Արխիւ
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Աւանդական ուղղագրութեան մէջ «է» եւ «ե» տառերուն տարբերականութեան գլխապտոյտ պատճառող վիճակը ներկայիս։ Նիւթը շատ շօշափելի եւ մասնաւոր ըլլալով, կրնայ պատահիլ, որ խօսքս դժուար պատկերացնէք, այդ պատճառով ալ բանալի բառերու էջ մը պատրաստած եմ ու կը բաժնեմ ձեզի հետ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Փարիզը հարուածած ահաբեկչութենէն ետք, թէեւ երեւութապէս կեանքը վերադարձած է իր բնականոն հունին, սակայն մարդոց հոգիներն ու ամբողջ ներաշխարհը ցնցուած են: Խորքին մէջ մարդոց առօրեան այլեւս դժուար թէ կը վերադառնայ իր նախկին վիճակին:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ» տարեցներու տունը, որ կը գործէ Վանաձորի մէջ, կը խորհրդանշէ երէց սերունդի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներ:
ՀՕՖ-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս եզակի կառոյցը, որ միշտ առարկայ է նաեւ դաշնակահար Շահան Արծրունիի հոգածութեան:
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը՝ ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանի։ Համանուն սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը կազմակերպուած էր դպրոցի Ծնողաց միութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։
Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ պիտի սարքուի Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան աշխատակազմը, գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանի առաջնորդութեամբ։ Այս առթիւ Յովհաննէս Այվազեանին ներկայացուց «Հայկական հանրագիտարան»ի գործունէութիւնը, մասնաւորապէս անդրադառնալով վերջերս լոյս տեսած «Գրատպութիւն եւ գրքարուեստ» հանրագիտարանի հրատարակութեան, նաեւ յառաջիկայ ծրագրերուն։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլի մէջ ապրուեցաւ պայթում մը։ Պայրամփաշայի մէջ պատահեցաւ դէպքը, որու հետեւանքով մէկ հոգի վիրաւորուեցաւ։
Աֆղանիստանի խաղաղարար առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին նախարարներուն ժողովը:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Հայաստան յաջորդ տարի եւս պիտի շարունակէ «Վճռական աջակացութիւն»ը:
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը ուշագրաւ փոփոխութիւն մը կատարած է՝ նախակրթարանի չորրորդ դասարանին պարտադիր դասաւանդուող «Մարդու իրաւունքներ, քաղաքացիութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» առարկայի դասագրքին մէջ։ Տեղական մամուլին մօտ եւս արձագանգ գտած է այս փոփոխութիւնը, որու հիման վրայ մարդու իրաւուքներն ու ժողովրդավարութիւնը մանուկներուն պիտի բացատրուի թրքական, քրդական, հայկական եւ այլ ժողովուրդներու հէքեաթներուն միջոցաւ։
Էրտողան-Օպամա հանդիպումը Անգարայի դիրքը ամրապնդեց Մոսկուայի հետ լարուածութեան շրջագծով:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւս Թուրքիոյ հաւանութիւնը կ՚ակնկալեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործելու համար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, որու Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի մէջ։ Մեր ամլացած մշակութային կեանքի պայմաններով անփոխարինելի է այս կորուստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք սիրելիներ, ո՜րքան անիմաստ եւ ն՛ոյնքան անտանելի եւ յուսահատական պիտի ըլլար կեանքը՝ եթէ նպատակ մը չունենար։ Արդարեւ ամէն օր որ կ՚ապրինք, կը ծառայենք նպատակի մը՝ հոգ չէ թէ չանդրադառնանք անոր եւ անգիտակցօրէն զբաղինք մեր առօրեայ գործերով։
Մարսէյլի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր Փարիզի նախկին «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետուհի հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին արժեւորուեցան թէ՛ Արփիկ Միսաքեանի վաստակը եւ թէ «Յառաջ» օրաթերթի առաքելութիւնը։ Արդարեւ, 1925 թուականին հիմնուած եւ 2009 թուականին փակուած «Յառաջ»ը Եղեռնէն վերջ Եւրոպայի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն օրաթերթը հանդիսացած էր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով բարի կամեցողութեան դեսպան Վարդան Մելքոնեան վերջերս ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Պէյրութի մէջ:
Յայտնի երաժիշտը հանդէս եկաւ «Քազինօ տը Լիպանէ»ի երդիքին տակ եւ պարգեւատրուեցաւ Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց դիմաւորուած կարեւոր հարցերէն մին է՝ օգտակարը եւ անօգուտը, արժէքը եւ անարժէքը չկարենալ զանազանել։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ եղածը եւ որեւէ արժէք չներկայացնողը, վնասակարը չեն կրնար զանազանել, չեն անդրադառնար, թէ ո՛րը օգտակար է եւ ո՛րը վնասակար, եւ այդ իսկ պատճառով կը տուժեն շատ անգամ եւ կը վնասուին։
«Նոթոս» գրական հանդէսը Դեկտեմբեր 2015-Յունուար 2016 թուակիր, 55-րդ թիւը նուիրած է հայ գրականութեան։ Այս երկրին մէջ ապրուած մեծ ցաւերէն առաջ եւ յետոյ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ հնագոյն լեզուի մը գրականութեան ներկան, համաշխարհային գրականութեան մէջ ունեցած տեղը կը ջանայ ցոյց տալ «Նոթոս»ի այս թիւը՝ դառնալով հիմնաւոր ուղեցոյց մը բոլոր հետաքրքիրներուն համար։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ խանդավառ երեկոյթ մը:
Մեր համայնքի համակրելի մեներգիչը՝ Պարթեւ Կարեան դարձեալ վերացուց ունկնդիրները, որոնք ցնծացին իր կատարումներով:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ Պրազիլիոյ միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգը հանելու մասին համաձայնութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական կայքէջը:
Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի ղեկավարին հետ:
Էրտողան թէեւ երէկ չկրցաւ տեսակցիլ Փութինի հետ, սակայն Անգարա հետզհետէ կ՚ապահովէ միջազգային աջակցութիւնը՝ Մոսկուայի հետ առկայ ճգնաժամին շրջագծով: