Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Նոր գիրք մը ունենալը աշխարհի ամենէն լաւ զգացումներէն մէկն է, քանի որ ընթերցողին յոյս կը ներշնչէ, թէ՝ ան նոր աշխարհ մը պիտի ճամբորդէ գիրքի էջերուն ընդմէջէն: Գիրքին բովանդակութիւնը` իր կարգին, բայց գիրքը ինքնին` կողքիը, կողքի նկարը, էջերուն որակը, էջադրումը, տառատեսակը՝  ամբողջութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին գիրքի ընծայելիք փորձառութեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930) առանց փառասէր ըլլալու, համազգային առումով եղաւ ամենէն առաջ իմաստուն, ողջմիտ եւ մանաւանդ գործնական հայորդին իր լիաբուռն առաքինութիւններով, զորս անվարան գործի վերածեց ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոսկեայ շրջանակին մէջ, պայքարելով աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Որպէս հիմնադիրը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 110 տարիներ առաջ, Պօղոս Նուպար կը մնայ «երկնի անթիւ աստղերէն մե՛րը միայն»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական եւ միջազգային մամուլը, կայքէջերը եւ թապլոիտները ողողուած են հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղին, անգլիական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի կիսապաշտպան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեանի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Խոսէ Մորինիոյի՝ վերջին շրջանին խիստ արտայայտուած յարաբերութիւններուն նիւթերով եւ մեկնաբանութիւններով:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եթէ սիրէինք զԱստուած ա՛յնքան՝ որքան Ան մեզ կը սիրէ եւ սիրոյ ապացոյցները կու տայ յաճախ, ամէն առիթով, այն ատեն մեր մտածումներուն մէջ՝ միշտ մեզի հետ, միշտ ներկայութիւնը պիտի վայելէինք եւ մանաւանդ Իր էութեան պիտի անդրադառնայինք մեր ամբողջ կեանքին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհնութեան:
Համայնքային շրջանակները անվերապահօրէն կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի կարեւոր ու կենսական առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական իրականութենէն ներս:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Զիս պի­տի փնտռէք եւ պի­տի գտնէք, երբ ձեր բո­լոր սրտո­վը փնտռէք զԻս» (Ե­ՐԵՄ. ԻԹ 13)։­
Ար­դա­րեւ, այն որ գի­տէ «փնտռել»՝ կը գտնէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդակցեցաւ բնագաւառի յառաջատար ներկայացուցիչներուն հետ:
Տեղեկատուութեան ու հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի մասնագիտական ընկերակցութիւն եւ ցանց:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Տարեմուտին պիտի շարունակուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ քննարկումները:
Միջնորդները յուսադրուած են Նալպանտեան-Մամետեարով երկխօսութեան տեւականացումով:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը երէկ ուշ գիշերին ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասաւ «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Թուրքիա-Հայաստան առկայ անհաղորդ կացութեան մէջ կը փոխանակուին ծանր յայտարարութիւններ:
Անգարա եւ Երեւան կը փոխանակեն մեղադրանքներ, որոնք կը ծնին հարեւաններու հակադիր քաղաքականութիւններէն:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Տարուան վերջին օրը նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, իբր այդ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Թոքիոյի համալսարանէն խումբ մը ճաբոնցի մասնագէտներ ստեղծած են ապակի, որ, եթէ զայն կոտրեն, կրնայ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին վերականգնել իր կառուցուածքը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին իր ընկերներուն փողով լեցուն փոքրիկ տոպրակներ բաժնած է որպէս շնորհակալութիւն բարեկամութեան համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Կեանքի 77-րդ տարիին մահացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գրականագէտ Ֆելիքս Մելոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան կեանքէն հեռացած է երկարատեւ հիւանդութեան պատճառաւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան ժողովը:
Նալպանտեան Քիեւի մէջ ներկայացուց հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի ռազմականացումը սպառնալիք կրնայ հանդիսանալ ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան պահպանման համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ:
Հայկական համացանցային համալսարանի առանցքին շուրջ յառաջ կը տարուին նոր ու կարեւոր  նախաձեռնութիւններ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017

Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յառաջիկայ տարի բանակցութիւններ կրնան սկսիլ վիզաներու ջնջման համար:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց՝ նախագահ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:

Էջեր