Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, ամենօրեայ աշխարհային զբաղումներու ընթացքին կ՚անտեսեն բարոյականութիւնը եւ մանաւա՛նդ խիղճը։ Արդարեւ, ցաւով պէտք է ընդունիլ, թէ կան մարդիկ՝ որոնք նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց օրինաւոր կը նկատեն եւ երբեմն ապօրէն ճամբաներով կը փորձեն յաջողութիւն ձեռք ձգել եւ շահիլ, եւ շահածը երբեք չկորսնցնե՛լ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դիմատետրը կը թերթէի, երբ համակարգիչիս պաստառին վրայ յայտնուեցաւ հայրենի գրող՝ Վարդգէս Պետրոսեանէն միտք մը, որ կ՚ըսէր՝ «Ամենակարեւոր բաները մեզ չսովորեցրեցին: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կսովորէինք, յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրինապահութիւնը՝ ազատօրէն գործելու, խորհուրդները իրագործելու կամ զսպելու, չափաւորելու եւ եթէ պէտք է՝ չիրականացնելու ուղեցոյց մը՝ բացատրագիր մըն է։ Արդարեւ, օրէնքը երբեք արգելք մը չէ՛ ազատօրէն շարժելու, այլ եւ մանաւանդ՝ լաւագոյն եւ արդիւնաբեր կերպով գործելու, կարելի չափով անսխալ շարժելու եւ կարգապահութեան մէջ խաղաղ ապրելու միջոց մըն է։
Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ յաջողութեամբ կը շարունակուի համագործակցութիւնը ռազմական գետնի վրայ։ Փաքիստանի նախկին վարչապետ Շավքաթ Ազիզ ատրպէյճանական կայքէջի մը տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ այս համագործակցութեան։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը պատրաստուի համերգներով հանդէս գալ Ճաբոնի մէջ։ 93 տարեկան առասպելական վարպետը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ բեմական աշխոյժ կեանքով։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի շփումները աւարտելէ վերջ Բակօ Սահակեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ անցաւ Լիբանան։
Ֆրանսախօսութեան միջ. կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողով:
Քաղաքական հարցերով յանձնաժողովը ժողով մը գումարեց Հայաստանի խորհրդարանի երդիքին տակ:
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հիւրընկալեց Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութրոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն մէջ աննախընթաց աշխուժութիւն:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տունէն ներս հիւրընկալեց գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանը:
Հանրապետութեան նախագահը Աֆրինի հարցին շուրջ խիստ ձեւով հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն դէմ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Ո՞ւր էիք՝ երբ մենք կը փոխանցէինք մեր մտահոգութիւնները։ Մենք փափաքեցանք ձեզմէ զէնք գնել, մեզի չտուիք, ապա մեզմէ զլացուած այդ զէնքերը անվճար տրամադրեցիք ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Հիմա այդ զինամթերքը կամաց-կամաց կ՚անցնի մեր ձեռքը»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան ուղարկուած եւ թերթիս երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած հերքում-լուսաբանութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Բնականաբար, երկար ժամանակէ ի վեր թերթիս կողմէ կատարուած քննադատական շեշտով հաղորդումներէն վերջ պատրիարքը ի վերջոյ պիտի արձագանգէր։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ընդհանուր իմաստով՝ կը նշանակէ դաշինք, համաձայնութիւն, պարտաւորութիւն։ Մասնաւոր իմաստով կը գործածուի՝ նշելու համար այն կապը, որ Աստուած կը հաստատէ.
1.- Ըլլա՛յ համայն մարդկութեան հետ, Նոյի անձին ընդմէջէն (Հմմտ. Ծն 9.9-17)։
2.- Ըլլա՛յ անձի մը հետ, ինչպէս Աբրահամի (Հմմտ. Ծն 15.18) կամ Դաւիթի հետ (Հմմտ. Սղ 89.4-5)։
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Այս շաբաթ մտային կարիքներս գոհացնող յօդուած կարդացած չէի, ուստի խոր անբաւարարութեան զգացումով ալ անցընելու վրայ էի օրերս: Չեմ ըսեր, անշուշտ, թէ չկար նման յօդուած, այլ պարզապէս ինծի չէր հանդիպած այդպիսին:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Ոմանք» խումբի իրերայաջորդ համերգներով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ներկայացուցիչներէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։
Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վաստակաւոր լրագրող Կարպիս Քեշիշօղլուի ի պատիւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման պին Ապտիւլազիզ իշխանը կը պատրաստուի Միացեալ Նահագներ այցելել: Ուշագրաւը այն է, որ նախօրօք տրուած լրատուութեան համաձայն, Ուաշինկթըն տրուելիք այցի շրջանակներուն մէջ կը սպասուէր, որ Սելման թագաւորը ըլլար սէուտական պատուիրակութիւնը գլխաւորողը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկարչութեան աշխարհի հնագոյն թանգարանի՝ Նիւ Եորքի Ճորճ Իսթմընի թանգարանին մէջ, ի թիւս բազում հազուագիւտ լուսանկարներու եւ իրերու, կը պահպանուի նաեւ լուսանկարչական ժապաւէնի փաթոյթ մը, որ իր պատմութեամբ եզակի է, եւ որուն 36 քատրերուն վրայ նաեւ պոլսահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին դիմանկարը կայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ իրական իմաստով «ընկեր» ունենալ շատ դժուար է, քանի որ «բարեկամ-ընկեր»ը հազուագիւտ է։ Ի՞նչ է բարեկամութեան հիմը։ Անշուշտ, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն, որոնք սիրոյ պտուղներն են. եթէ սէր կայ, հոն կա՛յ նաեւ՝ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն։
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը: