Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անասելի վիթխարի տարբերութիւն կայ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններուն միջեւ պոլսահայոց ու հայաստանցիներու շրջանակին: Նախ Հայաստան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայոց պետականութեան վերականգնումը Մխիթարեան հայրերուն երազանքներէն մէկն էր: Այսօր, երբ խռովայոյզ օրեր կ՚ապրի Հայաստանը եւ կրկին ամէն կողմէ հարուածներ կը կրէ մեր պետականութիւնը, հայեացքով կը դառնանք դէպի անցեալ, կը յիշենք այն երազները, որոնք ունեցած են ազգին մեծերը եւ իրենց ողջ կեանքը նուիրած՝ հայ ժողովուրդին հոգեւմտաւոր վերածնունդին, հաւատալով, որ այդ մէկը կը կերտէ ամուր պետականութիւն եւ ուժեղ հայրենիք:
Վարչական շէնքը պիտի մէկտեղէ զանազան կառոյցներ՝ նպաստելով աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան կազմակերպման:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի ազնիւ նուիրատուութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ոչ, պատուէրով պիտի չգրենք։ Հակառակը, պիտի խարազանենք բոլոր անոնց, որոնք պատուէրով գրել կը փորձեն։
Գիտէք պատուէրով գրելը կը նմանի մէկու մը, որ բեմ կ՚ելլէ եւ առանց համոզուած ըլլալու, կամ նոյնիսկ իմանալով ու նախազգալով, որ իր ներկայացուցած թեզը սխալ եւ թերի է, սակայն կը շարունակէ նոյն լարով «չալել»։ Իսկ բեմին շուրջ հաւաքուածներէն շատեր, որոնք հոն հասած են նոր խօսք լսելու պարզապէս սրահը չլքելու համար կը շարունակեն բեմբասացի ըսածները հալած իւղի պէս կլլել
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտի զանգին հնչումը ազդարարեց 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբը։ Վերամուտի օրը դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը սկսաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Վերամուտը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի աշակերտներն ու կրթական մշակները դպրոցի երդիքին տակ զիրար վերագտնեն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց քաղաքիս Անգլիական պալատը։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Իսթանպուլի մօտ Անգլիոյ հիւպատոսի տեղակալ Քէյթ Կրինիի կողմէ։
Էրտողան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթին եւ ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովի նստաշրջանին կը մասնակցի:
Նախագահը այս երկու կարեւոր հարթակներուն վրայ յառաջ կը քշէ Անգարայի առաջնահերթութիւնները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մինչեւ հիմա մենք ծաղիկին բնական ընթացքը կը նկարագրէինք եւ այն ձեւը, որ ամենէն շատ կը պատահի, բայց այս հիւանդութիւնը զանազան ձեւեր կ՚ընդունի: Նախ եւ առաջ պէտք է գիտնալ, որ հիւանդութիւնը երբեմն ուղղակի սկիզբը կանգ կ՚առնէ, այնպէս որ ժամանակէն առաջ, մինչեւ իսկական ծաղկացանին դուրս տալը, կը վերջանայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի սահմաններուն եւ առաջնագծին վրայ առկայ իրավիճակին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները իսկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի բանակէն 105 զինուոր նահատակուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլօմեթր բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ, արժէք մը գնահատելու ժամանակ, որպէս չափանիշ կ՚ունենան «քանակ»ը, եւ ո՛չ թէ՝ «որակ»ը։ Այս իմաստով եթէ բան մը շա՛տ է, արժէք կը ստանայ, առանց նայելու անոր որակին, անոր իսկական արժէքին։ Մարդ կը փափաքի, զոր օրինակ, «շատ» պտուղ ունենալ, փոխանակ քիչ բայց «լա՛ւ» պտուղ ունենալու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմագիրներ կը վկայեն, թէ այն շրջանին, մոնկոլները աշխարհի ամենէն տարածուած եւ ուժեղ կայսրութիւնը կը կազմէին։ Իրենց առաջին պետերէն՝ Ճենկիզ խանի հրամանատարութեան տակ, անոնք սարսափ սփռած էին Չինաստանէն մինչեւ Ռուսաստան եւ Պարսկաստան եւ գրաւելու վրայ էին դեռ Մերձաւոր Արեւելքը՝ մինչեւ Միջերկրական։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հին ժամանակ գրուած ու հրատարակուած յօդուած մը դարձեալ հրատարակել ինչքանով ճիշդ կամ սխալ է՝ չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ կան գրութիւններ ու յօդուածներ, որ ամէն հայ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ պարտի կարդալ, դասեր քաղելու, շատ մը բաներ աւելիով արժեւորելու եւ իր հայկականութեան մէջ զօրանալու միտումով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ պիտի ըլլայ չարագործներուն աւարտը:
Պատասխան. Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Յառաջիկային ձմեռ է: Եւրոպան կը մսի: Ռուսական կազը այլեւս պիտի չտաքցնէ այլասերուածութեան կեդրոնը: Եւրոպայի յոյսը Ատրպէյճանն է, ատրպէյճանական կազը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը ամբողջ դպրոցը համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերամուտը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ 2022-2023 կրթական շրջանի բացման փուլի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։
Գարակէօզեան Տան մէջ վերամուտը ապահովեց աշակերտներու եւ կրթական մշակներու վերստին համախմբումը։ 2022-23 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց մեծ ոգեւորութեամբ։ Գարակէօզեանի ընտանիքին վարիչներն ալ ներկայ էին առաջին օրուան հանդիսութեան։
«Müze Gazhane»ի մէջ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ ի յիշատակ անմոռանալի ու վաստակաշատ վարպետին:
Նշան Եաղուպեան մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ասուլիսով մը վերյիշուեցաւ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ: