Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իր շփում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան այս ամ­սուան կէ­սե­րուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

​Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Եդուարդ Նալպանտեան մօտակայ օրերուն նոր հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կող­մէ տա­րե­մու­տի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Քրեմ­լի­նի բան­բեր Տի­միթ­րի Փես­քով յայ­տա­րա­րեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին տե­ղեակ է, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը փա­փա­քի տե­սակ­ցիլ իր հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Անտ­րէյ Սո­րո­քի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

​Երեւան եւ Թիֆլիզ կը համագործակցին տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ:
Սէյրան Օհանեանի համոզմամբ, անվտանգութեան տարբեր համակարգերու մէջ գտնուիլը չի խանգարեր, որ Հայաստան եւ Վրաստան ստեղծեն հարեւանային հնարաւորութիւններ: Թինաթին Խիտաշելի խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ իր երկրի մշակած ռազմավարական յարաբերութիւններուն եւ անոնց կարեւորութեան մասին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին վրայ մշտա­կան տեղ կը զբա­ղեց­նեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ դար­ձեալ ցա­ւա­լի լու­րեր հա­սան Տիար­պա­քը­րէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Րէճէպ Թայյիպ Է­րտողան. «Մեր սրտերն ու դռները բացինք այն մարդոց առջեւ, որոնք խոյս կու տան ռումբերէն»:
Հանրապետութեան նախագահը Շիլիի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Լատին Ամերիկայի եւ Գարիպեաններու Տնտեսական յանձնաժողովի նիստին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեա­նը։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան Իս­թան­պուլ այ­ցե­լեց խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ սկսաւ նար­տի մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր հո­գե­լոյս Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան ա­ւան­դա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէն մին է այս մէ­կը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս երէկ գումարուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 37 անդամներէն 24-ը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օքսֆորտի համալսարանի գրադարանը, իր կարգին, կը համարուի առանձին ու շատ կարեւոր գիտահետազօտական կեդրոն մը:
Հինգ մասնաշէնքերու մէջ տեղակայուած համալիրը կը ցոլացնէ հնագոյն անկրկնելի ճարտարապետութեան մը հետքերը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ թէեւ Հա­յաս­տան պար­սիկ­նե­րու հպա­տակ էր եւ հար­կա­տու, բայց «ներ­քին ա­զա­տու­թիւն» կը վա­յե­լէր. եր­կի­րը կը կա­ռա­վա­րուէր հայ մարզ­պա­նով (մարզ­պան= պար­սից ար­քա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ կու­սա­կալ, նա­հան­գա­պետ), զի­նուո­րա­կան ու­ժը ամ­բող­ջա­պէս հայ նա­խա­րար­նե­րու ձեռքն էր, եւ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին բարձր դիրք գրա­ւած էր։ Մէկ խօս­քով՝ Հա­յաս­տան այն­պի­սի դրու­թեան մէջ էր, որ միա­ցեալ ու­ժե­րով միշտ կա­րող էր ա­զա՛տ ըլ­լալ պար­սից տէ­րու­թե­նէն՝ ե­թէ մա­նա­ւանդ յու­նաց օգ­նու­թիւնն ալ ստա­նար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016

Երբ Լե­ւոն Ա­րո­նեան կը քայ­լէ իր հա­րա­զատ Հա­յաս­տա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, բո­լո­րը ա­նոր կը ժպտին, կը ստի­պեն, որ ճա­շա­րա­նին մէջ չվճա­րէ, ծնող­նե­րը ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը ա­նոր ա­նու­նով կը կո­չեն: Հայ շախ­մա­տիստ Լե­ւոն Ա­րո­նեա­նի մա­սին գրած է CNN-ը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տան տա­սը մար­զի­կով կը մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի մէջ սկսած հրա­ցա­նաձ­գու­թեան մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին, որ կը կրէ «IWK» International Air Gun խո­րա­գի­րը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան առ­կայ լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցան խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին մօտ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նաւ մը վերս­տին ի­րա­կա­նա­ցուց օ­դա­յին մար­զի խախ­տում մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի սար­քէ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով պի­տի կա­տա­րէ ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րուան ամ­փո­փու­մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ խմո­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ հա­մա­խո­հա­կան նոր իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման վար­կա­ծը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նը՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը այ­սօ­րուն դրու­թեամբ կը սկսի աշ­խա­տիլ նոր կազ­մով մը։ Դար­ձեալ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգ­սեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին:
Ըստ Պարաք Օպամայի, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի ներդրումներու ծաւալը պիտի շարունակէ բարձրանալ:

Էջեր