Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«Շա­հան Արծ­րու­նին օրհ­նուած է այն­պի­սի կեն­սա­յորդ եւ բա­ցա­ռիկ նե­րու­ժով մը, ո­րուն շնոր­հիւ իր աշ­խա­տե­լա­ձեւն ու վար­քը պա­տիւ կը բե­րէ ո՛չ միայն իր ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ­րե­նի­քին, այլ եւ մեր մաս­նա­գի­տու­թեան, եւ բնա­կա­նա­բար ի՛ր իսկ ան­ձին՝ Շա­հան Արծ­րու­նիին»:  Վիք­թոր Պոր­կա

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Ուաշինկթընի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերու շարքին տերեւաթափը կը շարունակուի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ որոշեց վերջ տալ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Պարպիքըն հոլ»ի երդիքին տակ։ Համերգասրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ներկայ երաժշտասէրներու շարքին կային բազմաթիւ հայեր, որոնք եկած էին ողջունելու Արա Մալիքեանը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին պաշտօնական այցը՝ դէպի Շուէտ:
Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սթոքհոլմի մէջ, ուր զրուցեց նաեւ վերլուծաբաններու հետ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն ներս նախատեսուած է իր մասնակցութեամբ հաւաքոյթ մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործելու վրայ են Աֆրին քաղաքի կեդրոնը. բնակիչները կը տարհանուին:
Էրտողանի խօսքերով՝ Սուրիոյ հիւսիսին միեւնոյն ժամանակ կ՚երաշխաւորուի տարածքաշրջանի ժողովուրդի ապագան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի ծուխէն ներս գայթակղութիւն:
Կողոպտեալ հովուատունին մէջ ջնջուած են Տ. Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանի վերաբերեալ բոլոր հետքերը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կոմիտաս Վարդապետ ի ծնէ օժտուած էր գեղեցիկ ձայնով, կ՚երգէր գիտակից ապրումով, խորունկ, ոգեշունչ, եւ խոհական, որովհետեւ շատ լաւ ծանօթ էր երգարուեստի ոգիին եւ գաղտնիքներուն, մեր երգերու ներքին բնոյթին եւ ինքնատիպ ոճին։ Ահա թէ ինք ինչպէ՛ս կը հասկնայ եւ կը բացատրէ երգելու արուեստը. «Երգի մը խօսքերը՝ մտքի իսկ ձայնը՝ զգացումի արտայայտութիւններն են։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յառաջիկայ Մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի ազդե՞ն լիբանանահայ համայնքին վրայ: Կամ եթէ աւելի ճիշդ ձեւակերպենք, ինչո՞վ կրնան ազդել այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները գաղութի մը վրայ, որ այսօր ալ կը համարուի Միջին Արեւելքի ամենէն կուռ ներկայացուցիչը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էակը միակ արարածն է, որ ունի ապագայի գաղափարը։ Ապագայի գաղափար ունենալ, կը նշանակէ ակնկալութիւններ ունենալ յառաջիկայի մասին, ծրագիրներ՝ որոնք պիտի իրականացնեն զանոնք, եւ ակնկալութիւնները պիտի ըլլան իրականութիւն, այսինքն գաղափարը, մտածումը պիտի վերածուի կեա՛նքի։ Բայց մարդուն համար չի բաւեր ապագային մասին գաղափար ունենալ, ծրագրել իր ակնկալութիւնները՝ նոյնիսկ անոնք իրականանան, միշտ անկատար պիտի մնան, միշտ թերութիւն մը պիտի զգացուի, երբ պակսի հոն բարոյական կեանքը։ Մարդ պիտի չգոհանայ իր ակնկալածին եւ ծրագրածին մասամբ իրականացումովը։

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

Հայաստան եւ Լիբանան ամուր քաղաքական կամքով կ՚որոնեն տնտեսական գործակցութեան զարգացում:
Դէպի Պէյրութ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ: Ջերմ հիւրընկալութիւն Անթիլիասի մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Ըստ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի, Նիսի մէջ հովուատան կողոպուտի ետին կանգնած են այն ուժերը, որոնք հաշտութեան համաձայն չեն: Ֆրանսական դատական իշխանութիւններու վճիռը կրնայ յստակացնել առկայ փուլին հարցականները:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

Փոքրիկներու մանկութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն տիկնիկները: Թէ՛ աղջիկ, թէ՛ տղայ երեխաները անոնց միջոցով կը սորվին խնամել, սիրել, պատժել, հոգ տանիլ: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը կը ներկայացնէ զրոյց մը «Նանի-Զանի» տիկնիկներու հեղինակ Արմինէ Ապաճեանի հետ:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխարհէն ներս եզակի յոբելեան մը կամ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու արդի դարուն մէջ արդէն աւանդութիւններ:
Tert.am յոբելեար կայքէջի խմբագրութեան ղեկավար Արամ Անտինեան վաղուան տօնական հանդիսութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արեւելեան Կութայի պատերզամը կը շարունակուի: Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի շուրջ 400 հազար խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոն համարուող այդ քաղաքը դարձած էր սպառնալիք եւ տարբեր առիթներով յատկապէս «Հաուն» տիպի հրթիռներով տասնեակ քաղաքացիներ զոհ կը դառնային՝ տարբեր անուններ կրող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներուն:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կեա՛նքի մասին է խօսքը, ընդհանրապէս կը մտաբերենք սա ճշմարտութիւնը, թէ՝ կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է։ Մարդ, շատ անգամ տարուած կեանքի զբաղումներէ, կարծես չի՛ հասկնար կամ հասկնալ չ՚ուզեր, թէ ի՛նչպէս կ՚անտեսուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, հոգեկան պայքարներու մէջէն անցնելով՝ մահուան վտանգներու դիմագրաւելը, ծանր հոգերու եւ պատասխանատուութիւններու ներքեւ գիշեր եւ ցերեկ ոգորիլը, չարչարուիլը եւ մաքառիլը։

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018

Ատրպէյճան 2012-էն ի վեր առաջին կարգի վրայ է Վրաստանի մէջ ներդրում կատարած երկիրներու շարքին:
Ըստ Ալիեւի, Պաքու-Թիֆլիզ գործընկերութեան բնոյթը տարածքաշրջանայինէն կը փոխուի դէպի համաշխարհային:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

Forbes Club-ի քննարկման ընթացքին ձեռնարկատէր Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է շարք մը հարցերու՝ սկսեալ հայկական մշակոյթէն եւ ընտանեկան փողերը ժառանգելէն, մինչեւ Ռուսաստանի ֆոնտային շուկայի մէջ իրավիճակի կանխատեսումէն:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

Հայրենիքը հողն է, քաղաքը, գիւղը, տունը, լեզուն, մշակոյթը, մարդը… Ապրելով իր հողէն հեռու, մարդը կրնայ ունենալ ազգային ձգտումներ՝ ընտրելով գրիչը, բեմը կամ վրձինը…

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուեցան։ Վարժարանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան 13 միջնակարգերէ 39 աշակերտներ։

Էջեր