Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Մօտաւոր անցեալի դարադարձի շրջանին սփիւռքի զանազան առանցքային կեդրոններուն մէջ նշուած էր թերթիս յոբելեանը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Թաքսիմ մարզակումբի ամառնային աւանդական ընթրիքը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Այս ճաշկերոյթին մթնոլորտը պայմանաւորուեցաւ Թաքսիմի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Մե­ծա­յարգ
Տիար Ա­րա Գօ­չու­նեան
Խմբագ­րա­պետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի
Իս­թան­պուլ, Թուր­քիա

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Մա­մուլ խմբագ­րել ու հրա­տա­րա­կե­լը, մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն, ա­ւե­լի քան հե­րո­սու­թիւն է, մէկ կող­մէն՝ զայն կեն­դա­նի պա­հե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ, միւս կող­մէն՝ զայն նկա­տե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի խօ­սա­փող։
Ա­մե­նուր տե­րե­ւա­թափ մը կայ գրա­ւոր կամ տպա­գիր խօս­քին նկատ­մամբ։ Նա­հան­ջը ակ­նե­րեւ է, թէ՛ գրիչ­նե­րու, թէ՛ ըն­թեր­ցող­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին ապահովման՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է վստահութիւնը Նախախնամութեան նկատմամբ։ Մարդուն վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ շատ բնական է, քանի որ արարչագործութենէն ետք, Արարիչը՝ Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքն իր գլխուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

«Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն մըն է, սակայն, մամուլը անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ։ Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ղեկավարութիւնը շատ ջերմ վերաբերմունքով ողջունեց թերթիս 110-ամեայ տարեդարձը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը փայլուն անցաւ:
Ժամանակ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ տարեդարձի շրջանի նշանակութիւնը:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով՝ 1908-էն ի վեր հայ մամլոյ նահապետը հաւատարմաբար կը պահէ իր օրական ժամադրութիւնը եւ ան մնացած է՝ որպէս ժամանակներու արձանագրութիւնը:

 

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանէն ներս աւարտին հասան Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան հարցին շուրջ, զինքը ազատ արձակելու պահանջով կատարուած դիմումին քննարկումները։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին կէ­սին ան­գամ մը եւս կը պատ­րաս­տուինք մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով մե­ծա­րել Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծի­նը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներս կը միա­նանք Ս. Կոյ­սի կեան­քի խոր­հուր­դին եւ կը փոր­ձենք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նալ «Աս­տուա­ծա­ծին» կո­չու­մի իւ­րա­յա­տուկ ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանին՝ «Շարակնոց»ի սրբասուն հեղինակները շատ գեղեցիկ բառերով բնութագրած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անձը, գեղեցիկ ածականներով զարդարելով Իր օրինակելի կենցաղի գեղեցկութիւնը։ Սրբազան շարականագիրներու առընթեր Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն աղօթողը՝ Նարեկայ վանքի աննման վարդապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւս գործածած սքանչելի ածականներով գեղակերտած է յուշակոթող մը, որ այսօր եւս կը սքանչացնէ ընթերցող հաւատացեալները։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Այս կի­րա­կի, մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ ներս պի­տի տօ­նուի հինգ տա­ղա­ւար­նե­րու չոր­րոր­դը՝ Ս. Կոյս Մա­րիա­մի Վե­րա­փո­խու­մը, եր­կինք փո­խադ­րուի­լը։­
Ով՞ է Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծին եւ ուր­կէ՞ կը ճանչ­նանք զինք։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որով սկիզբ առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան յայտնեց, որ այս նախագիծը ստեղծուած է նախարարութեան կողմէ անցեալի մէջ յառաջ տարուած «Արի տուն» եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագրերու համատեղումով։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Աստուածածնի երկրաւոր կեանքի վախճանը «ննջո՛ւմ» եւ ո՛չ թէ «մահ» բառով կ՚անուանուի՝ հասկնալի դարձնելու համար անոր երկինք փոխադրուած ըլլալու իրականութիւնը։ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է եւ կը տօնուի օգոստոս 15-ի մօտակայ, այսինքն՝ օգոստոս 12-էն օգոստոս 18-ի հանդիպող կիրակի օրը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի անցնելու փորձերը վերջին շրջանին խտացած են էապէս։ News.am կայքէջի հաղորդումներով, սահմանի Հայաստանի Արտաշատ քաղաքի հատուածին մէջ վերջին կէս տարուան ընթացքին աւելի քան մէկ տասնեակ սահմանախախտներ ձերբակալուած են։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւններուն բանակցութիւնները եզրափակուեցան:
Ուաշինկթըն Անգարայի հետ հարցերու լուծումը Պրանսընի վերադարձէն կախեալ կը համարէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ շաբաթ բանակցութիւններ պիտի վարեն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական լրահոսին հետեւողներ՝ վերջին շրջաններուն պիտի նկատէին, որ մէկէ աւելի ելեկտրոնային կայքերու վրայ տեղեկութիւններ հրապարակուած են Եւրոպայի տարածքին գործող կարգ մը յանցախումբերու մասին, որոնց հիմնական գործը զեղծարարական աշխատանքներով զբաղիլն է։ Խօսքը յատկապէս կեդրոնական Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին է, որոնց արդիւնքով ալ յստակ կը դառնար, որ այդ յանցախումբերուն գործունէութիւնը յար եւ նման է մաֆիաներու գործունէութեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի «Իսթանպուլահայերը» գիրքին շնորհանդէսը։ Սոյն ալպոմին մէջ տեղ գտած են Մուրատ Էզէրի ոսպնեակին որսացած աւելի քան հարիւր դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն իսթանպուլահայ կեանքի զանազան երեսակները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018

Երէկ երեկոյեան, «Արփի» թատերախումբը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» խաղը, որու թատրերգութեան հեղինակն է անմահ երգիծաբան Երուանդ Օտեան։

Էջեր