Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ «Մա­քա­ռե­լով կեան­քի եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­մար. ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան մար­տե­րը Մեծ ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման զու­գա­հեռ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ հա­մա­նուն գիր­քը, որ եւս նոր հրա­տա­րա­կուած է նոյն նիւ­թե­րով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը դի­մա­ւո­րուինք սա հար­ցու­մով. ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տա­մուն­քը, ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը գրա­բա՞ր թէ աշ­խար­հա­բար ըլ­լա­լու է։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ ե­կե­ղե­ցին իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար ո՛ր լե­զուն որ ա­ւե­լի շատ կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րէ, կ՚օգ­նէ, այդ լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու է, քա­նի որ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տա­կը՝ հա­ւատքն է, լե­զուն ա­նոր մի­ջոցն է, ա­ռար­կան է։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015

Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը նա­խըն­թաց օր ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Իս­թան­պու­լի մէջ։ Սա ե­ռա­կող­մա­նի այս ձե­ւա­չա­փին մէջ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու եր­րորդ հան­դի­պումն էր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով, դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ միշտ կը յա­ռա­ջա­նան բար­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք շա­րու­նակ նոր ի­րա­վի­ճակ­ներ կը ծնին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այս մա­հա­փոր­ձին մէջ հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պար­զե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ յա­ւե­լեալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը եւ պատ­րաս­տուե­ցաւ նոր մե­ղադ­րա­կան մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րէն սկսեալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­պէս սկսած է ձիւ­նա­հա­լի մը գոր­ծըն­թա­ցը։ Ծա­նօթ է, որ «Մա­ւի Մար­մա­րա» նա­ւու դէպ­քով ծա­գած ճգնա­ժա­մը պատ­ճառ դար­ձած էր, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ լա­րուա­ծու­թիւն մը ապ­րուի եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ, ո­րոնք մինչ այդ ի­րենց կա­պե­րը հաս­ցու­ցած էին ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մա­կար­դա­կին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Սիր­քէ­ճիի Սա­նա­սա­րեան խա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վե­րա­դարձ­նե­լու խոս­տու­մով, որ­պէս պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին ներ­կա­յա­ցած եւ ան­կէ գու­մար ստա­ցած Քե­մալ Թայ­ֆուն Նար­կին դա­տա­պար­տուե­ցաւ բան­տար­կու­թեան եւ տու­գան­քի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Յու­նաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փա­նոս Քա­մե­րոս, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Անձամբ կարգադրեցէ՛ք» ցուցահանդէսի հետազօտութիւնը կատարած խումբին բանախօսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս Զաւէն Պատրիարքի, Զապէլ Եսայեանի եւ Շաւարշ Միսաքեանի վկայութիւններուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին գործած պաշտօնեաներու աւելի ուշ հրապարակուած յուշագրութիւններուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

​Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս այս առաւօտ սկսաւ ոճրագործ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը:
Տարեսկիզբին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամերը սպաննած ռուս զինուորականը հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն: Հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­րաբ­կիր թա­ղա­մա­սին մէջ ներ­կա­յիս կը կա­ռու­ցուի նոր ե­կե­ղե­ցի մը, ո­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Մինչ այս մեծ թա­ղա­մա­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը սպա­սեն ի­րենց նո­րա­կա­ռոյց ա­ղօ­թա­տան բաց­ման՝ ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցան այս ե­կե­ղեց­ւոյ խա­չե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ընտանեկան ստացուածքի կառավարման նիւթին շուրջ ուշագրաւ խորհրդաժողով մը:
Յայնտի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ անդրադարձաւ գեղարուեստի նկատմամբ վերաբերմունքին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Նա­խա­ճա­շը ա­ճա­պա­րան­քով կը պատ­րաս­տէ, ա­մու­սինն ու զա­ւակ­նե­րը կ՚արթնց­նէ, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր գոր­ծին կը ճամ­բէ, տան անհ­րա­ժեշտ պէտ­քե­րը կը հո­գայ, մեծ գա­ւաթ մը սուր­ճը ձեռ­քը կը նստի հա­մա­կար­գի­չին դի­մաց ու ան­համ­բեր կը բա­նայ դի­մա­տետ­րին է­ջը...:

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Էվ­րէն­սէլ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ան­ցեալ ա­միս լոյս ըն­ծա­յած էր Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յուշ-կեն­սագ­րու­թեան գիր­ք մը։ Սա 1921 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ լոյս տե­սած եւ իր տե­սա­կին մէջ դա­սա­կա­նա­ցած «Քսան կա­խա­ղան­նե­րը» ա­նուն գոր­ծին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն էր։ Այդ թուա­կա­նին Ե­դուարդ Չո­փու­րեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հի­ման վրայ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տուած գիր­քը վեր­ջերս թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նեց լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­րիս Նալ­ճը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«ՊԱՆԴԽ­ՏՈՂ­ՆԵ­ՐԻՆ

«Ի՞նչ էք ա­նում, ա՛յ խեղճ հա­յեր

«Որ երկ­րու­մը ցան­կա­լի

«Թո­ղած ա­նուշ օդն ու ա­յեր

«Դի­մում էք գիրկն օ­տա­րի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջերս այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Իս­րա­յէլ։ Քնե­սէ­թի պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րին հի­ման վրայ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ Թէլ Ա­ւի­ւի մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

​Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կը շարունակուի բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի տեսակցին Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբերին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Յա­ճախ կը խօ­սուի Հա­յաս­տան-Թուր­քիա մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թեան անհ­րաժշ­տու­թեան մա­սին, որ պի­տի ըլ­լայ նաեւ մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­մախմ­բե­լու եւ ա­րուես­տի խա­ղա­ղա­րար ու­ժի շնոր­հիւ նոր պատ­գամ­ներ յղե­լու նոր սե­րունդ­նե­րուն: Այդ ա­ռու­մով ո­րոշ յա­ջո­ղուած ծրագ­րեր ար­դէն կեան­քի կո­չուած են, իսկ վեր­ջի­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս շաբ­թուան սկիզ­բը՝ 14 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, թէ՛ շա­րու­նա­կու­թիւնն է ո­րոշ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սկսած երկ­խօ­սու­թեան եւ թէ իր ձե­ւի մէջ նո­րու­թիւն է:

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գրիչ բռնել» կամ «գրիչ շար­ժել», այ­սինքն՝ գրի­չը գոր­ծա­ծել, օգ­տա­գոր­ծել եւ գրի­չին կեա՛նք տալ, մէկ բա­ռով ե­թէ ար­տա­յայ­տել ու­զենք՝ գրե՛լ։ Լաւ է այս։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Աշ­խար­հը ծա­ռե­րը զար­դա­րեց:

Ծառս ու ես զի­րար կը փնտռենք.

Տէն Հաա­կի շու­կա­նե­րուն մէջ, շուա­րած ոտ­քե­րով, խե­լառ, մո­լոր աչ­քե­րով, ծառս

Էջեր