդեան հիմնադիր եւ հայ իմաստասիրութեան մտքի գագաթ նկատուող Գրիգոր Նարեկացին դարձաւ այն անուններէն մէկը, որուն տրուեցաւ այս խիստ բացառիկ պատուաւոր կոչումը, որ 2000-ամեայ քրիստոնէական պատմութեան մէջ երեսունվեց անձերու տրուած է միայն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն եւ մեր գեղարուեստական կեանքի ծանօթ անուններէն մին՝ Կարօ Այվազ։
Շիշլիի գերեզմանատունէն Ասպետ Ջունդի ստեղծագործութիւնները կը պակսին՝ Կարօ Համամճեանի ատենապետած յանձնախումբի պաշտօնավարութեան շրջանէն ի վեր:
Այժմու պատասխանատուներուն բացատրութիւններով, նորոգութեան ուղարկուած այդ պաստառները շուրջ ամիս մը վերջ վերստին պիտի զետեղուին իրենց տեղը:
Ռուսաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր վարիչ, աշխարհահռչակ ջութակահար եւ խմբավար Վլատիմիր Սփիվաքով նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։
Թուրքիոյ Ֆութպոլի հիմնարկի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Ճանտէմիր Պերքմանի կողմէ գլխաւորուած այս վարչութեան փոխ-նախագահներէն մին է Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս ելոյթով մը հանդէս եկած է Փարիզի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Իսթանպուլի պատմական թերակղզիի հատուածի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկման 30-ամեակին առթիւ վերջերս տեղի ունեցան յոբելենական ձեռնարկներ։
«Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ «Galeri Birzamanlar»ի նախաձեռնութեամբ ասուլիս:
Խոր ու փառաւոր անցեալի հիման վրայ Երեւանէն՝ նախկին սուրիահայ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Յարութ Էքմանեան խօսեցաւ ներկայ արհաւիրքին եւ ապագայի անորոշութեան կապակցութեամբ:
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը երէկ հերթական բանաձեւ մը ընդունելով վերահաստատեց իր դիրքորոշումը հայկական հարցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կառոյցը գերազանցած է իր լիազօրութիւններու սահմանը եւ որոշումը անյարիր է միջազգային իրաւունքին:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծանր ոճով ձայն բարձրացուց Վատիկանի կողմէ հնչած տեսակէտներուն դէմ:
Էրտողան զառանցանք որակեց հայկական հարցին շուրջ Ս. Պապին կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւնները:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:
Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կրթական բնագաւառը թրքահայ իրականութեան մօտ երկար տասնամեակներէ ի վեր նոյնացած է քարացած խնդիրներով։ Վէրք մը, որ կը կոտտայ շատ երկար ժամանակէ ի վեր ու չի սպիանար դժբախտաբար։
Յովհաննէս Այվազովսկիի եւ հայկական առաջին տպագիր Աստուածաշունչի յոբելեանները պիտի ներառուին UNISCO-ի յոբելեաններու ցանկին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մասին, յայտնած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երկխօսութեամբ միայն կը հասնի ճշմարտութեան, ան այս միջոցով է, որ կրնայ գտնել ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ զորս անդադար փնտռած է դարերէ ի վեր։ Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։
Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի եւ ընտանիքին Հայաստան կատարած այցելութիւնը կը շարունակէ արժանանալ անմիջական հետաքրքրութեան։ Շաբաթավերջին Քիմ Քարտաշեանի եւ հարազատներուն շրջայցին համահաւասար հետաքրքրութիւն ստեղծեց նաեւ ամուսնոյն՝ ռեփ երաժշտութեան յայտնի աստղ Քանյէ Ուեստի ելոյթը։
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէօր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան ընթացքին մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անն Պրասէօր Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման միակ ուղին կը համարուի երկխօսութիւնը։
2015-ի տարելիցին շրջագծով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան տասնհինգ գիրքեր։ 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն շրջագծէն ներս, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքերուն շնորհանդէսը։