Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Լա­ւա­գոյն մար­զա­կան ըն­տա­նիք-2015» մրցոյ­թին։ Ծաղ­կա­ձո­րի ո­ղիմ­պիա­կան գլխա­ւոր մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս ան հե­տե­ւե­ցաւ մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մրցում­նե­րուն եւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Թուր­քիա, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­զա­խիս­տան եւ Խրղը­զիս­տան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են միաս­նա­կան հե­ռուս­տաա­լիք մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս չորս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է թրքե­րէն միաս­նա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին հա­մա­տեղ դրա­մա­տուն մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը ար­դէն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են այս նիւ­թին շուրջ։ Նոր ստեղ­ծուե­լիք դրա­մա­տան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը պի­տի գտնուին Պա­քուի եւ Թեհ­րա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դի ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդի­րը։ Այս առ­թիւ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ շփման գծին եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան պե­տա­կան սահ­մա­նին եր­կայն­քով վեր­ջին շրջա­նին ի­րա­վի­ճա­կի սրման։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 69-րդ նս­տաշր­ջա­նի 103-րդ լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օր» խո­րագ­րեալ բա­նա­ձե­ւը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Պա­քու։ Եր­կօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ժամանեց Տուշանպէ, այսօր կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին:
Հայաստանի լրատուամիջոցները միշտ կը քննարկեն այս դաշինքին վստահելիութիւնը՝ երկրի ենթարկուած յարձակումներուն լոյսին տակ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Շիշլիի քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ՝ աջակցելու մեր համայնքային կառոյցներուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն եւ Վազգէն Պարընը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ ե­րէկ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Տա­րուան այս վեր­ջին մե­ռե­լո­ցին օ­րով տե­ղի ու­նե­ցած հո­գե­հանգս­տեան կար­գին հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եզակի ու մեծահանդէս արարողութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Վարագայ Խաչի տօնի օրուան:
Սուրբ Իւղին աւանդական ուժը հաւատացեալներուն պարգեւած մխիթարութիւնով կը բիւրեղանայ ու կ՚առթէ կենսունակութիւն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի բա­րե­կամ­նե՜ր, բնաւ խոր­հա՞ծ էք, մար­դուս հա­մար կա­րե­լի՞ է ա­մէն պա­րա­գա­յի, ա­մէն նե­ղու­թեան մէջ զուարթ ըլ­լալ, գո­նէ վատ տրա­մադ­րու­թեան չմատ­նուիլ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի­ներ, բայց կար­ծեմ կա­րե­լի չէ՛ չազ­դուիլ, չտպա­ւո­րուիլ մի­ջա­վայ­րէն, մա­նա­ւանդ ուղ­ղա­ղի ի­րենց դէմ­կա­տա­րուած հո­գե­կան, բա­րո­յա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րէն՝ ո­րոնք կը խան­գա­րեն, տակ­նուվ­րայ կ՚ը­նեն մար­դուս ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը, տրա­մադ­րու­թիւ­նը…։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ու­սում, կրթու­թիւն եւ կամ գի­տու­թիւն ստա­նա­լը է՛ եւ կը մնայ մեր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Ուս­տի, ի՛նչ ալ ըլ­լան իբ­րեւ գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ մեր կեան­քը հու­նա­ւո­րող միւս ար­ժէք­նե­րը, որ­քան որ ա­նոնք բար­դա­նան, ար­դիա­կա­նա­նան եւ այժ­մէա­կա­նա­նան. վե­րեւ նշուած­նե­րը էա­կան են եւ կը մնան մեր բո­լո­րի կեան­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տե­րը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ օժ­տուած են զա­նա­զան շնորհ­նե­րով, տա­ղանդ­նե­րով ու ձիր­քե­րով։ Ար­դա­րեւ, իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի ըն­դու­նած տա­ղան­դը տար­բեր է, ո՛ր մէ­կուն քիչ, ո՛ր մէ­կուն շատ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Տա­ճի­կիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Տու­շան­պէ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ դէ­պի Եւ­րո­պա գաղ­թա­կա­նաց հոս­քին մա­սին։ Ան­ցեա­լի մէջ նա­խա­րա­րի պաշ­տօն ալ վա­րած Տէ­վէ­ճեան Գեր­մա­նիոյ դիր­քո­րոշ­ման անդ­րա­դառ­նա­լով ը­սաւ. «Ա­ռին մեր հրեա­նե­րը ու մե­զի տուին ա­րաբ­նե­րը»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան, ցաւ յա­ռա­ջաց­նե­լով ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Շըր­նա­քի եւ Տիար­պա­քը­րի մէջ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ե­րեք ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

Լաս Վե­կա­սի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ըմբ­շա­մար­տի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան մաս­նակ­ցած Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։ Յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի մէջ աշ­խար­հի ա­խո­յեան դար­ձած եւ այդ կո­չու­մը ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ նուա­ճած Ար­թուր Ա­լէք­սա­նեա­նին հա­մար յաղ­թա­կան վե­րա­դարձ մըն էր այս մէ­կը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

ԱՔ կուսակցութեան 5-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին:
Ահմէտ Տավուտօղլու միաձայնութեամբ կուսակցապետ վերընտրուեցաւ՝ ընտրութեան սեմին:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­ր Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի կար­ծի­քով՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) վտան­գը սպառ­նա­լիք է ո՛չ միայն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն, այլ նաեւ՝ հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար: Նա­խա­րա­րը նման կար­ծիք յայտ­նած է Ե­րե­ւա­նի մեր աշ­խա­տա­կից Սա­գօ Ա­րեա­նին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին հա­մար տրուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազրոյ­ցին ըն­թաց­քին:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015

ՆԱԹՕ-ի Զինուորական կոմիտէի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն տարեկան հաւաքը:
Զօրավար Հուլուսի Աքար. «ՓՔՔ կը սպառնայ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան»:

Էջեր