Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մեթիու Պրայզա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեթիու Պրայզա փոխ-նախարար ըլլալէ առաջ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու սեմին դիրքերու յստակացում:
Նախագահ Էրտողան եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Պահչելի վերջին հաշուով տրամադրուած՝ համագործակցութեան ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

«Համազգային»ի կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէնը կ՚այցելէ Իսթանպուլ:
Արին Գալուստեան կրթական մշակներու հետ շփումներ ունեցաւ՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կազմակերպութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Սիրոյ սեղանի ընդառաջ խնամակալութիւնը կ՚անդրադառնայ Գալֆաեանի ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարին:
Հաստատութեան անցեալի ընդարձակ տարածքներէն մէկուն պարագային կը շարունակուի դատական գործընթաց մը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առատաձեռնութիւն»ը բնութեան եզական յատկանի՛շն է։ Ամէն ինչ ունի ան իր անծայրածիր, համատարած «ամբարանոց»ներուն մէջ, եւ ամէն ինչ կու տայ անսահման առատաձեռնութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի յոբելենական է հայ մամուլին համար: Մինչ շաբաթներ առաջ կը նշուէր «Բազմավէպ»ի 175-ամեակը, հայագիտական եւ աստուածաբանական հանրութիւնը կը պատրաստուի ուրիշ յոբելեանի մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հրատարակուած առաջին պարբերականին՝ «Արարատ» հանդէսի հիմնադրման 150-ամեակին: Այդ առիթով յառաջիկայ դեկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գիտաժողով մը նախատեսուած է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ, «Մայր Աթոռի գիտական հսկան» խորագրով:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Առաջին այցելութեան վառ յուշերով կը մտածեմ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս այս երկրորդ այցելութեան գաղափարը յղացաւ իմ ազգականներէն Արմէն Սարուխանեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Լոնտոնի մէջ։ Ան թէեւ ամէն ինչ հունի մէջ դրած էր, սակայն, հակառակ մեր բոլոր ծրագիրներու, չէր կրցած ենթադրել, որ իմ կեցութեան օրերուն ակամայ պիտի բացակայէր Լոնտոնէն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Որովհետեւ Քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն»:
Տէրունական աղօթքի վերջին նախադասութիւնը, որով մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի վկայել այն ճշմարտութեան մասին, որով կը յայտարարենք, թէ Արքայութիւնը, զօրութիւնն ու փառքը Աստուծոյ կը պատկանին: Արքայութիւնը՝ որպէս Արքայի ու Թագաւորի:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ առիթը ունեցա՞ծ էք խորհելու, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, թէ ո՜րքան անհիմն նեղութիւններ ստեղծած եւ մենք զմեզ տանջած ենք եւ հոգեկան ի՜նչ ցաւերու ենթարկուած՝ բոլորովին պարապ, աննշան եւ մտացածին, երեւակայական վախերու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն մարդ կ՚ուզէ խաղաղ, անվտանգ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ հեռու կեանք մը ապրիլ։ Այս, որքան բնական բաղձանք մըն է մարդուս համար, նո՛յնքան անկարելի, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛ երբեք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, որ յաճախ կը կրկնենք. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար  Մայք Փոմփէոյի հետ։ Նախարար Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

Թէ՛ նախկին պոլսահայեր եւ թէ անգլիահայ գործիչներ մասնակցեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրի ասուլիսներուն։
Արա Գօչունեան պատասխանեց՝ համայնքային կեանքին ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցումներու։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յատկանշական հաւաքոյթներ՝ հայ մամլոյ նահապետի տարեդարձին առթիւ:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ թերթիս ծաւալած գործունէութեան եւ որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ճեպընթացի մէջ եմ. Լոնտոնէն տակաւին նոր հրաժեշտ առած՝ կը մտածեմ կեցութեան օրերու թարմ տպաւորութիւններուն մասին։ «357 քիլօմեթր/ժամ. արագութեան մրցանիշ մը մեր ուղղութեան վրայ», աչքիս կը զարնէ պահ մը պաստառէն՝ Eurostar-ի յարմարաւէտ բազկաթոռին վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

​Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Շիշլիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս կառուցուած խաղավայրի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ քաղաքապետարանէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս առթիւ այցելեցին Մէրամէթճեան վարժարան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ…։ Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը Աստուած պիտի կազդուրէ, զօրացնէ ձեզ…» (Ա. Պտ 5.8-10)։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Շուտով՝ նոյեմբերի 24-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի նշուի կրթական մշակներու՝ ուսուցչաց տօնը։ Հայաստանի եւ աշխարհի շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ կրթական մշակներու օրը կը նշուի հոկտեմբերի 5-ին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ընդունուած որոշման մը համաձայն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

3000 հայաստանցիներ եւ... 1500 սուրիահայեր…
Հայութեան հաւաքական հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս կան այնպիսի նիւթեր, որոնք կը համարուին «թապու». օրինակ՝ Եւրոպա ապրող եւ «մի կերպ» գոյատեւող հայ փախստականներու հարցը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018

«Թրքական հոսք» խողովակաշարի ծովու յատակի բաժնի շինարարական աշխատանքները աւարտեցան:
Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան արդիւնքները ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կը պայմանաւորեն ամբողջ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները: Իսթանպուլի երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փութին միասնաբար կարեւոր պատգամներ փոխանցեցին միջազգային հանրութեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հան-դիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Էջեր