Արխիւ
Ս. Զատկի տօնին յաջորդած օրերուն Գատըգիւղի ընտանիքը ընթրիքի սեղանով մը մեծարեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը:
Թաղի նորաօծ քարոզիչը հոգեւոր անդաստանէն ներս մուտք գործած է՝ բոլորի զօրակցութեան ու գնահատանքին առարկայ դառնալով:
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւնները տեղի ունեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Նախագահեց եւ քարոզ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Պատարագիչն էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան:
Հայաստանի եւ Յունական Կիպրոսի թղթատարութեան ընկերութիւնները համատեղ նախաձեռնութեամբ թողարկեցին «Մելգոնեան վարժարան» խորագրեալ դրոշմաթուղթեր։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, նամականիշերէն մէկուն վրայ պատկերուած են Մելգոնեան վարժարանի շէնքն ու այն ծառերը, որոնք տնկած են այդ կրթօճախէն ներս ապաստան գտած որբերը։
Իրանի հիւլէական ծրագրին կապակցութեամբ միջազգային գետնի վրայ գոյացած համաձայնութեան մթնոլորտին մէջ ներկայիս քաղաքական մեկնաբանները կը քննարկեն Հայաստանի առջեւ ուրուագծուած նոր հնարաւորութիւնները։ Այսպէս, եթէ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա Հայաստան կրնայ լաւ հնարաւորութիւն մը ունենալ այդ երկրին հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար զանազան ոլորտներէ ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եէմէնի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը խօսի արաբական նոր հանգրուանի մը մասին: Երկար ժամանակէ ի վեր սիւննի-շիի լարուած իրավիճակը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ անցեալ 25 Մարտին Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ «Վճռակամութեան փոթորիկ» անունը կրող զինուորական գործողութիւնը: Գործողութեան հիմնական նպատակն էր կասեցնել շիի հուսիներու արագընթաց ներխուժումը մայրաքաղաք Սանհայէն ետք Եէմէնի ռազմաքաղաքական երկրորդ քաղաքը համարուող Ատան քաղաքը, որ դարձած է երկրի օրինական նախագահ Ապտէլ Ռապու Մանսուր Էլ Հատիի կեդրոնատեղին:
Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը վաղը պիտի պատարագէ՝ ոգեկոչելով հայոց բիւրաւոր նահատակները - Արարողութենէն վերջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգը:
Անի Յովսէփեանի թղթակցութիւնը.-
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով ձեռնարկ մը Մարսէյլի Սէն Վիքթորի պատմական եկեղեցւոյ մէջ:
Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին փառաշուք ելոյթը՝ Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը կազմակերպեն բազմակողմանի ընկերամշակութային ձեռնարկներ, որոնց խանդավառ մասնակցութիւն կը բերուի աշակերտութեան կողմէ։ Մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ միջնակարգ, զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած ծրագրերը կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւն, մանաւանդ որ անոնք կեանքի կը կոչուին ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութի՛ւնն է, ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած պատիւին։
Անչափահաս թէ խելահաս, զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ՝ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։ Ան խնդրուած է աստուածային պատուէրէն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։
Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութեանց միջեւ երէկ տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր շօշափեցին նաեւ Երեւան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ընթացքը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր եղբայրական այցելութեամբ կը մեկնի Վատիկան՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապի հրաւէրին ընդառաջ։
Նկարիչ Արէտ Կըճըր ներկայիս բացած է իր անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը։ «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խորագրեալ ցուցահանդէսը երէկ երեկոյեան բացուեցաւ Ղալաթիոյ «Էօքտէմ եւ Այքութ» գեղարուեստասրահին մէջ։ Մինչեւ 9 Մայիս բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որ կ՚ընդգրկէ Արէտ Կըճըրի վերջին շրջանի ստեղծագործութիւնները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ նախ կատարուեցաւ տնօրհնէքի կարգ, Ս. Փրկիչ մատրան հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի առաջնորդութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նենգամտութիւն կամ նենգութիւն կը նշանակէ՝ չար դիտաւորութիւն, դաւ, կեղծիք։ Նենգամիտ մարդիկ իրենց մէջ նենգութիւն պարունակող մարդիկ են՝ խարդախ ու խորամանկ, որոնք ամէն ատեն պատրա՛ստ են ուրիշներու վնաս հասցնելու եւ իրենց շահ ապահովելու։ Նենգութիւնը աւելի եւս կ՚արտայայտուի խօսքով, այսինքն լեզուո՛վ։
Յայտնի ընկերաբան, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Արուս Եումուլ երէկ մասնակցեցաւ «Մարքսիզմ 2015» խորագրեալ քննարկումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ասուլիսի մը։ Այս քննարկումներու շարքին նախաձեռնած է Ընկերվարական յեղափոխական բանուորական կուսակցութիւնը։
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղին այցելութիւնը կը շարունակուի աննախընթաց մթնոլորտի մը մէջ:
Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքը Հայաստանի կեցութեան օրերուն կ՚արժանանան ջերմ վերաբերմունքի:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական այցելութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով տեղեկացուց, թէ անցեալ Փետրուարին կայացած իրենց այցելութենէն վերջ միջնորդները յառաջիկայ Մայիսին կամ Յունիսին վերստին պիտի այցելեն տարածքաշրջան։
«Ֆեսհանէ»ի համալիրէն ներս այս օրերուն տեղի կ՚ունենան «Հաթայի օրեր»։ Երէկ սկսած այս ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Այս շրջագծով տաղաւար մըն ալ յատկացուած է Վագըֆլըգիւղին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Մեծ պահոց եւ Աւագ շաբթուան աւարտին, Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ արդէն վերահաստատուած է ընթացիկ արարողութիւններու դրութիւնը։