Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի գիրքերուն շնորհանդէսը կը մնայ անմոռանալի:
Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան հրաժեշտ առին քաղաքէս:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Վրաս­տա­նի դես­պան Թեն­կիզ Շար­մա­նաշ­վի­լին, որ այս շրջա­նին կ՚ա­ւար­տէ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նէ ներս։ Վրա­ցի դես­պա­նը հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մօտ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

12-րդ դա­րու վեր­ջե­րուն՝ Վրաց թա­գա­ւո­րա­կան գա­հը բարձ­րա­ցաւ Թա­մա­րա թա­գու­հին՝ որ իր գոր­ծե­րով մե­ծա­պէս սի­րե­լի ե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դին, եւ բազ­մա­թիւ եր­գե­րու եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռար­կայ հան­դի­սա­ցաւ։ Թա­մա­րա թա­գու­հիի իշ­խա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Վրաս­տան իր քա­ղա­քա­կան ու մտա­ւո­րա­կան զար­գաց­ման բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նին հա­սաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«100 LIVES» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նադրած «Աու­րո­րա» (Aurora) մրցա­նա­կի ար­ձա­նի­կի գծագ­րա­կան պատ­կե­րը պի­տի ստեղ­ծեն Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի սա­նե­րը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ծանր եւ մտա­հո­գիչ։ Ե­րէկ կէս գի­շե­րէն ետք ա­հա­բեկ­չա­կան  խմբա­ւո­րում­նե­րու կա­տա­րած հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով փուլ ե­կած են եր­կու շէն­քեր, ո­րոնց­մէ մէ­կուն մէջ քա­ղա­քա­ցի մը ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րուած ու մա­հա­ցած է, մինչ ա­նոր քոյ­րը  փո­խադ­րուած է եւ մին­չեւ այս պա­հը կը գտնուի հի­ւան­դա­նո­ցա­յին խնամ­քի տակ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէյ­րու­թի մէջ իր մահ­կանացուն կնքեց բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Պերճ Ֆազ­լեան: Պո­լիս ծնած Ֆազ­լեան կը հա­մա­րուի լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի կա­րե­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն մին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016

​Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին դիւանագիտական երթեւեկ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Վիքթորիա Նուլանտ քննարկեցին հայ-ամերիկեան փոխյարաբերութիւններուն ընթացքը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Յով­հան­նէս Կո­լոտ Բա­ղի­շե­ցի՝ վախ­ճան­ման տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վին, որ պի­տի գու­մա­րուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը փայլուն անցաւ՝ շաբաթավերջին բնորոշելով համայնքային օրակարգը։
Ներկան եւ անցեալը… ընդելուզուած։
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գործերուն մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան այլին Գօչունեան, Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, որոնք կանգ առին պատմութեան եւ արդի ժամանակներու զուգահեռականներուն վրայ: «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ կազմակերպուած նիստը վարեց Սագօ Արեան։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած յատկանշական ու եզակի ձեռնարկը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Հայաստանի արտաքին նախարարը հանդիպեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու ամէն ինչ կ՚ընէ խաթարելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը: Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ քննարկում՝ տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Էլ­մա­տա­ղի բնա­կա­րա­նին մէջ սահմռ­կե­ցու­ցիչ յար­ձակ­ման են­թար­կուած Տե­միր­ճի ըն­տա­նի­քի դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ կազ­մա­կեր­պեալ կո­ղո­պու­տի մը հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած էր Յա­կոբ Տե­միր­ճի, իսկ իր կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի վի­րա­ւո­րուած։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Թուրքիա շաբաթավերջի դրութեամբ սկսաւ ռմբակոծել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ սահմանի մերձակայ դիրքերը:
Բանակը կը ջանայ Ազէզն ու մերձակայ Մինիղը զերծ պահել յարձակումներէ: Ահմէտ Տավուտօղլու աշխարհի մայրաքաղաքներուն հետ շփման մէջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Իսթանպուլահայ գրասէր հասարակութիւնը լիուլի արժեւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ «Անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկին» կազմակերպուած ժամադրութիւնը:
Սփիւռքէն հեղինակաւոր մտաւորականներ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան մեր համայնքին նկատմամբ ստեղծուած հետաքրքրութեան եւ անոր վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը։ Քա­ռաս­նօ­րեայ Մա­նուկ Յի­սու­սի՝ տա­ճար ըն­ծայ­ման տօնն է այս մէ­կը, ո­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ նա­խա­տօ­նա­կով՝ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան։ Իսկ ե­րէկ ար­դէն Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօնն էր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ, Յի­սու­սի տա­ճար ըն­ծա­յու­մը սա­պէս կը բա­ցատ­րէ. «Իսկ երբ Մով­սէ­սի հաս­տա­տած Օ­րէն­քին հա­մա­ձայն ա­նոնց ծի­սա­կան մաք­րու­թեան ժա­մա­նա­կը լրա­ցաւ, Յով­սէփն ու Մա­րիա­մը մա­նու­կը Ե­րու­սա­ղէմ տա­րին Տի­րոջ ըն­ծա­յե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ Տի­րոջ Օ­րէն­քին մէջ գրուած է.- Տի­րոջ պէտք է նուի­րուի ա­մէն ա­րու զա­ւակ, որ մօ­րը ա­ռա­ջին զա­ւակն է։ Ինչ­պէս նաեւ Տի­րոջ Օ­րէն­քին հա­մա­ձայն զոհ մա­տու­ցա­նե­լու զոյգ մը տատ­րակ կամ ա­ղաւ­նիի եր­կու ձագ։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի իա­խա­րա­րու­թեան «Հա­յերն այ­սօ­ր»  կայ­քէ­ջին վրայ հար­ցազ­րոյց մը լոյս տե­սաւ սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան Տքթ. Հրաչ Չի­լին­կի­րեա­նի հետ, որ կը բնա­կի Լոն­տո­նի մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016

Տեառնընդառաջի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ խանդավառ տօնավաճառ մը, որ կազմակերպուած էր սուրիահայոց կողմէ։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս տօնավաճառը, որուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան քառասուն սուրիահայեր։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն 40 օր յետոյ։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016

Ռուսահայ հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ Մոսկուայի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան բժշկական խնամքի տակ առնուած է սրտի լուրջ խնդիրներու հետեւանքով։

Էջեր